Լեռնալիբանանի հաշտութեան 22-ամեակին առիթով մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ այցելեց Լեռնալիբանան, ուր դիմաւորուեցաւ տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Սամի Ապի Մունայի, ինչպէս նաեւ Լեռնալիբանանի տարբեր գիւղաքաղաքներու քաղաքական հեղինակութիւններուն կողմէ:
Այս շրջագիծին մէջ Ռայի պատրիարքը Մուխթարայի մէջ դիմաւորուեցաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար եւ 2001-ին Լեռնալիբանանի հաշտութիւնը յայտարարած ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթի եւ մեծ թիւով երեսփոխաններու, ականաւոր անձնաւորութիւններու, զինուորականներու եւ հոգեւորականներու կողմէ:
Այս առիթով Ուալիտ Ժոմպլաթ արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ հաստատեց, որ հակառակ հոս ու հոն տարածուած բաղաձայն հնչիւններուն, որոնք կը փորձեն մոռնալ ազգային համերաշխութիւնը, Լեռնալիբանանի հաշտութիւնը ինքզինք պարտադրեց:
«Նման անձնաւորութիւններ անմիտ են ու անխոհեմ, սակայն աւելի վտանգաւորները անոնք են, որոնք կոչ կ՛ուղղեն նախագահական դատարկութեան փուլը երկարաձգելու եւ ամէն ջանք ի գործ կը դնեն դժուարացնելու համար նախագահական ընտրութիւնը», ըսաւ ան:
Ժոմպլաթ բարձր գնահատեց նախագահական ընտրութեան թնճուկը հանգուցալուծելու նպատակով Ռայի պատրիարքին ի գործ դրած ճիգերը` տեղական, արաբական թէ միջազգային մակարդակով: «Բարձր կը գնահատենք նաեւ երկխօսութեան ձեր զօրակցութիւնը` հակառակ զանազան արգելակներու գոյութեան», ըսաւ ան:
Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց վերջ տալու նախագահական ընտրութեան հոլովոյթը արգելակող խոչընդոտներուն եւ հաստատեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը պատրաստ է օժանդակելու` նախագահական ընտրութեան դժուար առաքելութիւնը իրականացնելու նպատակով:
Ռայի պատրիարքը Ուալիտ Ժոմպլաթին ուղղելով իր խօսքը յայտնեց. «Այս օրը պատմական է եւ առիթ մը` ողջունելու ձեր եւ մարոնի համայնքի Նասրալլա Սֆէյր պատրիարքին յայտարարած հաշտութեան տարեդարձը: Հաշտութիւն մը, որ կը միտէր ընդգրկել բոլոր լիբանանցիները, որովհետեւ առանց սրտերու լուացումի եւ անկեղծանալու, կարելի չէ հաշտութեան յանգիլ»:
Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ Լիբանան այս վիճակով չի կրնար գոյատեւել, որովհետեւ ան օտարացած է իր գոյացութենէն:
«Մուխթարայի պալատը պատմական է, եւ դուք ու ձեր զաւակը տէր կը կանգնիք պատմութեան: Մենք պէտք է այս բեռը կրենք: Միասին ելած ենք ճամբայ եւ միասնաբար պիտի գործենք` ի խնդիր հայրենիքի միասնականութեան ու ապաքինման, ինչպէս նաեւ հաշտութիւնը ընդարձակելու համար ամբողջ Լիբանանի տարածքին», ըսաւ ան:
Ռայի պատրիարքը, տիւրզի հոգեւոր պետն ու բոլոր հիւրերը դարձան Մուխթարայի ճաշի հիւրերը:
Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը առաւօտեան սկսած էր Լեռնալիբանան իր շրջապտոյտին:
Շանէյի մէջ տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետի բնակարանին մէջ Ռայի պատրիարքը հանդիպում մը ունեցաւ շէյխ Սամի Ապի Մունայի հետ:
Ապի Մունա հաստատեց, որ Ռայի պատրիարքին այցելութիւնը պիտի ընդգծէ ազգային մերձեցումին կարեւորութիւնը:
Ապի Մունա յայտնեց, որ ազգային երկխօսութենէն փախուստ չկայ եւ միայն այդպիսով կարելի պիտի ըլլայ երկիրը զարթօնքի ու բարգաւաճման ուղիին վրայ զետեղել:
Ան յայտնեց, որ ձեռք-ձեռքի պիտի աշխատին Լեռնալիբանանը դարձնելու ամբողջ Լիբանանին համար ուսանելի օրինակի մը:
Իր կարգին, Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ Լիբանան չի կրնար բազմազանութեան հող ըլլալ, առանց չէզոքութեան:
Ռայի պատրիարքը այցելեց նաեւ Պարուք, ուր ընդգծեց, որ Լիբանան վերջնական հայրենիք է իր բոլոր զաւակներուն համար եւ պէտք է բոլոր լիբանանցիներուն նուիրումը ըլլայ միայն հայրենիքին:
Ռայի պատրիարքը նախագահեց մարոնի համայնքի Պէյթէտտինի առաջնորդարանիստ Սայիտաթ Խալաս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. պատարագին, որուն ընթացքին ան գոհունակութիւն յայտնեց պատմական եւ ազգային հաշտութեան օրը յիշատակելու կարելիութեան համար:
Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ իրենք յանձնառու կը մնան շարունակելու Լեռնալիբանանի մէջ յայտարարուած պատմական հաշտութիւնը, որուն վրայ հիմնուած է լիբանանցիներուն եւ քաղաքական անձնաւորութիւններուն միասնականութիւնը: