– Ռազմագերիներու Եւ Ազրպէյճանի Կողմէ Կալանաւորուած Արցախի Պետական Անձնաւորութիւններու Ազատ Արձակում
– Մարդասիրական Օժանդակութիւն Արցախի Մեր Զաւակներուն
– Միջազգային Երաշխիք Արցախցիներուն Վերադարձի Իրաւունքին
Կ՛ընդգծէ Արամ Ա. Կաթողիկոս
Ուրբաթ, 6 հոկտեմբեր 2023-ի յետմիջօրէին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոսին նախագահութեամբ, տեղի ունեցաւ վանաբնակ միաբան հայրերուն հանդիպումը: Վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ Ազրպէյճանի` Արցախի գրաւումով պարզուած կացութեան, մեր ժողովուրդին մօտ ստեղծուած խոր ցաւին ու ընդվզումին եւ Հայաստանի մէջ կայք հաստատած Արցախի մեր զաւակներուն մարդասիրական օժանդակութիւն կատարելու անյետաձգելի անհրաժեշտութեան:
Վեհափառ հայրապետը յայտնեց, որ Հայաստանն ու մեր ժողովուրդը նոր կացութեան դիմաց կը գտնուին: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է, որ Հայաստանը մօտէն հետեւի տեղի ունեցող աշխարհաքաղաքական զարգացումներուն եւ հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն վարէ` հեռու պահելով երկիրը անհամաչափ քայլերու վտանգաւոր հետեւանքներէն: Ապա, վեհափառ հայրապետը ընդգծեց, թէ իր արժեւորումով, ներկայ փուլին իրապաշտ մօտեցումով ռազմավարական նոր մօտեցում պէտք է ճշդուի` նկատի ունենալով յատկապէս հետեւեալ երեք կէտերը.
ա) Ռազմագերիներու եւ Ազրպէյճանի կողմէ կալանաւորուած Արցախի պետական անձնաւորութիւններու ազատ արձակում:
բ) Մարդասիրական օժանդակութիւն Արցախի մեր զաւակներուն:
գ) Միջազգային երաշխիք արցախցիներու վերադարձի իրաւունքին:
Միաբանութիւնը իր խոր ընդվզումը յայտնեց Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի խաղաղ հայ բնակչութեան դէմ շղթայազերծուած պատերազմին եւ բռնի ուժով զայն իր պատմական հողերէն հեռացնելու անարգ քաղաքականութեան, որ իր մօտեցումով, եղանակով ու նպատակով ցեղասպանութիւն էր: Միաբանութիւնը նաեւ խստօրէն դատապարտեց Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի նախկին եւ ներկայ պետական պատասխանատուներուն ձերբակալումը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ շարունակուող սպառնալիքները: Ապա, ան կոչ ուղղեց Հայաստանի իշխանութեան, որ առաջնահերթութիւն ընծայէ Հայաստան ապաստանած Արցախի ընտանիքներուն` օժանդակութեան յատուկ ծրագիրներ մշակելով, ինչպէս նաեւ միջազգային համայնքին` նոյն նպատակին համար անհրաժեշտ օժանդակութիւնը կատարելու: