Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Աննալենա Պերպոք 3-4 նոյեմբերին պիտի այցելէ Երեւան եւ Պաքու: Ասիկա Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարի առաջին այցելութիւնն է Հայաստան ու Ազրպէյճան, իսկ երկրորդը` շրջան. ան այս տարուան գարնան այցելած էր Վրաստան:
Ազրպէյճանի մէջ Գերմանիոյ դեսպանատունը «Թուրան» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Պերլին կը ձգտի շրջանի կայուն խաղաղութեան, քաղաքական եւ տնտեսական բազմազանացման եւ Եւրոպական Միութեան հետ սերտ յարաբերութիւններու:
«Ատոր համար շատ կարեւոր է շրջանին մէջ վստահութեան ստեղծումը եւ հաշտեցումը: Նպատակը կը հանդիսանայ համապարփակ խաղաղ լուծումը բանակցային ճամբով, որպէսզի հայերն ու ազրպէյճանցիները կարենան խաղաղ ու անվտանգ ապրիլ իրենց ազգային սահմաններու ծիրին մէջ: Այդ նպատակով մենք կը պաշտպանենք եռակողմ բանակցութիւններու արագ վերականգնումը Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի մասնակցութեամբ եւ կը պաշտպանենք որեւէ յարաբերութիւն, որ կը նպաստէ Հարաւային Կովկասի ժողովուրդներուն համար խաղաղութեան եւ կայունութեան», յայտարարած է Ազրպէյճանի մէջ Գերմանիոյ դեսպանատունը: