Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ժամանակ Չկայ Աւելորդ Ժողովներու, Կամ Երկարապատում Խօսակցութիւններու. Վնասը Բոլորին Է, Օժանդակութեան Կարիք Կայ` Հասնինք» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Փետրուար 20, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Վանայ Ձայն»-ի հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը, զոր վարեց Արմէն Ապտալեան:

Հարցազրոյցին ընթացքին երեսփոխան Բագրատունի անդրադարձաւ անցեալ հինգշաբթի, 16 փետրուար 2023-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին ընկերակցութեամբ Հալէպ կատարած զօրակցական այցելութեան` ի տես Հալէպը հարուածած աղէտալի երկրաշարժին:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ էր Հալէպ հասնելու առաջին տպաւորութիւնը, Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Գրեթէ երկու ամիս առաջ` դեկտեմբերին այցելած էի Հալէպ` ՀՅ Դաշնակցութեան տօնակատարութեան առիթով: Այս անգամ Համայէն Հալէպ երկարող ճամբուն երկայնքին աջ եւ ձախ ամբողջական քանդում էր, այսինքն` աւերուած եւ փուլ եկած շէնքեր ամէնուրեք: Հայկական թաղամասերուն մէջ քանդում կար, սակայն այդ շրջանէն հազար մեթր անդին աւերի տեսարանը կը կրկնուէր: Տեսարանները ահաւոր էին: Ինչքան ալ վարժ ենք մենք այդպիսի տեսարաններուն, նկատի ունենալով պատերազմի օրերը, Պէյրութի նաւահանգիստի ոճրային պայթումին ստեղծած աւերը, կարելի է անբաղդատելի նկատել: Հալէպի մէջ ժողովուրդը պատերազմէն կքած, սակայն ամուր վիճակի մէջ էր: Այս անգամ բնականաբար տարբեր էր, որովհետեւ արդէն իսկ տասնամեայ պատերազմին պատճառով հալէպահայութեան դիմագրաւած երկարատեւ տագնապը` հոգեկան, տնտեսական, քաղաքական, մարդկային թէ կենցաղային, շատ աւելի վատ կերպով ազդած էր անոնց վրայ: Առաջին զգացումը տխրութեան, արցունքոտ աչքերու եւ աղօթող բերաններու զգացումն էր: Վեհափառ հայրապետը երբ հասաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մուտքին, միայն յուզում կար: Եկեղեցւոյ կոչնակը երբ կը ղօղանջէր, եւ շարականներով մուտք կը գործէինք, զգացումը տխրութիւն չէր, որովհետեւ տխրութիւն եզրը հաւանաբար չ՛արտայայտեր այս պատկերը: Զգացումը այն էր, թէ յարութիւն առած ժողովուրդի մը հետ է մեր հանդիպումը: Ժողովուրդի մը, որ չի գիտեր, թէ երբ ինք ոտքի կենայ, պիտի շարունակէ ոտքի մնալ, եւ այս մէկը բառացի կերպով կ՛ըսեմ:

Վեհափառ հայրապետը դիմաւորող երեխաներ, իրենց մայրերուն փէշերը բռնած, կը նայէին կաթողիկոսին աչքերուն` ապաւինելով Աստուծոյ վրայ: Երբ «Տէր ողորմեա»-ն կ՛երգուէր, հեկեկանքի ձայներ կը լսուէին եկեղեցւոյ մէջ: Անապաւէն ըլլալու հեկեկանքը չէր, այլ` ցաւը վերյիշելու եւ ապագան ապրելու նկատմամբ ահռելի կերպով անորոշ տեսնելու ցաւն էր:

Չէք կրնար երեւակայել, թէ ինչքա՛ն մեծ է արհաւիրքը, ինչքա՛ն ահռելի է վիճակը: Պատերազմին կարելի է պաշտպանուիլ, հիւանդութեան դէմ` «Քորոնա»-ի համաճարակը նոյնպէս, առաւելագոյնը տան մէջ կը փակուէիր եւ քիթ ու բերան պաշտպանելով, մարդոցմէ հեռու մնալով, ապահով կարելի էր զգալ եւ համաճարակին փոխանցիկութիւնը կանխարգիլել: «Այս պարագային ըլլալու եւ չըլլալու վիճակն է: Հալէպի մէջ մեր եղած ատեն, արդէն իսկ չորս կամ հինգ շարժում արձանագրուեցաւ: Աներեւակայելի մթնոլորտ մը, ափոքալիփսեան մթնոլորտ մըն է, որ սակայն, ապրեցանք առանց վախի 12 ժամուան ընթացքին: Երբ մէկ ես ժողովուրդին հետ, ամուր կը զգաս: Անշուշտ հոն էր ժողովուրդը իր բոլոր խաւերով. հոն էին սկաուտը, երեխաները, երիտասարդական միաւորները, պատանիները, օժանդակութեան հասնող մեր միութենականները, եւ այդ հաւաքականութիւնը ամբողջ` կեանք էր: Կ՛ենթադրեմ, որ վեհափառ հայրապետը, որ ի միջի այլոց շատ աւելի կանուխ կը փափաքէր այցելել, գաղտնիք մը բացայայտած չեմ ըլլար, եթէ ըսեմ, որ երկրաշարժի նոյն առաւօտեան արդէն իսկ ան շեշտեց, որ պէտք է երթայ: Խորհրդակցութիւնը այն էր, թէ քանի մը շաբաթ ետք կատարուի այդ այցելութիւնը, սակայն վեհափառը չսպասեց եւ իններորդ օրը արդէն իսկ որոշեց երթալ»:

Հալէպ այցելութեան մանրամասնութիւններուն ակնարկող հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի նշեց, որ Հալէպ հասած են կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, ուր արդէն խուռներամ բազմութիւն մը` եկեղեցւոյ մէջ եւ անոր շրջափակը, կը սպասէր Արամ Ա. կաթողիկոսին:

ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը, դպրաց դասը եւ բոլոր միութիւններն ու կառոյցները իրենց ներկայացուցիչներով դիմաւորեցին վեհափառ հայրապետը, որ եկեղեցւոյ մէջ ուղղեց իր պատգամը` ըսելով, որ երբ Աստուած մեր հետն է, ինչէ՞ն կը վախնանք: «Ան հաստատեց, որ ամբողջ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը իր թեմերով, իր ժողովուրդով, իր կառոյցներով` կրօնական, հոգեւոր եւ ազգային կառոյցներով ձեր կողքին է: Ս. հաղորդութեան ընթացքին վեհափառ հայրապետը դուրս եկաւ եկեղեցիէն եւ իր պատգամը ուղղեց սուրիական լրատուամիջոցներուն եւ միջազգային ընտանիքին, որ անմիջապէս վերացնեն Սուրիոյ դէմ հաստատուած շրջափակումը: Արամ Ա. կաթողիկոսը ընդգծեց, որ մարդկային այս աւերին եւ ահռելի այս կացութեան դիմաց ոչ մէկ քաղաքական հաշիւ նկատի պէտք է առնուի, որովհետեւ կայ ժողովուրդ մը, որ անտանելի եւ աներեւակայելի վիճակի մէջ է, աւերը համընդհանուր է, հետեւաբար մարդասիրական իմաստով ընդունելի չէ որեւէ տեսակի քաղաքական հաշիւ, կամ որեւէ տեսակի քաղաքական-տնտեսական շրջափակում պարտադրել», ըսաւ Յ. Բագրատունի:

Երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց նաեւ, որ այդ պատգամը ուղղելէ ետք Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ վեհափառ հայրապետի աջահամբոյր, ուր վեհափառը նաեւ իր հայրական խօսքը ուղղեց: Ան հանդիպեցաւ բոլորին հետ, երեխաներուն բաժնեց իրեն հետ բերած խաչերը: Երբ կը դիտէի երեխաներուն նայուածքը, անոնք լեցուն էին այն արտայայտութեամբ, որ մենք ձեզմէ ուժ կը ստանանք վեհափառ տէր, օգնեցէ՛ք մեզի, որ ողջ մնանք:

