Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան անդամ Ֆրանք Փալոն անգամ մը եւս ընդգծած է Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայաստանին անվտանգութեան եւ մարդասիրական ոլորտներուն մէջ աջակցութիւն տրամադրելու անհրաժեշտութիւնը:
Քոնկրեսականը «Էքս»-ի վրայ գրած է, որ ինք այս մասին յայտարարած է Նիւ Ճըրզիի Էլպերոն համայնքին մէջ գտնուող հայկական Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ օծման 35-ամեակի ձեռնարկին ընթացքին, որ տեղի ունեցած է 5 նոյեմբերին:
«Հայկական Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ 35-ամեակին նուիրուած ձեռնարկին ժամանակ խօսեցայ Արցախ ազրպէյճանական ներխուժումէն ետք Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայաստանին անվտանգութեան եւ մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու անհրաժեշտութեան մասին: Ալիեւի կողմէ Հայաստանի հարաւին վրայ հաւանական յարձակումները Միացեալ Նահանգներու կողմէ գործողութիւն կը պահանջեն», կը գրէ Փալոն: