Հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Ճոնի Քըրըմ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ հեռաձայնային հաղորդակցութեան իմաստով ճշդուած նոր սակը ուղղակիօրէն կապուած է նախարարութեան ծախսերուն, որոնք ամբողջութեամբ ամերիկեան տոլարով են:
Ան նկատել տուաւ, որ սովորական հեռաձայնային հաղորդակցութիւններու սակի բարձրացումը պիտի չներառէ բջիջային հեռաձայնի հաղորդակցութիւնները:
Քըրըմ յայտնեց, որ լիբանանեան պետութեան մօտ կան համացանցի ծառայութիւն բաշխող 107 ընկերութիւններ, որոնք պաշտօնական արտօնագիրով կը գործեն, ինչպէս նաեւ ունին ներդրումներ եւ պաշտօնեաներ:
Ան հաստատեց, որ թիւ 9458 հրամանագիրին պարտադրած հիմնական նախապայմանը այն է, որ քաղաքացիները համացանցի ծառայութենէ չզրկուին` աւելցնելով, որ իրենք յանձնառու են այդ նախապայմանը գործադրելու:
Այս շրջագիծին մէջ Քըրըմ հաստատեց, որ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութիւնը ծառայութիւններ մատուցելու իմաստով թերութիւններ ունի` նախարարութեան տրամադրուած պիւտճէին պատճառով:
Քըրըմ շեշտեց, որ բոլոր նախարարութիւնները կը տառապին ելեկտրականութեան տագնապէն` աւելցնելով, որ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութիւնը տակաւին ամէնէն շատ ծառայութիւններ մատուցող նախարարութիւնը կը նկատուի:
Քըրըմ մերժեց այն տարաձայնութիւնը, թէ «Օժերօ»-ի տրամադրած համացանցի ծառայութիւնը բոլորէն աւելի սուղ է:
Այս առումով ան դիտել տուաւ նաեւ, որ «Օժերօ»-ի համացանցի ծառայութեան համար վճարուած գումարներն ու շահերը կ՛երթան ելեւմուտքի նախարարութեան եւ ոչ թէ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութեան: