«Ազդակ»-ի 62-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 14 դեկտեմբեր 2023-ին, Պէյրութի ժամով 17:00-ին: Դասախօսն էր Հայաստանի գիտութիւններու ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի հայկական հարցի եւ Հայոց ցեղասպանութեան ամպիոնի վարիչ դոկտ. Արմէն Մարուքեան: Նիւթ` «Արցախեան հիմնախնդիր. մարտահրաւէրներ եւ իրաւաքաղաքական ուղիներ»: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:
Դոկտ. Արմէն Մարուքեանի դասախօսութեան ելակէտն էր արցախեան 44-օրեայ պատերազմէն ետք ստեղծուած իրավիճակը, իրաւապայմանագրային դրոյթները, անոնց յօդուածներու անտեսումն ու ոտնահարումը Ազրպէյճանի կողմէ եւ հայկական կողմի գերակատարումը, յատկապէս` նոյեմբերեան յայտարարութեան:
Մարուքեան անդրադարձաւ սահմանազատման գործընթացին, անկլաւներու խնդիրին, Ազրպէյճանի կողմէ հայաստանեան գերիշխան տարածքներ ներխուժման եւ Ալմաթիի հռչակագիրով տարածքային ամբողջականութիւններուն ու արցախեան հիմնախնդիրի ուղղութեամբ բացած պատուհանին:
Ան հաստատեց, որ միջազգային ընտանիքին մէջ հայկական դիւանագիտութիւնը լրջագոյն բացթողումներ ունեցած է Արցախի ուղղութեամբ բանաձեւի որեւէ նախագիծ շրջանառութեան մէջ չդնելով, եւ երկրորդ, տեսանելի դարձուցած արտաքին գործոց նախարարութիւն- կառավարութիւն հակասութիւն` մէկ կողմէ Արցախի ցեղային զտումի, միւս կողմէ գոյաբանական վտանգ չնկատելու յայտարարութիւններով: Ինչ որ օգտագործուած է Ազրպէյճանի ներկայացուցիչներուն կողմէ:
Արմէն Մարուքեան դիտել տուաւ, որ Մոսկուան այսօր հարաւային Կովկասի մէջ ունի երկու ռազմավարական դաշնակից` Հայաստան եւ Ազրպէյճան: Այս իրականութեամբ ալ կը բացատրուի Մոսկուայի չափազանց կրաւորականութիւնը Արցախի մէջ Պաքուի կողմէ ոչ միայն նոյեմբերեան յայտարարութեան կոպիտ խախտումներուն այլ նաեւ վերջին միօրեայ պատերազմին դիմաց:
Դասախօսութեան աւարտին կայացած քննարկումը արծարծեց Ալիեւի հրապարակած վերջին նախապայմանները, Արցախի նախագահին Արցախի հանրապետութեան լուծարման հրամանագիրը չեղարկելու հնարաւորութիւնները, Արցախի 150 կազմակերպութիւններու կողմէ առաջադրուած ճանապարհային քարտէսը, Արցախի Ազգային ժողովի յայտարարութիւնը եւ հայրենի իշխանութիւններուն հակազդեցութիւնը, ռազմագերիներու վերադարձի եւ առեւանգուած ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ազատ արձակման խնդիրը: «Այս առումներով Արցախի պետական հիմնարկներու յայտարարութիւններուն միջեւ հակասութիւններ պէտք չէ երեւնան», ըսաւ Մարուքեան:
«Ներկայ իրավիճակը համահայկական ճիգերու գերլարում կը պահանջէ», եզրափակեց դոկտ. Մարուքեան:
Իրաւաքաղաքական խնդիրներ ներկայացնող շահեկան դասախօսութեան տեսագրութիւնը տեղադրուած է «Ազդակ»-ի կայքին եւ եութուպեան ալիքին վրայ` https://www.youtube.com/watch?v=X3F3zFyiq1o&t=4s


