Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Միութիւնը Ուշադրութեամբ Կը Հետեւի Վերջին Ամիսներու Ընթացքին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Աճող Լարուածութեան

September 7, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական Միութիւնը մեծ մտահոգութեամբ կը հետեւի Լաչինի միջանցքով ազատ տեղաշարժի շարունակական սահմանափակումներուն եւ Ղարաբաղի հայերուն վրայ ազդող մարդասիրական եւ անվտանգութեան լուրջ հետեւանքներուն: Այս մասին կը նշուի Եւրոպական Խորհուրդին մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան յայտարարութեան մէջ:

Եւրոպական Միութիւնը կը յիշեցնէ, որ Բերձորի միջանցքով երթեւեկը խոչընդոտուած է գրեթէ 9 ամիսէ ի վեր, իսկ 15 յունիսին միջանցքը գրեթէ ամբողջութեամբ փակուած է` բացառութեամբ երբեմն իրականացուող բժշկական տարհանումներուն: Ատոր հետեւանքով դեղորայքն ու առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքները աղէտալիօրէն կը պակսին կամ անոնք արդէն սպառած են, ինչ որ սարսափելի հետեւանքներ կ՛ունենայ տեղւոյն բնակչութեան համար:

«Եւրոպական Միութիւնը ի գիտութիւն ընդունած է Ազրպէյճանի իշխանութիւններու պատրաստակամութիւնը` ապրանքներ մատակարարելու Աղտամ (Ակնա) քաղաքով: Եւրոպական Միութիւնը խորապէս համոզուած է, որ Լաչինի միջանցքը պէտք է ապաշրջափակուի` համաձայն նախապէս ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն եւ Միջազգային դատարանի հրամանին:

«Եւրոպական Միութիւնը ուշադրութեամբ կը հետեւի վերջին ամիսներու ընթացքին Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ աճող լարուածութեան` անոնց միջազգային սահմանին երկայնքով, ուր գրեթէ ամէն օր կ՛արձանագրուին կրակոցներու դէպքեր: Մենք բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք` խուսափելու հետագայ միջադէպերէն եւ վերսկսելու երկխօսութեան:

«Այդտեղ տիրող կացութեան հետեւելու եւ զեկուցելու նպատակով Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը պարեկութիւն կը կատարէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ միջազգային սահմանի հայկական կողմէն: Առաքելութեան նպատակն է նպաստել տագնապներու լուծման եւ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ վստահութեան ձեւաւորման:

«Եւրոպական Միութիւնը կը կրկնէ զսպուածութեան եւ երկխօսութեան իր կոչերը` ուղղուած բոլոր կողմերուն: Շարունակական ջանքեր անհրաժեշտ են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ վստահութեան վերականգնման համար` շրջանին մէջ կայուն խաղաղութիւն եւ կայունութիւն ապահովելու նպատակով` ի շահ տեղւոյն քաղաքային բնակչութեան: Պաքուի եւ նախկին Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզին մէջ բնակող հայերու ներկայացուցիչներուն միջեւ երկխօսութեան արագ հաստատումը կարեւոր է, մասնաւորաբար, շրջանին մէջ մարդասիրական ճգնաժամի լուծման, ինչպէս նաեւ Ղարաբաղի հայերու իրաւունքներու եւ անվտանգութեան եւ այլ հարցերու առնչութեամբ», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

 

 

 

Նախորդը

Փեսքով. «Հայաստանի Եւ Միացեալ Նահանգներու Ռազմափորձերու Մասին Տեղեկատուութիւնը Զգօնութեան Առիթ Կը Ստեղծէ»

Յաջորդը

Փաթել. «Կը Կրկնենք Մարդասիրական, Առեւտրական Եւ Ուղեւորափոխադրումներու Համար Լաչինի Միջանցքը Անյապաղ Վերաբանալու Մեր Կոչը»

RelatedPosts

Դաշնակցական Երիտասարդներու  Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան  Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց
Գլխաւոր լուրեր

Դաշնակցական Երիտասարդներու Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց

October 3, 2026
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու  Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի  Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»

October 3, 2026
ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը»  Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը
Հայկական

ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը» Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.