Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յ. Բագրատունի Նախագահ Ասատի Փոխանցեց Հայութեան Ցաւը` Ի Տես Ահաւոր Երկրաշարժին

February 21, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Դամասկոսի մէջ Սուրիոյ նախագահին հետ հանդիպումին ընթացքին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի նախագահ Պաշշար Ասատին փոխանցեց Լիբանանի հայութեան եւ ՀՅ Դաշնակցութեան ցաւը` ի տես ահաւոր երկրաշարժին, աւելցնելով, որ արդէն վեհափառ հայրապետին այցելութիւնը Հալէպ լաւագոյն փաստն է այն իրողութեան, թէ Սուրիան ի՛նչ արժէք կը ներկայացնէ հայութեան համար:

Ան շեշտեց, որ սփիւռքի հայութիւնը զօրաշարժի մէջ է օժանդակութեան հասնելու` Սուրիոյ իր հայրենակիցներուն:

Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ հայութեան արիւնը շաղախուած է սուրիական հայրենիքի հողին, այնպէս ինչպէս Լիբանանի:

Շեշտելով զօրակցութեան սկզբունքին վրայ` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը անհրաժեշտ կը նկատէ քանդել Սուրիոյ դէմ պարտադրուած շրջափակումը եւ մարդասիրական օժանդակութիւնները գերադաս նկատել քաղաքական թէ տնտեսական հաշիւներէ:

Նախագահ Ասատ շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ հայութեան ներկայութիւնը ո՛չ միայն տնտեսական կամ ընկերային արժէք է, այլ` մանաւանդ քաղաքակրթական արժէք, որ կը հարստացնէ սուրիական հայրենիքը եւ կ՛արգելակէ ծայրայեղականութիւնն ու արմատական մտածողութիւնը, նպաստելով Սուրիոյ հզօրացման: Ան լուսարձակի տակ առաւ Սուրիոյ հայութեան դերակատարութիւնը` զայն նկատելով «յաւելեալ արժէք»:

Լիբանանեան պատուիրակութիւնը, երբ ընդունուեցաւ Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ Համմուտէ Սապպաղի կողմէ, խորհրդարանին մէջ ներկայ էին նաեւ խորհրդարանի փոխնախագահը, դիւանի անդամները, լիբանանեւսուրիական եղբայրութեան յանձնախումբի անդամներն ու խորհրդարանական յանձնախումբերու նախագահներն ու զեկուցաբերները:

Երեսփոխան Բագրատունի ցաւակցական իր արտայայտութենէն ետք շեշտեց, որ Լիբանանի խորհրդարանէն ետք Սուրիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը լաւագոյն փաստն է արդարութենէ իրաւազրկուած ժողովուրդներու կողքին կանգնելու Սուրիոյ վճռականութեան:

«Փաստօրէն, եթէ միջազգային ընտանիքը պատժէր ցեղասպան Թուրքիան, Իսրայէլ պիտի չհամարձակէր իր ոճիրները գործել արաբական աշխարհին դէմ, որոնցմէ վերջին օրինակը այս առաւօտ Դամասկոսի մէջ անմեղ սուրիացիներով բնակուած շէնքի մը ռմբակոծումն էր», ըսաւ Բագրատունի:

Բագրատունի աւարտեց իր խօսքը ըսելով. «Մենք ճակատագրակից ժողովուրդներ ենք եւ կը զօրակցինք Սուրիոյ, որուն դէմ շղթայազերծուած համաշխարհային պատերազմը չյաջողեցաւ ընկճել Սուրիոյ պետութիւնն ու ժողովուրդը, նոյնիսկ երկրաշարժի այս աւերէն ետք»:

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն. Լիբանանի Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի

Յաջորդը

Հայաստան – Ազրպէյճան Սահմանի Հայկական Կողմին Վրայ Իր Աշխատանքը Սկսած Է Շուրջ 100 Անդամներէ Բաղկացած Եւրոպական Միութեան Քաղաքային Առաքելութիւնը

RelatedPosts

Թրամփ. «Կրնանք Հիմա Հեռանալ, Սակայն  Կ՛ուզենք Իրանի Մէջ Մեր Իրագործած Արդիւնքներուն  Երկար Գոյատեւումը Երաշխաւորել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կրնանք Հիմա Հեռանալ, Սակայն Կ՛ուզենք Իրանի Մէջ Մեր Իրագործած Արդիւնքներուն Երկար Գոյատեւումը Երաշխաւորել»

October 23, 2026
Զելենսքի. «Ուքրանիա Պատրաստ Է Սառեցնելու  Զինուորական Գործողութիւնները  Ռազմաճակատին Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Զելենսքի. «Ուքրանիա Պատրաստ Է Սառեցնելու Զինուորական Գործողութիւնները Ռազմաճակատին Վրայ»

October 23, 2026
Էրտողան-Ալիեւ Հեռաձայնային  Հաղորդակցութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Էրտողան-Ալիեւ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.