Մենք Խորապէս մտահոգուած ենք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական պայմաններու վատթարացումով, ինչ որ սննդամթերքի, դեղորայքի եւ այլ առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու շարունակական արգելափակման հետեւանք է: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վետանթ Փաթել:
Պատասխանելով հայկական եւ ազրպէյճանական կողմերուն հետ հաղորդակցութիւններու մասին հարցումի մը` Փաթել ըսաւ. «Ասիկա բան մըն է, որուն մէջ պիտի շարունակենք խորապէս ներգրաւուած մնալ»:
«Միացեալ Նահանգներ վերջին քանի մը շաբաթներու ընթացքին շարունակաբար աշխատած է կողմերուն հետ, որպէսզի մարդասիրական օգնութիւնը հասնի Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան, եւ մենք կրկնենք Լաչինի միջանցքը մարդասիրական, առեւտրական եւ ուղեւորափոխադրումներու համար վերաբանալու մեր կոչը», ըսած է ան:

