Հինգշաբթի, 14 դեկտեմբերին Յունաստան այցելեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան եւ հանդիպում ունեցաւ իր յոյն պաշտօնակից Նիքոս Տենտիասի հետ: Նշենք, որ Յունաստան այցելելէ առաջ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը պաշտօնական այցելութիւն կատարեց Կիպրոս եւ տեսակցութիւն ունեցաւ իր կիպրացի պաշտօնակիցին ու Կիպրոսի զինեալ ուժերու բարձրագոյն հրամանատարութեան հետ: Յունաստանի մէջ, հայ նախարարի պաշտօնական այցելութիւնը մեկնարկեց երկրի խորհրդարանին առջեւ` Անծանօթ զինուորի յուշադամբանին վրայ ծաղկեպսակի տեղադրման արարողութեամբ:
Այնուհետեւ, Յունաստանի ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ դիմաւորումի հանդիսաւոր արարողութիւն: Արարողութենէն ետք սկսաւ Սուրէն Պապիկեանի եւ Նիքոս Տենտիասի հանդիպումը, որուն ընթացքին քննարկուեցան հայ-յունական պաշտպանական գործակցութեան հետ առնչուող հարցեր:
«Երկուստեք արձանագրուած է համագործակցութեան զարգացման մեծ ներուժը, եւ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է զայն զարգացնել նոր թափով` ներառելով ռազմական-արհեստագիտական, փորձի փոխանակման, կրթական, ուսումնավարժական, մարտավարական պատրաստութեան եւ այլ ուղղութիւններ», նշուած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Հանդիպումի աւարտին, Հայաստանի եւ Յունաստանի պաշտպանութեան նախարարները ստորագրած են «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Յունաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան միջեւ ռազմական-արհեստագիտական գործակցութեան մասին» համաձայնագիրը:
Հանդիպումի աւարտին, պաշտպանութեան նախարարները հանդէս եկած են մամուլի միացեալ յայտարարութեամբ:
Յունաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան համաձայն, Նիքոս Տենտիաս ի միջի այլոց կատարած է հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Զօրավիգ կը կանգնինք բոլոր երկիրներու հողային ամբողջականութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքին, ինչպէս նաեւ ուժեղ կերպով հակառակ ենք սահմաններու բռնի փոփոխութեան: Կը դատապարտենք ահաբեկչութիւնը, կը պայքարինք անզէն ժողովուրդի պաշտպանութեան ուղղութեամբ, կը զօրակցինք ժողովուրդի՝ իր պապենական օճախին մէջ ապրելու իրաւունքին: Մեր զօրակցութիւնը կը յայտնենք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններու վերսկսման` Եւրոպական Միութեան մասնակցութեամբ, որպէսզի իրագործուի խաղաղութեան եւ ապահովութեան պայմաններու ձեռքբերումը շրջանի ժողովուրդներուն համար: Բնականաբար եւ ինչպէս սպասելի է, մենք կը կանգնինք հայ ժողովուրդի կողքին»:
Յունաստան այցելութեան շրջանագիծին մէջ, նախարար Սուրէն Պապիկեան այցելեց Յունաստանի ցամաքային զօրքերու ռազմական ակադեմիան, ուր հանդիպեցաւ սպայից վարժարանի հրամանատարութեան եւ ուսումնարանին մէջ իրենց ռազմագիտական ուսումը ստացող հայ սպաներուն հետ: Նախարարին հանգամանալից ներկայացուեցան սպայից վարժարանի գործունէութիւնն ու կրթական ծրագիրները:








