«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ երէկ Արդարադատութեան միջազգային դատարանը հրապարակեց Լաչինի միջանցքի ապաշրջափակման վերաբերեալ ժամանակաւոր միջոց կիրարկելու Հայաստանի պահանջի մասին որոշումը: Այսպիսով` դատարանը կ՛եզրակացնէ, որ Ազրպէյճանը պարտաւոր է իր` հռչակագիրով ստանձնած պարտաւորութիւններուն համաձայն` ձեռնարկել իրմէ կախուած բոլոր միջոցները, որպէսզի ապահովէ անձերու, փոխադրական միջոցներու եւ բեռներու անխափան տեղաշարժը Լաչինի միջանցքով երկու ուղղութեամբ:
Դատարանը նախ յիշեցուց, որ 1 դեկտեմբեր 2021-ի որոշումով կիրարկած է հետեւեալ ժամանակաւոր միջոցները. «Ազրպէյճանը պարտաւոր է միջազգային հռչակագիրի համաձայն իր պարտաւորութիւններուն ներքեւ ձեռնպահ մնալ բռնութենէ եւ մարմնական վնաս պատճառելէ բոլոր այն անձերուն, որոնք գերեվարուած են 2020-ի հակամարտութեան առնչութեամբ եւ կը մնան ազատութենէ զրկուած, ապահովել օրէնքին առջեւ անոնց հաւասարութիւնն ու անվտանգութիւնը: Միջոցներ կիրարկել կանխելու ցեղային խտրականութեան եւ ատելութեան սերմանումը, այդ շարքին` պետական կառոյցների, պաշտօնատար անձերու կողմէ` մասնաւորապէս հայերու նկատմամբ…»:
Հայաստան 22 դեկտեմբեր 2022-ին նոր պահանջ ներկայացուցած է` պայմանական միջոցներու կիրարկումի վերաբերեալ: Հայաստան նշած է, որ Ազրպէյճան կազմակերպած է Լեռնային Ղարաբաղի 120 հազար հայազգի անձերու` արտաքին աշխարհին կապող միակ ճանապարհի փակումը: Հայաստան պահանջած է, որ դատարանը կիրարկէ հետեւեալ երկու ժամանակաւոր միջոցները` Ազրպէյճան պէտք է դադրի աջակցիլ եւ կազմակերպել ենթադրեալ բողոքի ցոյցը, որով փակուած է Լաչինի միջանցքով անխափան տեղաշարժը եւ Ազրպէյճանը պարտաւոր է ապահովել անխափան ազատ տեղաշարժը բոլոր անձերուն, փոխադրական միջոցներուն եւ բեռներուն համար Լաչինի միջանցքի երկայնքով երկու ուղղութիւններով:
Դատաւորը նշեց, որ դատարանը կը նկատէ, որ 12 դեկտեմբեր 2022-էն Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ կապը Լաչինի միջանցքով խաթարուած է: Դատարանը կ՛արձանագրէ, որ այս իրավիճակին պատճառով շարք մը հետեւանքներ ծագած են, եւ, որ հետեւանքները կրող անձերը կը շարունակեն մինչեւ հիմա այդ ազդեցութիւն կրել: Տեղեկութիւններուն համաձայն, նաեւ խոչընդոտուած է Լեռնային Ղարաբաղ կենսական ապրանքներու ներմուծումը, որուն հետեւանքով սնունդի, դեղորայքի եւ այլ կեանք փրկող պարագաներու պակաս յառաջացած է: Դատարանը կը գտնէ, որ վնասը կրնայ անուղղելի նկատուիլ, երբ համապատասխան անձեր կը յայտնուին կեանքի եւ առողջութեան համար վտանգաւոր հանգամանքներու մէջ:
Դատարանը յիշեցուց, որ 30 յունուար 2023-ին տեղի ունեցած դռնբաց նիստին Ազրպէյճանի ներկայացուցիչը հաստատած է, որ իր կառավարութիւնը պարտաւորուած է եւ կը շարունակէ պարտաւորուիլ ձեռնարկել իրմէ կախուած բոլոր քայլերը` երաշխաւորելու անձերու, փոխադրական միջոցներու եւ բեռներու ազատ տեղաշարժը Լաչինի միջանցքով` միաժամանակ շարունակաբար աշխատելով Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին հետ:
Դատարանը ի գիտութիւն կ՛ընդունի այդ յայտարարութիւնը: Սակայն ատիկա չի վերացներ անուղղելի վնաս պատճառելու վերահաս վտանգը` պայմանաւորուած Լաչինի միջանցքով տեղաշարժի խաթարումով: Վերոյիշեալ հանգամանքներու լոյսին ներքեւ դատարանը կ՛եզրակացնէ, որ իր կողմէ իրագործելի ճանչցուած իրաւունքներու ենթադրեալ խաթարումը կրնայ անուղղելի վնաս պատճառել իրաւունքներուն, եւ կայ հրատապութիւն: Այսինքն` կայ իրական կամ վերահաս եւ անյապաղ վտանգ, որ կը յառաջանան անուղղելի վնասներ` նախքան դատարանին կողմէ գործով վերջնական որոշում կայացնելը: Ուստի դատարանը կ՛եզրակացնէ, որ ժամանակաւոր միջոցներ կիրարկելու համար պայմանները առկայ են ու բաւարարուած, ուստի անհրաժեշտ է, որ դատարանը նախքան վերջնական որոշումը որոշ ժամանակաւոր միջոցներ կիրարկէ, որպէսզի պաշտպանուին Հայաստանի կողմէ հայցուող դատարանի նշած իրաւունքները: Դատարանը կը յիշատակէ, որ իրաւունք ունի կանոնադրութեան համաձայն կիրարկել այնպիսի միջոցներ, որոնք ամբողջովին կամ մասամբ կը տարբերին հայցուող միջոցներէն:
«Դատարանը կ՛արձանագրէ, որ Ազրպէյճանի նախագահի, Հայաստանի վարչապետի եւ Ռուսիոյ դաշնութեան նախագահի 9 նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութիւնը կը նախատեսէ, որ Լաչինի միջանցքը պէտք է ապահովէ կապ` Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ եւ պէտք է մնայ Ռուսիոյ դաշնութեան խաղաղապահ ուժերի վերահսկողութեան ներքեւ: Յայտարարութեամբ նաեւ նախատեսուած է` Ազրպէյճան պարտաւոր է երաշխաւորել անձերու, փոխադրական միջոցներու եւ բեռներու անվտանգ տեղաշարժը Լաչինի միջանցքով` երկու ուղղութեամբ: Սոյն գործով հաշուի առնելով Հայաստանի կողմէ հայցուող ժամանակաւոր միջոցներու բնոյթը տուեալ գործի հանգամանքներուն մէջ` դատարանը կ՛եզրակացնէ, որ կիրարուելիք միջոցները պարտադիր չէ, որ ըլլան նոյնը, ինչ որ հայցուած միջոցները: Դատարանը կ՛եզրակացնէ, որ նախքան այս գործով վերջնական որոշման կայացումը Ազրպէյճանը պարտաւոր է իր` հռչակագիրով ստանձնած պարտաւորութիւններուն համաձայն, ձեռնարկել իրմէ կախուած բոլոր միջոցները, որպէսզի ապահովէ անձերու, փոխադրական միջոցներու եւ բեռներու անխափան տեղաշարժը Լաչինի միջանցքով երկու ուղղութեամբ», նշուեցաւ յայտարարութեան մէջ: