Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայտընի Միջազգային Օժանդակութիւններու Ծրագրին Մէջ Նկատի Կ՛առնուի Նաեւ Հայաստանը

Նոյեմբեր 3, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միջազգային օժանդակութիւններու համար Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմին պատրաստած ծրարին մէջ նկատի առնուած է նաեւ Հայաստան հասած շուրջ 120.000 արցախցի բռնի տեղահանուածներուն օժանդակելու հրամայականը, կը տեղեկացնէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը:

Արդարեւ, այս ծրարին մասին Ծերակոյտի Յատկացումներու յանձնախումբին առջեւ վկայութեան մը ընթացքին, արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Երեքշաբթի օր յայտարարեց հետեւեալը. «Ծրարը կարելիութիւն պիտի ընծայէ յաղթահարելու բռնապետներու եւ ահաբեկիչներու կողմէ, ինչպէս նաեւ տագնապներու եւ բնական աղէտներու պատճառով Ուքրանիոյ, Կազայի, Սուտանի, Հայաստանի եւ այլ շրջաններու մէջ յառաջացած մարդասիրական տագնապները»:

Պատասխանելով ծերակուտական Քրիս Քունի հարցումին` Պլինքըն յստակացուց, որ օժանդակութիւններ պիտի յատկացուին նաեւ Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն, սակայն չյստակացուց, թէ 106 միլիառ տոլարի ծրարէն որքա՛նը պիտի յատկացուի Հայաստանին:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ծրագիրներու վարիչ Ալեքս Կալիցքի իր վկայութեան մէջ անբաւարար նկատած էր Ազրպէյճանի ցեղասպանական արշաւին պատճառով բռնի տեղահանուած արցախցիներուն խոստացուած 11,5 միլիոն տոլարի աջակցութիւնը եւ աւելցուցած էր, որ քայլեր պէտք է առնուին 2020-էն ի վեր բռնի տեղահանուած 150.000 արցախցիներուն ապահով վերադարձը երաշխաւորելու նպատակով: Ան նաեւ շեշտեց, թէ առնուազն 10 միլիոն տոլարի ռազմական անմիջական աջակցութիւն պէտք է յատկացուի Հայաստանին` դէմ դնելու համար Հայաստանի վրայ յարձակելու պատրաստուող Ազրպէյճանի բռնապետական կառավարութեան սպառնալիքներուն:

Նախորդը

Պերպոքի Այցելութեան Ընդառաջ Պերլին Երեւանին Ու Պաքուին Կոչ Կ՛ուղղէ` Վերսկսելու Եւրոպական Միութեան Միջնորդութեամբ Բանակցութիւններուն

Յաջորդը

Մոսկուան Կը Պնդէ Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպում Կազմակերպելու Առաջարկը

RelatedPosts

Քառասնօրեայ Պահեցողութեան  Արարողութիւնները` Անթիլիասի Մայր Տաճարին Մէջ
Հայկական

Յանուն Արամ Ա. Կաթողիկոսին՝ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի Հանդիպումները Հայաստանի Մէջ

Հոկտեմբեր 17, 2025
Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Վեհափառ  Հայրապետին Եւ Յունաստանի Կրթութեան,  Կրօնական Հարցերու Ու Մարմնակրթութեան Նախարարին Միջեւ
Հայկական

Արամ Ա. Կաթողիկոս Խստիւ Կը Դատապարտէ Հայ Հոգեւորականներուն Շարունակուող Ձերբակալութիւնը

Հոկտեմբեր 17, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի Վարժարաններ Եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի Վարժարաններ Եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?