«Ապա ուղղուեցանք աւերուած շրջաններ: Առաջին վայրը, որ այցելեցինք Շահար անունով շրջան մըն էր, ուր հայ զոհեր չէին արձանագրուած, սակայն երկու շէնքեր փուլ եկած էին եւ հիմնայատակ քանդուած: Այդ շրջանին մէջ փրկարար աշխատանքները կատարած էր Հայաստանէն եկած մասնագիտական խումբը, հոն վերապրողներ կային: Իսլամ վերապրող մը մօտեցաւ եւ հաստատեց, որ եթէ հայերը չըլլային, մարդիկ կարելի պիտի չըլլար փրկել` աւելցնելով, որ հաւանաբար ինք ալ ողջ մնացած չէր ըլլար: Տուեալ շրջանին մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ: Ուղղուեցանք «Կիլիկեան» վարժարան, որ Հալէպի հին թաղամասերէն Թիլել շրջանին մէջ կը գտնուի: Դպրոցը ունի երեք տարբեր բաժանմունք, որոնք արդէն պատերազմի ընթացքին իսլամ արմատականներու` ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ քար ու քանդ եղած են եւ ենթակայ էին նորոգութեան: Նորոգութեան ընթացքին էր, որ երկրաշարժը հարուածած էր, սակայն ամէնէն արագ միջոցին անոնք կը փորձէին վերսկսիլ նորոգութիւններուն, որպէսզի աշակերտները կարելի եղածին չափ շուտ դպրոց վերադառնան: Այցելեցինք նաեւ Ազիզիէի շրջանը, ուր փուլ եկած էր քառայարկ շէնքը եւ ուր զոհ գացած էին Թենէքէճեան ընտանիքէն մայր ու որդին: Հոն նաեւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` ներկայութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին: Այս բոլորը կատարուեցան ի զարմանս շրջանի բնակիչներուն, որոնք անպայմանօրէն հայեր չէին: Անոնք զարմացած էին, որովհետեւ վեհափառ հայրապետը առաջին քրիստոնեայ հոգեւոր պետն էր, որ կ՛այցելէր քարուքանդ շրջաններ: Այս քայլը սփոփիչ էր, արաբները եկան վեհափառին աջը համբուրեցին, աղօթեցին մեզի հետ: Ապա այցելեցինք «Արամ Մանուկեան» կեդրոն, ուր հաւաքուած էին գաղութի տարբեր կառոյցներու ներկայացուցիչները, որպէսզի վեհափառ հօր խօսին Հալէպի այս աղէտը դիմակալելու միջոցներուն մասին: Պէտք է ըսել նաեւ, որ «Արամ Մանուկեան» կեդրոնը վնասուած է, պատերը ճեղքուած են: Սուրիոյ պետութիւնը Հալէպի մէջ ստուգման աշխատանքները կատարած է, եւ այն կեդրոնը կամ բնակարանը, որ բնակելի չէ եւ անոր վտանգ կը սպառնայ, արգիլած են, որ բնակուի: «Արամ Մանուկեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը տեւեց շուրջ մէկուկէս ժամ, ուր Ազգային վարչութեան ատենապետ Սումպուլ Սումպուլեանը, Սուրիոյ օգնութեան խաչի ներկայացուցիչը խօսք առին: Անոնք երկրաշարժէն քանի մը ժամ ետք արդէն իսկ օժանդակութեան հասած էին: Հազարաւոր բաժին ճաշ բաժնած էին ոչ միայն հայերու, այլ նաեւ ոչ հայերու: Իմացանք, որ Հալէպի մէջ կազմուած է Արտակարգ իրավիճակներու մարմին, որուն մէջ յառաջացուցած են հետախուզական խմբակ մը` ճարտարապետներէ եւ մասնագէտներէ, որոնք կ՛այցելեն բնակարանները, ստուգումներ կը կատարեն: Արդէն իսկ արձանագրուած էին 450 բնակարաններու վնասներ», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի յայտնեց նաեւ, որ վեհափառ հայրապետին հետ այցելած են նաեւ Հալէպի նահանգապետին եւ Պաաս կուսակցութեան ղեկավարին, որմէ ետք վերադարձած են Պէյրութ, ճամբան տեղեկացանք, որ դարձեալ 5,1 ռիխթըր աստիճանի երկրաշարժ մը եւս արձանագրուած է:

«Վերադարձանք ծանր սրտով, բայց յառնելու եւ դարձեալ ոտքի կանգնելու յստակ համոզումով եւ հաւատքով», շեշտեց ան:

Երեսփոխան Բագրատունի ընդգծեց, որ Սուրիոյ երկրաշարժին պատճառած աւերը հսկայական է, կարիքը հսկայական է: «Չկան մարդիկ, որոնք անպատսպար մնացած են` շնորհիւ մեր կառոյցներուն, որոնք փողոցն են եւ կը հասնին ժողովուրդին: Մեր կառոյցները կրցած են տուն ապահովել բոլոր անոնց, որոնք իրենց բնակարանները կորսնցուցած են: Անոնք, որոնց տուները վնասուած են, եւ պետութիւնը տակաւին չէ արտօնած մուտք գործել բնակարան, անոնց համար ժամանակաւոր կեցութիւն ապահովուած է: Ուտեստեղէնի կարիքը հսկայական է, դեղորայքի կարիքը, տարբեր տարիքի երեխաներու կաթնեղէնի կարիքը մեծ է: Բնականաբար ամէն անգամ, որ գաղութ մը կամ շրջան մը կը վնասուի, ամբողջ սփիւռքն է, որ կը ցաւի: Այնպէս ինչպէս վեհափառ հայրապետը կ՛ըսէ. «Երբ մարմնին մէկ անդամը վնասուի, ամբողջ մարմինն է, որ կը ցաւի»: Հետեւաբար այսօր Հալէպը այդ վիճակին մէջ է, Լիբանանը` իր տարբեր տագնապներով, նոյն վիճակին մէջ է, ուրեմն մենք պարտաւոր ենք հաւաքական զօրակցութեամբ դարձեալ ոտքի կանգնիլ», շեշտեց Յ. Բագրատունի:

Պատասխանելով օժանդակութեան աշխատանքներուն մասին հարցումի մը` Յ. Բագրատունի նկատել տուաւ, որ անկախ Լիբանանի մէջ Արտակարգ իրավիճակներու մարմին-ԿԱՄՔ-ի կազմակերպած սուրիահայերուն զօրակցութեան արշաւին, որ կը կատարուի Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ, ինք կ՛ուզէ անդրադառնալ ընդհանուր օժանդակութիւններուն:

Ան ըսաւ, որ Հայաստանի ուղարկած երեք օդանաւ օժանդակութիւնները յանձնուած են պետութեան, այսինքն` սուրիական մահիկին, որուն միջոցով անոնք պիտի բաշխուին ժողովուրդին: «Այսինքն` այդ օժանդակութիւնները յատուկ սուրիահայութեան պիտի չհասնին: Կամ եթէ Լիբանանի մէջ համալսարաններ կամ որոշ միաւորներ նման հաւաքի նախաձեռնած են, անոնք պիտի յանձնուին Լիբանանի Կարմիր խաչին, որպէսզի ուղարկուին Սուրիոյ Կարմիր խաչին: Այն ինչին, որ մենք կը նախաձեռնենք, թիրախաւորուած է եւ ուղղակի սուրիահայութեան տրամադրուելիք օժանդակութիւն է, իր բոլոր յարանուանութիւններով եւ խաւերով», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի ընդգծեց նաեւ, որ պէտք է ուշադիր ըլլալ նաեւ արժանապատուութեան հարցին: «Հալէպի հայութիւնը այսօր մուրացկանի վիճակին մէջ չէ, երբեք չէ եղած եւ պիտի չըլլայ, այնպէս ինչպէս լիբանանահայութիւնը: Երբ օժանդակութիւն կ՛ըսենք, աւելցուկը չէ որ պիտի նուիրենք: Գործածուած կօշիկն ու գուլպան նուիրելու, կամ տունի ապրանքներէն ձերբազատելու մօտեցումը անընդունելի է: Պէտք է նկատի ունենալ նաեւ, որ Սուրիա փոխադրելու հարցն ալ հսկայական աշխատանք է: Պետական իմաստով թղթաբանական աշխատանքներ կան կատարուելիք, ինչպէս նաեւ կայ բեռնակառքերով այդ ապրանքին փոխադրութեան ապահովումը: Հետեւաբար մենք պէտք է յարգենք ժողովուրդին արժանապատուութիւնը, եւ պէտք է արագ կերպով կատարել այս զօրակցութիւնը: Անշուշտ եթէ պէտք ըլլայ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն իր պիւտճէէն պիտի յատկացնէ` օժանդակելու համար հալէպահայութեան: Այն օրերուն, երբ Լիբանանը պատերազմի մէջ էր, Հալէպը հասաւ մեզի, մեր տագնապի օրերուն սուրիահայութիւնը հասաւ մեզի: Այո՛, սուրիական պատերազմին մենք ալ իրենց հասանք: Վերջին հաշուով մէկ շղթայ ենք եւ այդ շղթային օղակները ամուր պէտք է պահենք», հաստատեց Յ. Բագրատունի:

Ան նշեց, որ Լիբանանի մէջ Արտակարգ իրավիճակներու մարմին-ԿԱՄՔ-ի կազմակերպած սուրիահայերուն զօրակցութեան արշաւը մէկ շաբաթ պիտի տեւէ, դպրոցներուն հետ ալ կապ պահուած է, եւ անոնց օժանդակութիւններն ալ պիտի միացուին ԿԱՄՔ-ի հաւաքած օժանդակութիւններուն: «Եթէ կան անհատներ եւ միութիւններ, որոնք չեն լսած եւ չեն հետեւիր մեր յայտարարութիւններուն, այսօր առիթն է, որ մտածեն: Այս պարագային անունի հարց ալ չկայ, ո՛վ, ի՛նչ կամ ինչքա՛ն նուիրեցի հարց գոյութիւն չունի: Կարեւորը անձին մասնակցութիւնն է իր կարողութեան համաձայն, ըմբռնելով հանդերձ, որ մենք նաեւ դժուարութեան մէջ ենք: Ճիշդ է, որ կարիքը հսկայական է, սակայն այսօր 50.000 լ. ոսկին կամ 5000 տոլարը կարողութեան եւ նուիրելու վճռականութեան հետ կապ ունին: Հաւանաբար ոմանք վարժ են արդէն, որ նման պարագաներու որքան զգացական եւ միաժամանակ խիստ կեցուածքով է, որ կը մօտենամ այս հարցերուն: Մտածենք, որ կիրակի է եւ ոմանք ճաշարանները պիտի երթան, անուշ ըլլայ բոլորին: Սակայն եթէ անոնք կրնան իրենց սնունդին հաշուեցոյցը վճարել, ապա երբ պատառը կը դնեն իրենց բերանը, թող մտածեն նաեւ Հալէպի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն պատառին մասին: Ո՛վ որ առաւօտեան իր երեխային կաթ եւ քորն ֆլէյքս կու տայ, թող մտածէ, որ Հալէպի մէջ երեխաներ կաթ չունին: Մէկ անգամուան համար է, իրենք ալ պիտի զգան այդ գոհունակութիւնը, որ Հալէպի, Լաթաքիոյ, Քեսապի կամ որեւէ շրջանի մէջ կրցան օգտակար ըլլալ իրենց հայ եղբայրներուն եւ քոյրերուն: Ասիկա իսկապէս աստուածահաճոյ է, թէ՛ մեր ազգային դաստիարակութեան մէջն է, եւ թէ՛ հայրենասիրութեան լաւագոյն արտայայտութիւնն է», հաստատեց ան:

Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ցարդ ինչ օժանդակութիւն, որ կատարուած է, ցանկագրուած է, նիւթականի եւ որեւէ ապրանքատեսակի մասին ցանկագրում կը կատարուի եւ նուիրողին ստացագիր կը տրուի:

«Անմիջապէս, որ կարելի ըլլայ առաջին բեռնատարին ապրանքը պատրաստել, զայն պիտի ուղարկենք` սպասելով, որ նուիրահաւաքը շարունակուի, եւ այլ բեռնատարներ ալ կարենանք ուղարկել սուրիահայութեան: Արդէն իսկ մեծ քանակութեամբ կաթ ապահովուած է մեր կողմէ, ոմանք երեխաներու յատուկ ուտեստեղէն, կաթ եւ շոր կը ղրկեն, պլանքեթներու կարիքը կայ, որովհետեւ մարդիկ ապաստանած են իրենց հարազատներուն տուները: Սուրիոյ մէջ սաստիկ ցուրտ է եւ երկիրը ունի մազութի ու պենզինի տագնապ: Հետեւաբար ամէն բանի կարիք կայ», նշեց ան:

Հարցազրոյցի աւարտին Յ. Բագրատունի կոչ ուղղեց ժողովուրդին հասնելու սուրիահայութեան: «Ժամանակը չէ աւելորդ մտածումներու կամ յորդորներու, որ «ըսած էինք, թէ նիւթական մնայուն աղբիւրներ պէտք է ապահովուին»: Մտածենք, որ մենք ի՛նչ պիտի կարենանք գործադրել, եւ հիմա՛: Ժամանակ չկայ, ո՛չ աւելորդ ժողովներու, ո՛չ ալ երկարապատում խօսակցութիւններու: Հոն վնասը բոլորին է. առաքելականին, կաթողիկէին, աւետարանականին, հնչակեանին, անկուսակցականին, ռամկավարին, բարեգործականին, խաչապաշտին եւ ոչ խաչապաշտին: Մարդ կայ, որ արհաւիրքի մէջ է, մեզի պէտք ունի. կա՛մ այսօր կը հասնինք, կա՛մ կը նշանակէ, որ մեր մարդկային գիծերը այլեւս խամրած են: Մնացեալը` Դիմատետրի վրայ աւելորդ պակաս գրելը, արցունք թափելը, լուսանկար տեղադրելն ու ցաւակցիլը անիմաստ են: ժամանակ չկայ աւելորդ ժողովներու, կամ երկարապատում խօսակցութիւններու. վնասը բոլորին է, օժանդակութեան կարիք կայ` հասնինք» շեշտեց Յ. բագրատունի

 

 

 

 

Նախորդը

«Ռատիօ Վատիկան»-ի Հայկական Բաժանմունքն ու «Ազդակ»-ը Կը Շարունակեն Համագործակցիլ

Յաջորդը

Ղովմի Կուսակցութեան Կազմակերպութեամբ` Սուրիոյ Զօրակցական Հաւաք

RelatedPosts

Պքէրքէի Մէջ Հանդիպում Արամ Ա. Կաթողիկոսին Եւ Ռայի Պատրիարքին Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Պքէրքէի Մէջ Հանդիպում Արամ Ա. Կաթողիկոսին Եւ Ռայի Պատրիարքին Միջեւ

Մարտ 23, 2023
Այլազան

Մարտ 23, 2023
ԵԽԽՎ-ն Ընդունած Է Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի  Մարդասիրական Հետեւանքներու Վերաբերեալ Բանաձեւ
Գլխաւոր լուրեր

ԵԽԽՎ-ի Համազեկուցողները Պաքուին Կոչ Ուղղած Են Թոյլատրելու Փաստահաւաք Խումբ Ուղարկել Արցախ

Մարտ 23, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In