Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Արցախի Նախագահի Ընտրութիւնը Եւ Անհնարը Հնարաւոր Դարձնելու Վճիռը

September 9, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այսօր, Արցախի Ազգային ժողովը կ՛ընտրէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ: Հակառակ ազրպէյճանական սպառնալիքներուն, ամէն ինչ կ՛ընթանայ սահմանադրական հունով: Պաշարուած վիճակի մէջ նոյնիսկ Արցախը բոլոր իրաւաչափութիւնները կը յարգէ եւ համահունչ Սահմանադրութեամբ կ՛ընտրէ հանրապետութեան նախագահ:

Պետական հիմնարկներու յարգումը, սահմանադրական ժամկէտի մէջ տեղաւորուելով հրաժարած նախագահին փոխարէն նորը ընտրելը, ներքին կայունութիւնը պահպանելը եւ մանաւանդ ազրպէյճանական սադրանքներուն չներքաշուիլը Արցախին կը վերապահէ օրհասական պայմաններուն մէջ նոյնիսկ պետական մտածողութեան եւ քաղաքացիական բարձր ընդունակութեան բացառիկ կարգավիճակ:

Ազրպէյճանի ռազմական կուտակումները թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական սահմանին եւ թէ՛ Արցախի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ սպառնալիք է: Մագլցողականութեան բարձրագոյն դրսեւորում, որ նպատակ ունի քանի մը թիրախ: Նախ անմիջական կարգով չեղարկել նախագահի ընտրութիւնը, երկրորդ` ճնշել գործարկելու համար Ակնա- Ստեփանակերտ ճանապարհը, եւ երրորդ` բանալ Նախիջեւան-Ազրպէյճան ճամբան:

Կուտակումն ու մագլցումը անմիջականօրէն այս առաջադրանքներուն հետ կապուած են: Սակայն յայտնաբար  թէ՛ կը կայանան ընտրութիւնները, թէ՛ Արցախը իր պետականութեամբ եւ հասարակարգով կը շարունակէ ընդդիմանալ Աղտամը Բերձորին այլընտրանք ընդունիլ տալու Պաքուի պահանջին եւ անշուշտ տարածաշրջանային այլ հանգամանքներով պայմանաւորուած չի կառուցուիր «Զանգեզուրեան միջանցք»-ը:

Աւելի հեռու, բայց մօտէն առնչուող այլ գործընթաց մը կը խօսի Մոսկուա-Անգարա անհամաձայնութիւններու մասին: Սոչիի  հանդիպումը, ըստ լրահոսին, ունէր երեք օրակարգ` հացահատիկի գործարքը, Սուրիոյ մէջ թրքական ներկայութեան հարցը եւ հարաւային Կովկասի իրավիճակը: Առաջինի պարագային պաշտօնապէս մամլոյ հաղորդագրութիւնները գրեցին, որ կարելի չէ եղած համաձայնութեան յանգիլ: Երկրորդի եւ երրորդի փակագիծերը չբացուեցան: Բայց…

Շաբաթ մը առաջ Մոսկուայի արտաքին գործոց նախարարը յայտարարեց, որ Անգարան Դամասկոսի թոյլտուութեամբ կրնայ Սուրիոյ մէջ շարունակել պայքարը ահաբեկչութեան դէմ: Ասիկա կրնար թարգմանուիլ անուղղակի ուղերձ` Անգարային. մնացէք Սուրիա, մենք ալ մնանք Արցախ:

Մինչ այդ, որովհետեւ Էրտողանը խօսած էր ռուսական խաղաղապահութեան ժամկէտի աւարտին մասին, իսկ Սուրիոյ նախագահը խստօրէն շեշտած թրքական  զօրքերու Սուրիայէն հեռացման նախապայմանը:

Մոսկուայի ուղերձը դրական արձագանգ չէր գտած փաստօրէն: Որեւէ նոր յայտարարութիւն չէ հնչած Անգարայէն` Էրտողանի յիշեցումը վերաձեւակերպելու առումով: Եւ երբ չկայ ընդհանուր համաձայնութիւն, այս պարագային կը շարունակուի գոյավիճակը:

Վերադառնալով Արցախի ընտրութիւններուն, պաշտօնական Պաքուն հրապարակեց իր դժգոհութիւնը. «Այս անօրինական կառոյցի «նախագահ»-ի նախատեսուող «ընտրութիւնը» ծայրայեղ սադրիչ քայլ է: Ազրպէյճանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան նման բացայայտ խախտումը ոչ մէկ ձեւով ընդունելի է»: (Բառացի մէջբերում` Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութենէն):

Ներկայ պայմաններուն մէջ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը հերթական ընտրութենէն շատ աւելի խոր նշանակութիւն ունի: Անիկա պատասխան է Պաքուի պահանջած պետական հաստատութիւններու կազմաքանդումի պահանջին: Պատասխան է բոլորին, որ Արցախի ժողովուրդը կ՛ընթանայ ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքով, ժողովրդավարական հիմունքով եւ ըստ իր քուէարկած Սահմանադրութեան ու ընտրած խորհրդարանով ընտրելու նաեւ այժմ հանրապետութեան նախագահ:

Եւ ինչպէս Արցախի Ազգային ժողովի նախագահը Արցախի ժողովուրդին կը յորդորէ այս առիթով` «Հաւատացած եղէ՛ք` միասին անհնարը հնարաւոր կը դարձնենք»:

Այս վճռականութեամբ ալ այսօր Արցախի Հանրապետութիւնը կ՛ընտրէ իր նախագահը:

 

Նախորդը

Իշխանեանի Կոչը` Արցախի Ժողովուրդին. «Միասին Անհնարը Հնարաւոր Կը Դարձնենք»

Յաջորդը

Աղեղնաբառ Թիւ 122-ի Լուծում

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.