Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կալուզին. «Պաքուի Եւ Երեւանի Հաշտեցումը Հիմնուած Է Եռակողմ Համաձայնագիրներու Վրայ. Պէտք Է Խուսափիլ Միջնորդական Ջանքերու Կրկնութենէն»

Փետրուար 24, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մոսկուայի կարծիքով` պէտք է խուսափիլ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ միջնորդական ջանքերու կրկնութենէն: Այս մասին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզին:

«Կարեւորագոյնը շարունակական միջնորդական ջանքերու կրկնութենէն եւ մրցակցութենէն խուսափիլն է, հասնիլը անոնց համարկումին», ըսած է ան` մեկնաբանելով Եգիպտոսի` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ միջնորդ դառնալու առաջարկը:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունած է որեւէ նախաձեռնութիւն, որ կրնայ աջակցիլ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման: Կալուզին ընդգծած է, որ Պաքուի եւ Երեւանի հաշտեցումը հիմնուած է «Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն միջեւ եռակողմ համաձայնագիրներուն վրայ»:

«Նկատի ունիմ փոխադրամիջոցային եւ տնտեսական կապերու ապաշրջափակման քայլերը, սահմանազատումը, ընկերային գործիչներու եւ փորձագէտներու հաղորդակցութիւններու միջոցով վստահութեան ամրապնդումը, խաղաղութեան համաձայնագիրի պատրաստութիւնը», աւելցուցած է Կալուզին:

«Ճիշդ այդ ուղիով մենք կ՛ընկալենք Եգիպտոսի նման մեծ ու ազդեցիկ երկրի նախաձեռնութիւնը` աջակցելու Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան հոլովոյթին», աւելցուցած է Կալուզին:

Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսին 29 յունուարին յայտարարած էր, որ Եգիպտոս պատրաստ է միջնորդ դառնալու Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ` անոնց միջեւ յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար:

«Մենք հետեւողական աջակցութիւն կը ցուցաբերենք կողմերուն խաղաղութեան համաձայնագիրի մշակման գործին մէջ: Այս քայլերը պէտք է յանգեցնեն շրջանին մէջ ամուր, կայուն եւ արդար խաղաղութեան պայմաններու ստեղծման, ինչ որ պիտի արտացոլուի խաղաղութեան համաձայնագիրին մէջ:

«Մեր միջնորդութիւնը կառուցողական եւ բովանդակալից երկխօսութեան ապահովումն է` երկու կողմերու շահերը հաշուի առնող փոխադարձաբար ընդունելի լուծումներ գտնելու համար: Այդ նպատակով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Խովայեւ կանոնաւոր այցելութիւններ կը կատարէ Երեւան եւ Պաքու` վերջին անգամ համապատասխանաբար 9-10 եւ 14-15 փետրուարին:

«Մենք մեր գործընկերներուն ներկայացուցած ենք նաեւ ռուսական տեսակէտները խաղաղութեան հոլովոյթի հիմնարար սկզբունքներուն եւ շրջագիծերուն վերաբերեալ` հաշուի առնելով կողմերու մօտեցումները: Խաղաղութեան ճամբուն վրայ բազմաթիւ խոչընդոտներ կան: Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ տագնապը արմատացած է պատմութեան մէջ, ատոր վերջնական կարգաւորման հասնելու համար անհրաժեշտ է ժամանակ եւ համբերութիւն, ձեւաւորում այնպիսի պայմաններու, որոնք պիտի ապահովեն երկկողմանի համաձայնագիրներու ուժը, յուսալիութիւնը եւ կայունութիւնը, որոնք պիտի յանգեցնեն փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորման: Ճիշդ ատոր կը ձգտի Ռուսիան, որուն համար Անդրկովկասի մէջ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը միշտ առաջին գիծի վրայ պիտի ըլլան», ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը:

 

 

Նախորդը

Պաքուի Պնդումով` Միջազգային Կազմակերպութիւնները Դրական Կը Վերաբերին Բերձորի Միջանցքին Մէջ Անցակէտի Առաջարկին

Յաջորդը

Քլաար-Կալուզին Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?