Հայաստանը ինք Լեռնային Ղարաբաղը Ազրպէյճանի կազմին մէջ ճանչցած է: Այս մասին «Վալտայ» ակումբին մէջ յայտնած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին:
Անոր համաձայն, 2022 թուականի աշնան Փրակայի մէջ Գերմանիոյ, Ֆրանսայի եւ Եւրոպական Միութեան ղեկավարներու հովանիին տակ տեղի ունեցած է Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն հանդիպումը, որուն ընթացքին ալ ստորագրուած է յայտարարութիւն, որով Հայաստանը Լեռնային Ղարաբաղը Ազրպէյճանի կազմին մէջ ճանչցած է:
«Աւելի՛ն, պատուիրակութիւններու ղեկավարները, Հայաստանի ղեկավարները, ուղղակիօրէն քառակուսի քիլոմեթրով նշած են Ազրպէյճանի տարածքը, որ, ի հարկէ, կը ներառէ Ղարաբաղը: Անոնք նաեւ ընդգծած են, որ կը ճանչնան Ազրպէյճանի գերիշխանութիւնը ժամանակին Խորհրդային Միութեան կազմին մէջ ներառուած Ազրպէյճանական Խորհրդային Հանրապետութեան ծիրին մէջ: Եւ, ինչպէս յայտնի է, Ղարաբաղը նոյնպէս եղած է Ազրպէյճանական Խորհրդային Հանրապետութեան կազմին մէջ: Այսինքն, ըստ էութեան, լուծուած է գլխաւոր առանցքային հարցը, որ Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցն էր», նշած է Փութին:
Փութին նաեւ աւելցուցած է, որ այն, ինչ որ տեղի ունեցած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութեան կողմէ Լեռնային Ղարաբաղը Ազրպէյճանի կազմին մէջ ճանչնալու անխուսափելի հետեւանքով էր:
«Այս ամէնը անխուսափելի էր Ղարաբաղի նկատմամբ Ազրպէյճանի գերիշխանութեան ճանաչումէն ետք: Միայն ժամանակի հարց էր, թէ ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս Ազրպէյճանը այնտեղ սահմանադրական կարգ պիտի հաստատէր` իր պետութեան սահմանադրութեան շրջանակներուն մէջ», ըսած է Ռուսիոյ նախագահը:
«Երբ Լեռնային Ղարաբաղը յայտարարեց իր անկախութիւնը, ոչ ոք չճանչցաւ այդ անկախութիւնը, նոյնիսկ Հայաստանը, ինչ որ, անկեղծօրէն, ինծի համար տարօրինակ է: Սակայն, բայց եւ այնպէս, այդպիսի որոշում տրուած է: Անոնք չճանչցան Ղարաբաղի անկախութիւնը», նշած է Փութին:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ռուսական կողմը արդեօք կրնա՞յ Ազրպէյճանին կոչ ուղղել գթասրտութիւն ցուցաբերելու ձերբակալուածներու, ներառեալ նախկին ղեկավարներու նկատմամբ, Փութին յոյս յայտնած է, որ Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի նախկին բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հարցին մէջ պիտի առաջնորդուի մարդասիրական նկատառումներով:
Ռուսիոյ նախագահին համաձայն, իրենք միշտ ալ կապի մէջ եղած են Ազրպէյճանի նախագահ Ալիեւի հետ, եւ վերջինս խոստացած է անկախ ամէն ինչէն ապահովել Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան անվտանգութիւնը: «Սակայն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ արդէն հայ չէ մնացած: Բոլորը գացած են, հայ չէ մնացած. առաւելագոյնը հազար կամ հազար հինգ հարիւր մարդ մնացած է», նշած է Փութին, ապա անդրադառնալով Պաքուի կողմէ ձերբակալուած նախկին ղեկավարներուն, աւելցուցած է. «Ինչ կը վերաբերի նախկին ղեկավարներուն, ես չեմ ուզեր խորանալ մանրամասնութիւններու մէջ, սակայն, ինչպէս կը հասկնամ, անոնց նոյնիսկ չեն ուզեր Երեւանի մէջ տեսնել: Ես յոյս ունիմ, որ այս կացութեան մէջ, երբ տարածքային, իրաւական հարցերը լուծուած են, Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը հաշուի կ՛առնէ մարդասիրական բնոյթի հարցերը եւ կ՛առաջնորդուի մարդասիրութեամբ»:
Արձագանգելով «Ռոսիա սեկոտնիա» միջազգային տեղեկատուական գործակալութեան գլխաւոր խմբագիր Մարկարիթա Սիմոնեանի այն դիտարկման, թէ բոլոր «բնական» հայերն ալ կը հասկնան, որ Փաշինեանը ժամանակին իշխանութեան բերուած է Ղարաբաղը յանձնելու համար, ինչպէս նաեւ կը հասկնան, որ առանց Ռուսիոյ հայ ժողովուրդը գոյութիւն չէր ունենար Փութին ըսած է. «Համաձայն չեմ ձեր հետ, որ վարչապետ Փաշինեանին ինչ որ մէկը իշխանութեան բերած է Ղարաբաղը յանձնելու համար: Վերջ ի վերջոյ ասիկա հայ ժողովուրդի որոշումն էր: Այո՛, կարելի է տարբեր ձեւով վերաբերիլ ընտրութիւններու հոլովոյթին, սակայն ասիկա փաստ է: Արդար չէ ըսելը, որ ան կ՛ուզէր Ղարաբաղը յանձնել եւ նպատակադրուած յանձնած է»:
Ան յայտնած է, որ անձամբ հաղորդակցած է Փաշինեանի հետ եւ վերջինս անկեղծ կը ձգտէր կացութիւնը կայուն պահել: