Երէկ Կրանատայի մէջ տեղի ունեցաւ քառակողմ հանդիպում` մասնակցութեամբ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի, Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի: Մէկ օր առաջ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ մերժած էր մասնակցիլ այս հանդիպումին:
Հանդիպումէն ետք հրապարակուեցաւ յայտարարութիւն, ուր մասնաւորաբար կը նշուի, որ մասնակիցները հաւատարիմ կը մնան Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած բոլոր ջանքերուն` հիմնուած մէկզմէկու ինքնիշխանութեան, սահմաններու անձեռնմխելիութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան (Հայաստանի 29.800 քառակուսի քմ եւ Ազրպէյճանի 86.600 քառակուսի քմ) փոխադարձ ճանաչման վրայ, ինչպէս նշուած է նախագահ Միշելի 14 մայիս եւ 15 յուլիս 2023-ի յայտարարութիւններուն մէջ:
Հանդիպումին եւ յայտարարութեան աւելի մանրամասն կ՛անդրադառնանք յաջորդիւ:


