Լիբանան-Սուրիա խորհրդարանական եղբայրութեան եւ բարեկամական յանձնախումբէն պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլի, այցելեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի:
Պատուիրակութեան մաս կազմեցին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ինչպէս նաեւ երեսփոխաններ Ղազի Զաայթեր, Իպրահիմ Մուսաուի, Ժիհատ Սամատ, Թոնի Ֆրենժիէ, Սամեր Թում եւ Քասեմ Հաշեմ:
Հանդիպումին ընթացքին պատուիրակութիւնը նախագահ Ասատին փոխանցեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիէն պատգամ մը` Սուրիոյ եւ անոր ժողովուրդին զօրակցութիւն յայտնելու` իսրայէլեան եւ ՏԱՀԵՇ-ի յարձակումներուն դիմադրելու, ինչպէս նաեւ երկրաշարժին հետեւանքները դիմագրաւելու առումով:
Պըրրի ցաւակցութիւն յայտնեց բոլոր զոհերու հարազատներուն, ինչպէս նաեւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց բոլոր վիրաւորներուն:
Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ կայացած այս հանդիպումին ընթացքին նախագահ Ասատ ընդգծեց լիբանանեան խորհրդարանական պատուիրակութեան կատարած այցելութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու եւ ժողովուրդներու շահերուն ի խնդիր գործելու անհրաժեշտութիւնը:
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ Համմուտէ Սապպաղի:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ շարք մը երեսփոխաններ, որոնք քննարկեցին խորհրդարանական մակարդակի վրայ երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը:
Պատուիրակութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Սուրիոյ վարչապետ Հիւսէյն Արնուսի եւ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Մըքտատի հետ:




