9 սեպտեմբերին` ժամը 11:00էն ընթացք առաւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի արտահերթ նիստը` Արցախի նախագահ ընտրելու օրակարգով։
Գաղտնի քուէարկութեան մասնակցեցան 23 պատգամաւորներ, որոնցմէ 22ը թեր քուէարկեց, իսկ մէկը` դէմ:
Քուէարկութեան իբրեւ արդիւնք Արցախի Ազգային ժողովը որոշեց Սամուէլ Սերգէյի Շահրամանեանը ընտրել Արցախի նախագահ: