Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դատապարտելով Ազրպէյճանի Կողմէ Արցախի Գրաւումը` Լիբանանցի Պատասխանատուներ Կոչ Ուղղեցին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի Նիստի Գումարման

Հոկտեմբեր 5, 2023
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի վերջին շրջանի իրադարձութիւններն ու առհասարակ Արցախի իրավիճակը առանցքը կազմեցին լիբանանցի հայ եւ ոչ հայ անձնաւորութիւններու մասնակցութեամբ կայացած խորհրդաժողովին, երեքշաբթի, 3 հոկտեմբեր 2023-ի երեկոյեան, Էշրեֆիէի «Կապրիէլ» պանդոկին մէջ: Արդարեւ, ընդառաջելով լիբանանցի զանազան անձնաւորութիւններու եւ պատասխանատուներու` «Արցախի անկումէն քաղուած դասերու» քննարկման եւ ընդվզումի դրսեւորման ուշագրաւ կոչին, լիբանանեան պետական ու տարբեր կուսակցութիւններու եւ կառոյցներու ներկայացուցիչներ ու հոգեւոր հայրեր աւելի քան մէկուկէս ժամ տեւողութեամբ քննարկեցին Արցախի նորագոյն իրադարձութիւնները:

Նախկին երեսփոխան Մարուան Ապու Ֆատել, բացումը կատարելով խորհրդաժողովին, շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք ընդառաջելով եկած էին զօրակցելու հայ ժողովուրդին եւ յատկապէս քննարկելու Արցախի տագնապը: Ան խիստ վտանգաւոր նկատեց պատահած դէպքերը` թելադրելով դասեր քաղել անոնց դառն հետեւանքներէն: Ապա Ասորիներու լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ իր կարգին զօրակցելով հայ ժողովուրդի արդար դատին նշեց ասորիներու պարագան եւս: Ան զարմանք յայտնեց, որ 21-րդ դարուն, 2023-ին տակաւին ազգային մաքրագործումներ ու բռնի տեղահանումներ կը կատարուին:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, նոյնպէս շնորհակալութիւն յայտնեց խորհրդաժողովի գումարման այս նախաձեռնութեան համար` դիտել տալով, որ կարելի չէ անտարբեր մնալ Արցախի մէջ պատահած բռնի տեղահանութեան դէպքերուն: Բագրատունի ցաւ յայտնեց, որ պետութիւններ, պատասխանատու մարմիններ, կղերական ղեկավարներ լուռ մնացին: Ան նաեւ ՄԱԿ-ի պատուիրակութեան Արցախ մեկնումը անտեղի նկատեց, յատկապէս ողբերգական դէպքերէն եւ արցախցիներու տեղահանութենէն ետք: Երեսփոխան Բագրատունի ընդգծեց, որ եթէ օրին 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան պատասխանատուները պատժուէին, աւելի ուշ Հիթլեր պիտի չկատարէր իր աւերները: Ու եթէ Հիթլեր օրին պատժուէր, հետագային նման ողբերգութիւններ պիտի չպատահէին: Բագրատունի կարեւոր նկատեց այս խորհրդաժողովի գումարումը, ուր տարբեր ոլորտներու պատասխանատուներու հետ խորհրդակցաբար զօրակցական քայլի կը դիմենք:

Ձեռնարկին կը մասնակցէին` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երեսփոխաններ Միշել Մուսա, Ժիհատ Բագրատունի, նախկին նախարարներ Եուսեֆ Սաատէ, Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, Ռիշար Գույումճեան, նախկին երեսփոխան Մարուան Ապու Ֆատել, Կոմիտաս արք. Օհանեան` գլխաւորելով հոգեւոր հայրերու պատուիրակութիւն մը, Ասորիներու  լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ, Ասորիներու Լիկայի  ընդհանուր քարտուղար Ժորժ Ասիօ, «Արեւելքի քրիստոնեաներու օժանդակութեան» պատուիրակութիւն մը, լիբանանեան եւ հայկական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, լրագրողներ, տնտեսագէտներ եւ մտաւորականներ:

Մասնակիցները սեղմ գիծերու մէջ արտայայտեցին իրենց ներկայացուցած կառոյցներուն կեցուածքները` յանգելով դատապարտումի եւ ընդվզումի արտայայտութեան: Անոնք նկատեցին, թէ Արցախի ողբերգութեան վտանգը կը բխի ոչ միայն ռազմավարական շահերու բախումէն, այլեւ` ապաստանեալներու եւ գաղթականութեան հարցերու մօտեցման գծով տիրող միջազգային անորոշութենէն, իբրեւ օրինակ նշելով Սուրիոյ տեղահանուածներու հարցին հետեւանքները Լիբանանի վրայ: Անոնք գերպետութիւնները պատասխանատու նկատեցին ազգերու գոյատեւման, անոնց արժանապատուութեան ու ազատութեան իրաւունքէն զրկումին: Անոնք շեշտեցին տիրող մարդկային ողբերգութեանց շարունակման կանխարգիլման անհրաժեշտութիւնը: Խորհրդաժողովին մասնակիցները նշեցին Արցախի ողբերգութենէն բխած դառն դասերը, ուր ամբողջ հաւաքականութիւններ, ժողովուրդ, կը ջնջուին մատիտի գիծով մը, եւ կոչ ուղղեցին Լիբանանի քաղաքական ընտրանիին` միաւորուելու, միասնաբար խորհրդակցելու եւ կառչելու պետութեան ըմբռնումին ու անոր ծրագիրին` պահպանել կարենալու համար անոր գոյութենականութիւնը:

Մասնակիցները սեղմ գիծերու մէջ արտայայտեցին իրենց ներկայացուցած կառոյցներուն կեցուածքները` յանգելով դատապարտումի եւ ընդվզումի արտայայտութեան:

Խորհրդակցութեանց աւարտին ներկաներէն լրագրող Միշել Ապու Նաժմ համադրելով դրսեւորուած կեցուածքները, ընթերցեց խորհրդաժողովէն բխած յայտարարութիւնը, ուր հիմնականին մէջ շեշտուեցան հետեւեալ կէտերը.

1.- Ներկաները ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեցին հայ ժողովուրդի արդար Դատի պահանջներուն, դատապարտելով Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի վրայ կատարուած յարձակումն ու արցախահայութեան բռնի տեղահանումը իրենց հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող բնօրրանէն:

2.- Կոչ ուղղեցին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին` Արցախի կացութեան քննարկման յատուկ հրատապ նիստի գումարման, պահանջելով արցախահայութեան ապահով տունդարձը դէպի շրջան:

3.- Արցախի հարցի պաշտպանութեան գծով իրաւական եւ լոպիինկի միջազգային մարմնի կազմութիւն` միաժամանակ դիմելով Արդարադատութեան միջազգային դատարանին ու Մարդկային իրաւանց միջազգային խորհուրդին:

4.- Լիբանանեան կառավարութեան կողմէ Արցախի գծով դատապարտումի յստակ կեցուածքի հրապարակում:

5.- Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ Արցախի դէպքերուն գծով դատապարտումի  հաղորդագրութեան հրապարակում, միաժամանակ Ազրպէյճանի դեսպանէն հաշուետուութեան պահանջ եւ դատապարտումի յուշագիրի յանձնում:

6.- Լիբանանեան խորհրդարանի արտաքին հարցերու, ինչպէս նաեւ մարդկային իրաւանց յանձնախումբերէն Արցախի գծով յստակ կեցուածքի դրսեւորում:

7.- Այս մասին յատուկ յուշագիրներ յղել Արցախի ողբերգութեան ականատես ու առնչակից միջազգային թէ շրջանային գերպետութեանց դեսպաններուն:

 

Նախորդը

Արեւմտեան Աղբիւրներ Կը Շեշտեն Ֆրանսական Եւ Քաթարեան Միջնորդական Նախաձեռնութիւններուն Շարունակութիւնը

Յաջորդը

Բագրատունի Ընդունեց Ճէյմի Օմիլիան

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?