Քոնկրեսական Պրետ Շըրմըն Ողջունած Է Դաւիթ Իշխանեանի Ընտրութիւնը
Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ Քալիֆորնիոյ 43-րդ ընտրատարածքը ներկայացնող քոնկրեսական Պրետ Շըրմըն ողջունած է Դաւիթ Իշխանեանի ընտրութիւնը: «Կ՛ողջունեմ Դաւիթ Իշխանեանի ընտրութիւնը Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նոր նախագահի պաշտօնին մէջ», յայտարարած է ան իր թուիթըրեան գրառումին մէջ: «Ես անհամբեր կը սպասեմ առաջնորդութեան այս փոխակերպուող փուլին, որպէսզի շարունակեմ աշխատանքը` աւելի ամրապնդելու Միացեալ Նահանգներու կապը Արցախի եւ հայ ժողովուրդին հետ», աւելցուցած է ան:




















