Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն ՀՄԸՄ-ի Պատգամաւորական 13-րդ Ընդհանուր Ժողովի

Հոկտեմբեր 9, 2023
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՄԸՄ-ի Պատգամաւորական 13-րդ ընդհանուր ժողովը տեղի ունեցաւ 2-7 հոկտեմբեր 2023-ին, Հայաստան: Ժողովին մասնակցեցան միութեան շրջանային եւ մեկուսի 30 շրջաններէ 75 իրաւասու ձայնով պատգամաւորներ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մկրտիչ Մկրտիչեան, Թեհրանի ՀՄԱԿ-ի ներկայացուցիչ Սոֆի Ջաղարբէկեան, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Արտաշէս Շահպազեան եւ խորհրդակցական ձայնով 28 հրաւիրեալներ, ընդամէնը` 103 մասնակիցներ: Ժողովին բացման ներկայ գտնուեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:

Ժողովը իր տեսակին մէջ իւրայատուկ էր, որովհետեւ կը գումարուէր ներազգային ծանր պայմաններու մէջ:

Պատգամաւորական ընդհանուր ժողովը մանրամասն քննութեան ենթարկեց 2019-2023 քառամեակի ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան գործունէութիւնը, յոյժ գնահատելի նկատեց կատարուած աշխատանքները եւ ապագայի հաշուոյն մշակեց նոր ծրագիրներ:

Ժողովը լայնօրէն անդրադարձաւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտութիւնը, մարզական կեանքն ու երիտասարդութիւնը յուզող հրատապ հարցերուն եւ համապատասխան որոշումներով քայլեր առաջադրեց անոնց թափ տալու նպատակով: Արծարծուեցան նաեւ միութեան քարոզչութեան, արդի արհեստագիտութեան եւ ռազմավարական ծրագիրներու կապուած հարցեր:

Ժողովը ընդհանուր արժեւորումը կատարեց միութեան կազմակերպական ընդհանուր իրավիճակին եւ ընդգծեց ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի եւ միութեան աշխարհասփիւռ մասնաճիւղերուն աշխատանքային դաշտերը ընդլայնելու կարելիութիւնները:

Ժողովը յատուկ օրակարգով կանգ առաւ Արցախի եւ Արցախի հայութեան կացութեան դիմաց: Ժողովը հաստատեց, որ դէմ յանդիման կը գտնուինք Արցախի ժամանակաւոր կորուստի իրականութեան դիմաց, հետեւաբար Ժողովը ՀՄԸՄ-ի պարտքն ու պարտաւորութիւնը նկատեց տէր կանգնիլ եւ պահպանել Արցախի Հանրապետութեան խորհրդանիշները, դրօշը, քայլերգն ու զինանշանը, այդ խորհրդանիշներուն ընդմէջէն նոր սերունդին մօտ վառ պահելու համար Արցախի վերատիրացման խորհուրդը:

Իբրեւ Արցախի գաղթականներու անմիջական աջակցութեան քայլ, Ընդհանուր ժողովը յառաջացուց «ՀՄԸՄ Արցախ հիմնադրամ»-ը, որ պիտի օժանդակէ արցախցի գաղթականներու անյետաձգելի կարիքներուն:

Իր հնգօրեայ աշխատանքներուն աւարտին, Ընդհանուր ժողովը 2023-2027 քառամեակի ՀՄԸՄ-ի նոր Կեդրոնական վարչութիւնը ընտրեց հետեւեալ կազմով.

Եղբ. Յակոբ Խաչերեան (Լիբանան)
Եղբ. Վիգէն Աւագեան (Լիբանան)
Քոյր Թալին Օրտողլեան (Լիբանան)
Եղբ. Աւետիս Տէրվիշեան (Սուրիա)
Քոյր Սանտրա Վարդանեան (Հայաստան)
Եղբ. Հրաչ Սիսեռեան (Ֆրանսա)
Եղբ. Ֆէտի Խաժակ Գազանճեան (Շուէտ)
Եղբ. Վահէ Թանաշեան (Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ)
Եղբ. Մհեր Դաւիթեան (Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ)
Եղբ. Վիգէն Աբէլեան (Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ)
Քոյր Լիոնի Սարմազեան (Քանատա)
Քոյր Սեսիլիա Տաղլեան (Հարաւային Ամերիկա)
Եղբ. Տիրան Վահրատեան (Աւստրալիա)

ԴԻՒԱՆ ՀՄԸՄ-Ի ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ
13-ՐԴ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻ

7 հոկտեմբեր 2023

Նախորդը

Դիմադրութիւնը Հարաւային Լիբանանէն Կը Միանայ «Աքսայի Ջրհեղեղ»-ին

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինէն Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Եւրոպական Միութեան Դեսպանատուն

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 20, 2025
Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?