Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Համաձայն Գտնուած Է Օգտագործելու «Պլումպըրկ Հարթակ»-ը` «Սայրաֆա»-ի Փոխարէն

September 8, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ առաւօտեան ժամը 10:00-ին նախագահեց կառավարութեան նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ 2024-ի պետական ամավարկի նախագիծը:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի յայտնեց, որ նիստին ընթացքին Միքաթի կառավարութեան կազմութեան երրորդ տարեդարձին առիթով յայտնած է, թէ կառավարութիւնը ընթացիկ հարցերը կը փորձէ լուծել եւ չի փափաքիր հայրենիքին տիրելու իմաստով այս կամ այն իշխանութիւնը փոխարինել:

«Միքաթի յայտնեց, որ պատասխանատուութիւն ստանձնելը դիւրին չէ, եւ բոլորը կը վկայեն, որ մենք կը պայքարինք` կարելի եղածին չափ նուազ կորուստներով եւ վնասներով Լիբանանի դիմագրաւած այս դժուար փուլը շրջանցելու:

«Բոլորս` դէպի փրկութիւն» կարգախօսը կրող կառավարութիւնը կը մաղթէ, որ սահմանադրական հաստատութիւններուն գործիքակազմը կ՛ամբողջանայ նախագահական ընտրութեամբ, որովհետեւ Լիբանանի մէջ քաղաքական արդարութիւնը կը հաստատուի միայն անոր ազգային բաղադրիչներուն ամբողջութեամբ», ըսաւ Մքերի:

Ան նշեց, որ վարչապետի պաշտօնակատարը իր եւ կառավարութեան անունով հաստատած է նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ զօրակցութիւն յայտնած խորհրդարանին մէջ կատարուելիք ազգային երկխօսութեան նախաձեռնութեան:

Մքերի նկատել տուաւ նաեւ, որ Միքաթի անդրադարձած է սուրիացի տեղահանուածներու նոր հոսքի մը Լիբանան հասնելուն, յատկապէս Լիբանան-Սուրիա ապօրինի անցքերուն ընդմէջէն: «Միքաթի շեշտեց, որ այդ երեւոյթը մտահոգիչ է, եւ հաստատեց, որ բանակն ու ապահովութեան ուժերը կ՛արգիլեն անոնց մուտքը Լիբանան: Միքաթի ընդգծեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու նոր ալիքը կը սպառնայ մեր գոյացութեան անկախութեան եւ կամայ թէ ակամայ կը հարուածէ լիբանանեան իսկական հիւսուածքը», նշեց Մքերի:

Տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատարը նաեւ յայտնեց, որ կառավարութիւնը յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին պիտի գումարէ նիստ մը, որ յատկացուած պիտի ըլլայ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը քննարկելու:

Նիստին ներկայ պիտի գտնուին նաեւ ապահովական կառոյցներու պետերը, ինչպէս նաեւ ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Հեքթոր Հաժժար, որ ընդգծեց, թէ ինք պատրաստակամ է ներկայ գտնուելու յատուկէն այդ թղթածրարը քննելու կառավարութեան նիստին:

Այս առումով կ՛արժէ այստեղ նշել, որ լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը յայտնէ, թէ բանակը այս շաբթուան ընթացքին կրցած է կասեցնել 1200 սուրիացիներու ապօրինի մուտքը Լիբանան:

Մքերի յայտնեց նաեւ, որ կառավարութիւնը համաձայն գտնուած է օգտագործելու «Պլումպըրկ հարթակ»-ը` «Սայրաֆա»-ի փոխարէն, ինչպէս նաեւ վաւերացուցած է Իրաքի հետ համաձայնագիրը նորոգելու առաջարկը, որուն լոյսին տակ Լիբանանը Իրաքէն նաւթ պիտի ստանայ:

Մքերի նշեց, որ օրակարգէ դուրս կառավարութիւնը վաւերացուցած է թիւ 91 համաձայնագիրը, որուն շրջագիծին մէջ լիբանանցի քաղաքացիները վերստին լիբանանեան քաղաքացիութիւն կը ստանան:

Նախորդը

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդ. «Ստանձնեցէ՛ք Ձեր Պատասխանատուութիւնը Եւ Ընտրեցէ՛ք Հանրապետութեան Նոր Նախագահը»

Յաջորդը

Յ. Բագրատունի Այցելեց Պաշտպանութեան Նախարարի Պաշտօնակատարին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Երկրորդ Ճակատի Բռնկումը Եւ Անկէ Բխած Հետեւութիւնները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Երկրորդ Ճակատի Բռնկումը Եւ Անկէ Բխած Հետեւութիւնները

January 9, 2026
Ակնարկ.  Վենեզուելան Ռազմահարթակ` Միացեալ  Նահանգներու Եւ Չինաստանի Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Վենեզուելան Ռազմահարթակ` Միացեալ Նահանգներու Եւ Չինաստանի Միջեւ

January 9, 2026
Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը  Թաղամասերու Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը Թաղամասերու Մէջ

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.