Արցախի Հանրապետութեան նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեանին եւ Բակօ Սահակեանին, ինչպէս նաեւ Ազգային ժողովի նախկին նախագահ Դաւիթ Իշխանեանին պաշտօնական Պաքուն ահաբեկչութեան մեղադրանք առաջադրած է:
Այս մասին կը հաղորդէ Ազրպէյճանի Պետական անվտանգութեան ծառայութիւնը` նշելով, որ արցախցի պաշտօնեաներուն մեղադրանք առաջադրուած է քրէական օրէնսգիրքի 7 յօդուածներով, ներառեալ «կազմակերպուած խումբի կազմին մէջ ահաբեկչութեան», «անօրինական զինուած խումբերու ստեղծման» եւ «ահաբեկչութեան ֆինանսաւորման» յատկանիշներով:
Յայտնենք, որ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան նախանցեալ օր Հակարիի անցակէտը անցնելով հասաւ Հայաստանի Հանրապետութիւն:


