Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նեթանիահու. «Օսլոյի Սխալները Պիտի Չկրկնենք. Կազան Ապազինուած Եւ Իսրայէլի Վերահսկողութեան Տակ Պիտի Ըլլայ»

Դեկտեմբեր 18, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու շաբաթ օր մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Համասի ոչնչացումէն ետք, Կազան ապազինուած եւ Իսրայէլի վերահսկողութեան տակ պիտի ըլլայ»:

«Օսլոյի սխալները պիտի չկրկնենք, եւ անգամ մը եւս պիտի չարտօնենք գոյութիւնը միջավայրի մը, ուր պաղեստինցիներու զաւակները կը մեծնան Իսրայէլին վերջ տալու մշակոյթով», ըսաւ ան:

Նեթանիահու յայտարարեց, որ իրենք «ինչպէս երբեւէ յանձնառու» են պատերազմին` աւելցնելով, որ վճռականօրէն մինչեւ վերջ պիտի պայքարին: «Մենք մեր գոյութեան դէմ ուղղուած պատերազմի մէջ ենք եւ պէտք է զայն մինչեւ վերջ շարունակենք», աւելցուց Իսրայէլի վարչապետը:

«Իսրայէլացի բանագնացներուն յայտնեցի, որ զինուորական ճնշումը կ՛օգնէ առեւանգեալներու տունդարձին համար ճնշումին», ըսաւ ան:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Էլի Քոհեն իր կարգին երէկ յայտարարեց. «Շրջանի կայունութեան համար Համասի դէմ պատերազմին մէջ յաղթանակին այլընտրանք չունինք»: Ան նաեւ նշեց. «Զինադադար հաստատելու կոչը սխալ է, եւ (զինադադարը) Համասին պարգեւ պիտի ըլլայ»:

«Պիտի շարունակենք պատերազմը, մինչեւ որ ոչնչացնենք Համասը, ազատ արձակենք պատանդները եւ փոխենք Կազայի կացութիւնը», շեշտեց Քոհեն:

Իսրայէլեան դիւանագիտութեան պետը նաեւ յայտնեց. «Լիբանանի մէջ պատերազմէն խուսափելու առիթ գոյութիւն ունի, եւ եթէ միջազգային ընտանիքը ձախողի Հըզպալլան սահմանէն հեռացնել, մենք առանձին պիտի գործենք»:

Բրիտանիոյ եւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Տէյվիտ Քամերոն եւ Աննալենա Պերպոք «Թայմզ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իրենց յօդուածին մէջ յայտնեցին. «Ոչ յարատեւ զինադադարը յաւելեալ բռնարարքներու կը վերածուի եւ խաղաղութեան կառուցման դժուարացման կը յանգեցնէ»:

«Իսրայէլ պատերազմին պիտի չյաղթէ, եթէ անոր գործողութիւնները քանդեն պաղեստինցիներուն հետ խաղաղ գոյակցութեան կարելիութիւնները», շեշտեցին անոնք:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնա իր կարգին երէկ «Կազայի մէջ անմիջական ու երկարատեւ զինադադար» պահանջեց: «Տի.Փի.Էյ.» շաբաթ օր, յղում կատարելով Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան, հաղորդած էր, որ Կազայի վրայ իսրայէլեան յարձակումին պատճառով վիրաւորուած ֆրանսացի դիւանագէտ մը մահացած է:

Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակի գնահատականները ցոյց կու տան, թէ Խան Եունեսի մէջ Քասսամի փաղանգներուն դէմ պատերազմի վճռումը «ամիսներ պիտի տեւեն»:

Համաս շարժումը շաբաթ օր հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ կը մերժէ գերիներու փոխանակման որեւէ բանակցութիւն, եթէ յարձակումը վերջնականապէս չդադրի, «եւ միջնորդներուն այդ մէկը յայտնեցինք»: Նշենք, որ իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդած էր, որ Իսրայէլ գերիներու փոխանակման նոր առաջարկ մը ներկայացնելու հարցը կը սերտէ:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի վրայ ճնշում կը բանեցնեն զինք Պաղեստինեան իշխանութեան «վերակազմաւորման» ուղղութեամբ քայլերու որդեգրման մղելու համար:

Լրատու գործակալութիւնը նշեց, որ ամերիկեան վարչակազմը Մահմուտ Ապպասին կոչ ուղղած է` իր լիազօրութիւնները Պաղեստինեան իշխանութեան վարչապետ Մոհամետ Աշթիէին զիջելու եւ փոխնախագահ մը նշանակելու:

«Ռոյթըրզ» նաեւ հաղորդեց, որ ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ Մահմուտ Ապպասին կոչ ուղղած են պաղեստինեան ղեկավարութեան մէջ «նոր արիւն ներարկելու» եւ Ֆաթհ շարժումի կեդրոնական կոմիտէի ընդհանուր քարտուղար Հիւսէյն Շէյխի անունը առաջարկած են` իբրեւ Պաղեստինեան իշխանութեան փոխնախագահ եւ անոր ապագայ յաջորդ:

Բրիտանական «Տէյլի Թելեկրաֆ» օրաթերթը իր կարգին, յղում կատարելով լաւատեղեակ աղբիւրներու, հաղորդեց. «Սպիտակ տունը կը կարծէ, որ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս անկարող է Պաղեստինեան իշխանութիւնը ղեկավարելու»:

Աղբիւրները նշեցին, որ ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ շաբաթներ տրամադրած են Կազայի ղեկավարման շուրջ առաջարկներ պատրաստելու` աւելցնելով. «(Պաղեստինեան) իշխանութեան փտածութիւնը եւ Համասի` Այսրյորդանանի մէջ աճող ժողովրդականութիւնը որեւէ ծրագիրի դէմ ծառացած մարտահրաւէր են»:

«Ուաշինկթըն կը մտածէ արաբական պետութիւն մը խաղաղութեան երաշխաւորման եւ Կազայի վերաշինման պատասխանատու նշանակելու մասին», յայտնած են աղբիւրները:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան բանակը յայտնեց, որ իր զինուորները «սխալմամբ» սպաննած են երեք իսրայէլացի գերիներ, որոնց շփոթած են Համասի զինեալներու հետ:

Կը հաղորդուի, որ դէպքը պատահած է 15 դեկտեմբերին Կազա քաղաքի հիւսիսային արուարձանին մէջ, ուր վերջին օրերուն կատաղի մարտեր տեղի կ՛ունենան: Իսրայէլեան ուժերու հարուածներուն հետեւանքով նոյն օրը սպաննուած է նաեւ պաղեստինցի լրագրող մը:

Վերոնշեալ իսրայէլացի գերիները ճերմակ դրօշ բարձրացուցած փորձած են դուրս գալ շէնքէ մը` եբրայերէնով «մեզի ազատեցէ՛ք» բացագանչելով: Իսրայէլացի զինուորները կրակ բանալով տեղւոյն վրայ սպաննած են անոնցմէ երկուքը: Երրորդը վիրաւորուելով ապաստանած է շէնքին մէջ, ապա վերստին դուրս եկած բացագանչելով` «ազատեցէ՛ք զիս», սակայն իսրայէլացի զինուորները զինք եւս սպաննած են:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ յայտնեց. «Կազայի մէջ զինուորական գործողութեան մէջ որեւէ սխալի, ներառեալ արգելափակեալներու սպանութեան պատասխանատուութիւնը կը ստանձնեմ»: Ան աւելցուց. «3 արգելափակեալներու սպանութեան դէպքը դառն է եւ մաս կը կազմէ իւրաքանչիւր օր պատերազմին մէջ մեր վճարած գինին»:

Ան երէկ ալ յայտարարեց. «Եթէ Հըզպալլան մագլցումը յաւելեալ մէկ աստիճան բարձրացնէ, հնգապատիկով պիտի հակադարձենք»:

Իսրայէլացի գերիներու հարազատները շաբաթ օր Թել Աւիւի մէջ բազմամարդ ցոյցէ մը ետք հանդիպում ունեցան Կալանթի եւ պատերազմական խորհուրդին մէջ նախարար Պենի Կանցի հետ, ապա յայտնեցին, որ «ղեկավարութիւնը իր կարելին պիտի ընէ գերիներու փոխանակման գործարք ապահովելու, սակայն յստակ խոստումներ չտուաւ»` աւելցնելով. «Պատերազմական խորհուրդը հասկցաւ ընտանիքներուն իրենց հարազատները (իսրայէլեան) բանակի փամփուշտով կորսնցնելու իմաստը»:

Նախորդը

Սպիտակ Տուն. «Հիւսիսային Քորէայի Կողմէ Միացեալ Նահանգներու Վրայ Հիւլէական Որեւէ Յարձակում Քիմի Վարչակարգին Վախճանին Պիտի Յանգեցնէ»

Յաջորդը

Քուէյթի Իշխանը Մահացաւ. Երկրին Ղեկը Ստանձնեց Գահաժառանգը

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 20, 2025
Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգներ Այլեւս  Ուքրանիոյ Զէնք Եւ Գումար Չեն Տրամադրեր»
Միջազգային

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգներ Այլեւս Ուքրանիոյ Զէնք Եւ Գումար Չեն Տրամադրեր»

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?