Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վաքըֆ Գիւղը Մեծ Վնասներ Կրած Է Նախանցեալ Օրուան Երկրաշարժներէն

February 22, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախանցեալ օր տեղի ունեցած երկրաշարժներէն մեծապէս տուժած է պատմական Մուսա լերան միակ հայկական գիւղը նկատուող Վաքըֆը: Երկրաշարժներու հետեւանքով այստեղի որոշ կառոյցներու պատեր քանդուած են: Գիւղին մէջ նաեւ վրաններու կարիք  յառաջացած է: Այդ մասին Akunq.net-ի հաղորդումով կը յայտնէ պոլսահայ «Ակօս» շաբաթաթերթի կայքը:

Ըստ աղբիւրի, նախանցեալ օր արձանագրուած երկրաշարժներուն պատճառով կոտրուած է Վաքըֆի հայկական եկեղեցւոյ հիմնադրամի նախագահ Ճեմ Չափարի մայրիկին ոտքը: Որոշ շէնքեր անշահագործելի վիճակի մէջ յայտնուած են:

20 փետրուարի ժամը 20:04-ին տեղի ունեցած 6,4 ռիխթըր աստիճանով երկրաշարժը այս անգամ էական վնասներ հասցուցած է հայկական Վաքըֆ գիւղին: Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանէն ստացուած պարզաբանումին համաձայն, գիւղի եկեղեցին մեծապէս տուժած է երկրաշարժներէն:

Յայտնենք, որ Վաքըֆը այն համեմատաբար քիչ բնակավայրերու շարքին էր, որոնք չէին տուժած 6 փետրուարին տեղի ունեցած ուժգին երկրաշարժներէն: Սակայն այս անգամ բնութեան արհաւիրքը չէր շրջանցած նաեւ այս հայկական բնակավայրը:

Վաքըֆի գիւղապետ Պերճ Քարթուն թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան թղթակիցին յայտնած է, որ երկրաշարժներէն յետոյ եկեղեցին փակուած է: Քարթուն նաեւ աւելցուցած է: «Վերջին երկրաշարժէն եկեղեցին գրեթէ քանդուած է: Ներկայ պահուն անիկա անշահագործելի վիճակի մէջ յայտնուած է: Արտաքին պատերը աւերուած են: Ներսը եւս բաւական մեծ վնասներ արձանագրուած են: Անկարելի է եկեղեցիին մէջ պատարագ մատուցել կամ եկեղեցի մտնել»:

Քարթուն «Անատոլու»-ի թղթակիցին նաեւ հաղորդած է, որ նման վիճակի մէջ կը գտնուին նաեւ Վաքըֆի տուները, որոնցմէ որեւէ մէկը ուղղակի անկարելի է մտնել: Ըստ Քարթունի, բոլոր տուներուն վրայ ճեղքեր յայտնուած են: «Այլեւս դատապարտուած ենք վրաններու մէջ ապրիլ: Բայց եւ այնպէս, փառք կու տանք Աստուծոյ, որ գոնէ ոչ մէկ զոհ ունինք: Անով կը մխիթարուինք»:

Վաքըֆի հայ համայնքի նախկին ղեկավարներէն Կարպիս Քուշ «Անատոլու»-ի թղթակիցին ըսած է. «Մեր վիճակը վատ է, սակայն այստեղ ամէնուրեք է այդ դրութիւնը: Չենք կրնար մեր տուները եւ աշխատավայրերը մտնել: Ոչ մէկ զոհ ունինք, ուրախ ենք ատոր համար, բայց ամէնուրեք վատ վիճակ է: Կը ցաւակցիմ բոլոր զոհերու հարազատներուն»:

Նախորդը

Մինչ Տնտեսական Մարզի Տոլարայնացումը Կը Հաստատէ Ինքզինք, Լիբանանցիները Դարձեալ Սարսափի Կը Մատնուին` Երկրաշարժի Յետցնցնումներուն Պատճառով

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Վերջին Երկրաշարժի Յառաջացուցած Վնասներուն

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.