Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քոնկրեսի Մէջ Արցախի Կացութեան Հարցով Լսումներ. Օքամփօ. «Մէկ Ցեղասպանութիւն Եղած Է, Երկրորդը Պէտք Է Կանխարգիլել»

September 8, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կան ողջամիտ հիմեր` հաւատալու, որ 2023 թուականին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ապրող հայերուն դէմ ցեղասպանութիւն կը գործուի: Այս մասին Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ հրաւիրուած լսումներու ժամանակ յայտարարած է Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփօ:

«Պարտադիր չէ, որ շատ մարդիկ մահանան: Կան տարբեր ձեւաչափեր, թէ ինչպէ՛ս կրնայ ցեղասպանութիւն ըլլալ: Մէկ պարագային կրնայ զոհերու թիւը զերօ ըլլալ, այսինքն` կարելի է ստեղծել պայմաններ, որոնք կը տանին մարդոց ոչնչացման», նշած է ան: Ըստ անոր, Բերձորի միջանցքի շրջափակումը ինքնին ոչնչացման համար այդպիսի պայմաններ կը ստեղծէ: «Պէտք է կանխարգիլել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ապրող 120000 մարդոց ցեղասպանութիւնը», ընդգծած է Օքամփօ:

«Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայերը ձեր կարիքը ունին, որ դուք «այլեւս երբեք»-ը իրականութիւն դարձնէք», նշած է ան` նկատի առնելով 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութիւնը: Օքամփօ ընդգծած է, որ մէկ ցեղասպանութիւն եղած է, երկրորդը պէտք է կանխարգիլել:

Փորձագէտը նաեւ նշած է, որ կարելի չէ իրական բանակցութիւններ վարել ցեղասպանողի եւ ցեղասպանուողի միջեւ, ատոր համար նախ պէտք է դադրի ցեղասպանութիւնը. «Չէք կրնար ներգրաւուիլ բանակցութիւններու մէջ, ուր նախագահ Ալիեւը ցեղասպանութիւնը իբրեւ բանակցութիւններու միջոց կ՛օգտագործէ: Եթէ ատոր դիմէք` իմանալով, որ Ալիեւը ցեղասպանութիւնը կ՛օգտագործէ եւ կը փորձէ հերքել զայն, պիտի նշանակէ, որ Միացեալ Նահանգներ կ՛օգնեն ցեղասպանութեան հերքման: Եւ կրնան մեղսակից նկատուիլ»:

Քոնկրեսի մէջ Լանթոսի անուան Մարդու իրաւունքներու յանձնախումբի նախագահ Քրիսթըֆըր Սմիթ իր կարգին յայտնած է. «Ասիկա սարսափելի յանցագործութիւն է, ցեղասպանութիւն է, որ կը գործուի Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն, բռնապետ Ալիեւի կողմէ»:

Ան շեշտած է, որ 120 հազար հայեր կը տառապին Ազրպէյճանի կառավարութեան պատճառով: Սմիթ տեղեկացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդու իրաւունքներուն առնչուած նոր օրինագիծի պատրաստութեան մասին եւ յայտնած, որ ատոր ուղղութեամբ կ՛աշխատին:

«Ազրպէյճանը կ՛ուզէ Լեռնային Ղարաբաղը ընդգրկել իր մէջ, այդ նպատակը թերեւս անընդունելի է, ան կը փորձէ այդ նպատակի իրագործման հասնիլ ցեղասպանութեան միջոցով: Ան չի փորձեր լուծումներ առաջարկել Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան համար», նշած է Սմիթ` շեշտելով, որ 12 դեկտեմբեր 2022-էն Ազրպէյճանը կտրած է Լեռնային Ղարաբաղի կապը արտաքին աշխարհին հետ` փորձելով անոր բնակիչները մատնել սովամահութեան:

Սմիթ ընդգծած է, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Ազրպէյճանին որեւէ աջակցութիւն իբրեւ յանցակցութիւն պիտի նկատուի:

«Այս նիստը 2 դատարկ աթոռ ունի` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան («Եու. Էս. Էյտ»): Ես խնդրեցի, որ անոնք երկուքն ալ մասնակցին այս նիստին, բայց ոչ մէկը պատասխանեց: Նոյնիսկ ոչ մէկ արձագանգ: 1995-էն ի վեր նախագահած եմ հարիւրաւոր լսումներ` արտաքին գործոց նախարարութեան կամ «Եու. Էս. Էյտ»-ի ներկայացուցիչներու հետ: Ասիկա բացարձակ անպատասխանատուութեան եզակի դէպք է», ըսաւ Սմիթ:

Քոլոմպիա համալսարանի «Վայրագութիւններ Արցախի մէջ» հետազօտական ծրագիրի ղեկավար փրոֆ. Տէյվիտ Ֆիլիփս, որ 2000 թուականի սկիզբներու Հայ-թրքական հաշտեցման յանձնախումբի համակարգողն էր, յայտնած է, որ Ազրպէյճանը ցեղասպան մտադրութիւններ ունի, անոր քայլերուն նպատակն է ֆիզիքապէս բնաջնջել մարդոց, ջնջել հայերու մշակութային եւ կրօնական ներկայութիւնը Ղարաբաղի մէջ եւ վերջին հաշուով Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ:

Խօսքերու ընդհանուր եզրայանգումը եղած է  այն, որ Արցախի մէջ կը գործուի ցեղասպանութիւն, որ պէտք է շտապ կերպով կանխարգիլուի: Յանձնախումբը նամակ պիտի ուղարկէ գործադիր մարմինին:

 

 

Նախորդը

Ալիեւ-Պլինքըն Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Յաջորդը

Երեւանը Կ՛արձագանգէ Պաքուին. «Հայաստանը Շահագրգռուած Չէ Ռազմական Մագլցումով»

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.