Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պորել. «Հայաստանի Մէջ Կացութիւնը Կը Պահանջէ Մեր Վճռական Աջակցութիւնն Ու Ուշադրութիւնը»

December 13, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարներու նիստի եւ Արեւելեան գործընկերութեան երկիրներու նախարարական 11 դեկտեմբերի հանդիպումի մեկնարկին Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է` Հայաստանի մէջ կացութիւնը ուշադրութիւն եւ աջակցութիւն կը պահանջէ:

Եւրոպական Միութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարը անդրադարձած է Արեւելեան գործընկերութեան անդամ երկիրներուն մէջ ստեղծուած կացութեան եւ նշած. «Ամբողջ շրջանը յայտնուած է ծանր կացութեան մէջ»:

«Աշխարհի այս հատուածին մէջ շատ բան տեղի ունեցած է: Պիելոռուսիոյ տեղը դատարկ պիտի ըլլայ: Մենք ամէն ինչ կ՛ընենք Լուքաշենքոյի վարչակարգը մեկուսացնելու եւ ժողովրդավարական ուժերուն աջակցելու համար: Արեւելեան գործընկերութեան ամբողջ շրջանը յայտնուած է ծանր կացութեան մէջ:

«(…) Լաւ նորութիւնն այն է, որ Վրաստանը դէպի Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւն կը շարժի, Հայաստանի մէջ կացութիւնը կը պահանջէ մեր վճռական աջակցութիւնն ու ուշադրութիւնը, թէ ինչպէս կրնանք մեծցնել այդ աջակցութիւնը եւ ինչպէս օրակարգի վրայ պահել Արեւելեան գործընկերութիւնը, որովհետեւ անիկա մեր արեւելեան սահմանն է», ըսած է Պորել:

«Շրջանին մէջ շատ բաներ կը կատարուին: Կարեւոր է շարունակել ուշադրութիւն դարձնել անոնց եւ յատկապէս Հայաստանին, որ շատ բարդ կացութեան մէջ է», յայտնած է ան:

Նշենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան մասնակցեցաւ Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով ժողովին:

Նախորդը

Ըստ Ազրպէյճանի Ընդհանուր Դատախազին. Պաքուի Մէջ Պահուող Արցախի Ղեկավարութեան Գործով Պիտի Ստեղծուի Յատուկ Քննչական Խումբ

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (13 Դեկտեմբեր 2023)

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.