Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Հոգեւոր Տիրոջ

December 14, 2023
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորեքշաբթի, 13 դեկտեմբեր 2023, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը այցելեց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքին, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ, ընկերակցութեամբ Նարեկ արք. Ալեէմէզեանի, Շահան արք. Սարգիսեանի, Յովակիմ վրդ. Բանճարճեանի եւ Սարգիս վրդ. Աբրահամեանի:

Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը եղբայրական ջերմ ընդունելութեամբ դիմաւորեց վեհափառ հայրապետը` ներկայութեամբ Պէյրութի թեմի ընդհանուր փոխանորդ Գաբրիէլ թ.ծ.վրդ. Մուրատեանի, Ամանի եւ Երուսաղէմի էքզարք Նարեկ թ.ծ.վրդ. Նաամոյեանի, լրատուական գրասենեակի պատասխանատու, Այնճարի եւ Պուրճ Համուտի ժողովրդապետ Մեսրոպ ծ.վրդ. Թոփալեանի, Նարեկ ծ.վրդ. Մնոյեանի, Արամ վրդ. Աբրահամեանի, Կարապետ վրդ. Գլընճեանի, Կարապետ քհնյ. Թադէոսեանի եւ Հայ կաթողիկէ լրատուական գրասենեակի գործակիցներուն:

Եղբայրական սիրալիր մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որուն ընթացքին Արամ Ա. վեհափառը նախ իր շնորհաւորանքները փոխանցեց հոգեւոր տիրոջ քահանայական ձեռնադրութեան 50-ամեայ յոբելեանին առիթով` վերյիշելով իրենց անցեալի յուշերը եւ առաջին հանդիպումը (Լոս Անճելըս, 1995), ապա իր շնորհակալութիւնը յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար:

Իր կարգին, հոգեւոր տէրը խօսք առաւ եւ ողջունեց Արամ Ա. կաթողիկոսը` անոր շնորհակալութիւն յայտնելով շնորհաւորական խօսքերուն համար` շեշտելով երկու քոյր եկեղեցիներուն սերտ կապերու անրաժեշտութիւնն ու զանոնք աւելի եւս ամրապնդելու միջոցները:

Ապա, երկու հոգեւոր պետերը քննարկեցին հայ ժողովուրդը յուզող հարցեր, անդրադառնալով յատկապէս լիբանանահայութեան եւ Լիբանանի քաղաքական, տնտեսական ու ընկերային տագնապներուն, շրջանային ծանր իրադարձութիւններուն, ինչպէս նաեւ սփիւռքի ու միջհամայնքային գործակցութեան առնչուած հարցերուն: Անոնք ընդգծեցին ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու հրամայականը` համախմբուելով մեր ազգը ու հայրենիքը միացնող արժէքներուն ու ձգտումներուն շուրջ:

Աւարտին, հոգեւոր տէրը եւ վեհափառ հայրապետը սրտագին բարեմաղթութիւններ փոխանակեցին Սուրբ Ծննդեան ու Ամանորի տօներուն առիթով:

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոսը Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը

Յաջորդը

Լեմքինի Հիմնարկը Ուաշինկթընին Կոչ Ուղղած Է Երուսաղէմի «Կովերու Պարտէզ»-ի Վէճին Մէջ Հայերուն Պաշտպանելու

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.