Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կրանատայի Մէջ Քառակողմ Հանդիպման Յայտարարութիւնը Արցախի Մէջ Տեղի Ունեցածը «Զանգուածային Տեղափոխութիւն» Կ՛որակէ

October 7, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն եւ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց 5 հոկտեմբերին Կրանատայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին որդեգրած են յայտարարութիւն մը, որուն մէջ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցածը կը բնորոշուի իբրեւ զանգուածային տեղափոխութիւն:

Ժողովին մասնակիցները յայտարարութեան մէջ կ՛ընդգծեն «իրենց անսասան աջակցութիւնը Հայաստանի անկախութեան, գերիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւս ահմաններու անձեռնմխելիութեան»:

«Անոնք նաեւ իրենց աջակցութիւնը յայտնեցին Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան յարաբերութիւններու ամրապնդման` իր բոլոր չափումներով` հիմնուած Հայաստանի Հանրապետութեան կարիքներուն վրայ:

«Անոնք համաձայնեցան Հայաստանին յաւելեալ մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու անհրաժեշտութեան շուրջ, որովհետեւ անիկա կը բխի Ղարաբաղի հայերու վերջին զանգուածային տեղահանութեան հետեւանքներուն: Անոնք ընդգծեցին, որ այդ գաղթականները պէտք է ազատօրէն օգտուին իրենց տուներ եւ իրենց բնակութեան վայրեր վերադառնալու իրաւունքէն` առանց որեւէ պայմաններու, միջազգային հսկողութեան տակ եւ յարգելով իրենց պատմութիւնը, մշակոյթը եւ մարդու իրաւունքները:

«Անոնք հաւատարիմ կը մնան Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած բոլոր ջանքերուն` հիմնուած Հայաստանի (29 հազար 800 քառ.քմ) եւ Ազրպէյճանի (86 հազար 600 քառ.քմ) գերիշխանութեան, սահմաններու անձեռնմխելիութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչման վրայ, ինչպէս նշուած է նախագահ Միշելի 2023 թուականի մայիսի 14-ի եւ յուսլիս 15-ի յայտարարութիւններուն մէջ: Անոնք կոչ ուղղած են խստօրէն պահպանելու ուժի եւ ուժի սպառնալիքի չկիրարկման սկզբունքը: Անոնք ընդգծած են սահմանագծման ուղղութեամբ աշխատելու հրատապ անհրաժեշտութիւնը` հիմնուելով Խորհրդային Միութեան սպայակոյտի ամէնէն վերջին քարտէսներու վրայ, որոնք տրամադրուած են կողմերուն եւ պէտք է հիմք հանդիսանան նաեւ ուժերու միջեւ հեռաւորութիւն պահպանելու, խաղաղութեան պայմանագիրը վերջնական տեսքի բերելու եւ մարդասիրական բոլոր խնդիրներու լուծման համար», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

«Անոնք կոչ ուղղեցին` աւելի մեծ շրջանային համագործակցութեան եւ բոլոր սահմաններու, ներառեալ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմաններու բացման, ինչպէս նաեւ` շրջանային կապերու բացման, երկիրներու գերիշխանութեան եւ իրաւասութեան լիակատար յարգման, ինչպէս նաեւ հաւասարութեան եւ փոխադարձութեան սկզբունքներու հիման վրայ:

«Եւրոպացի ղեկավարները Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին կոչ ուղղեցին ազատ արձակելու բոլոր ձերբակալուածները եւ համագործակցելու անհետ կորածներու ճակատագիրին լուծում տալու եւ ականազերծման աշխատանքները դիւրացնելու համար», ըսուած է քառակողմ փաստաթուղթին մէջ:

 

 

Նախորդը

Միշել. «Փաշինեանն Ու Ալիեւը Համաձայնեցան Հոկտեմբերի Վերջաւորութեան Պրիւքսելի Մէջ Հանդիպելու Առաջարկիս»

Յաջորդը

Ակնարկ. Կրանատայի Յայտարարութիւնն ու 29.800-ը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.