Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Խորհրդարանին Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ «Արցախահայութեան Իրաւունքները Եւ Եւրոպական Միութիւնը» Խորագիրով Խորհրդաժողով

November 7, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի Կեդրոնական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհրդարանի կիպրացի երեսփոխան Քոսթաս Մաւրիտեսի հրաւէրով, ՀՅԴ Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակի ու «Եւրոպացիները յանուն Արցախի» նախաձեռնութեան համագործակցութեան հիմամբ 7 նոյեմբերին Եւրոպական խորհրդարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Արցախահայութեան իրաւունքները եւ Եւրոպական միութիւնը» խորագիրով խորհրդաժողովը:

Խորհրդաժողովին հրաւիրուած են միջազգային ճանաչում վայելող նշանաւոր բանախօսներ: Մասնաւորապէս` Միջազգային քրէական դատարանի նախկին գլխաւոր դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփոն, Ցեղասպանութեան կանխարգիլման Լեմքինի հիմնարկի համահիմնադիր եւ իրաւական հարցերով տնօրէն Վիքթորիա Մասիմինոն եւ միջազգային իրաւունքի հայազգի մասնագէտ Գառնիկ Քերքոնեանը: Կը նախատեսուի, որ անոնք անդրադառնան Արցախի մէջ տեղի ունեցած վերջին զարգացումներուն եւ Արցախի բնիկ հայ բնակչութեան իրաւունքներուն:

Խորհրդաժողովին նպատակն է քննարկել ստեղծուած իրավիճակի յաղթահարման ուղիները, 2020 թուականի պատերազմէն ետք Արցախի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները միջազգային իրաւունքի, առհասարակ մարդու իրաւունքներու տեսանկիւնէն, ինչպէս նաեւ անդրադառնալ միջազգային հանրութեան, յատկապէս տագնապի բանակցային գործընթացին մէջ ներգրաւուած ուժերու քաղաքական վարքին` յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով Եւրոպական Միութեան քաղաքական դերին:

Խորհրդաժողովի կայացումէն ժամեր առաջ, Պրիւքսելի մամուլի ակումբին մէջ տեղի պիտի ունենայ ասուլիս` խորհրդաժողովի բանախօսներուն եւ ՀՅԴ Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանի մասնակցութեամբ: Մամլոյ ասուլիսին հրաւիրուած են եւրոպական երկիրներուն մէջ գործող լրատուական միջոցներու թղթակիցներ եւ անհատ լրագրողներ, ինչպէս նաեւ եւրոպական ուղեղային կեդրոններու (think-thank) ներկայացուցիչներ:

Նախորդը

Երուսաղէմի Հայապատկան «Կովերու Պարտէզ»-ին Մէջ Լարուածութիւն

Յաջորդը

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.