Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի Նորաստեղծ Դրօշը Օրհնուեցաւ Արամ Ա. Վեհափառի Ձեռամբ

September 6, 2023
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համազգայինը 95 տարիներէ ի վեր կը գործէր միայն իր տարբերանշանով. Միութեան վերջին` 9-րդ Պատգամաւորական ժողովը (մայիս 2022, Երեւան) հաստատեց միութեան դրօշի մը որդեգրման անհրաժեշտութիւնը:

Արդարեւ, 4 սեպտեմբեր 2023-ին Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` բաղկացած Կեդրոնական եւ Լիբանանի Շրջանային վարչութիւններու անդամներէ, ՀՕՄ-ի եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեանց ներկայացուցիչներէ, Համազգայինի զանազան հաստատութիւններու տնօրէններէ, այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանք, ուր վեհարանին մէջ հանդիպեցաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին  եւ ներկայացուց Համազգայինի նորաստեղծ դրօշը:

Վեհափառ հայրապետը զոյգ միաբաններու ներկայութեան օրհնեց դրօշը եւ դրուատիքով խօսեցաւ Համազգայինին ունեցած 95-ամեայ դերակատարութեան ու գործունէութեան մասին եւ յայտնեց, որ այս օրերուն ազգային արժէքները, կրթութիւնը եւ մշակոյթը աղաւաղելու հոսանքին դէմ թիավարելու մէջ մեծ է Համազգայինին դերը:

Ապա Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հօր` իր մնայուն նեցուկին ու քաջալերանքին համար:

Նշենք, որ Համազգայինը իր հիմնադրութեան 95-ամեակը կը շարունակէ նշել ամբողջ աշխարհի տարածքին: 12-18 սեպտեմբեր 2023-ին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ գրական- գեղարուեստական ձեռնարկներու շարք, ներառեալ` պաշտօնական հանդիսութիւն:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Պէյրութ, 4 սեպտեմբեր 2023

Նախորդը

Քըրըմ. «Յանձնառու Կը Մնանք Քաղաքացիները Համացանցի Ծառայութենէ Չզրկելու»

Յաջորդը

Խովայեւ Պաքուի Մէջ Ալիեւի Հետ Քննարկած Է Ակնայի Եւ Բերձորի Ճամբաներու Բացումը

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը  Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»

October 16, 2026
Զելենսքի. «Թրամփի Կողմէ Դաւաճանուած Կը Զգամ,  Եւ Ան Պատմութեան Ճիշդ Կողմը Չէ Կանգնած»
Գլխաւոր լուրեր

Զելենսքի. «Թրամփի Կողմէ Դաւաճանուած Կը Զգամ, Եւ Ան Պատմութեան Ճիշդ Կողմը Չէ Կանգնած»

October 16, 2026
Լիբանանեան Ուժերու Նախարարները  Հեռացան Կառավարութեան Նիստէն
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանեան Ուժերու Նախարարները Հեռացան Կառավարութեան Նիստէն

October 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.