Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճէյք Սալիվըն, որ հինգշաբթի օր Իսրայէլ հասած էր եւ հանդիպում ունեցած Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ, յայտնեց. «Պիտի ըլլայ պատերազմի նոր փուլ մը, որ պիտի կեդրոնանայ Համասի ղեկավարներու թիրախաւորման վրայ»: Ան նաեւ նշեց. «Իսրայէլի մէջ զինուորական նուազ բուռն գործողութեան անցում կատարելու վերաբերեալ արժեքաւոր քննարկումներ կատարեցինք»:
«Իսրայէլացի ղեկավարներու հետ պիտի կեդրոնանանք գործողութիւններուն բնոյթին եւ օգտագործուող զինամթերքի տեսակներուն վրայ: Իսրայէլի հետ համաձայն ենք, որ կռիւը ամիսներ պիտի տեւէ, սակայն ըստ տարբեր փուլերու», նշեց Սալիվըն:
«Իսրայէլի կողմէ անմեղ քաղաքայիններու եւ Համասի միջեւ տարբերութիւն դնելը միայն բարոյական հարց չէ, այլ նաեւ` ռազմավարական», ըսաւ ան:
Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան խորհրդատուն նաեւ նշեց. «Պաղեստինեան իշխանութիւնը վերանորոգման կը կարօտի, ինչ կը վերաբերի անոր իշխելու կերպին եւ ժողովրդային ներկայացուցչութեան»:
«Պէտք է Իսրայէլի հիւսիսէն եկող սպառնալիքը դիմակայել զսպելով եւ դիւանագիտական միջոցներով», ըսաւ Սալիվըն:
Նախքան այդ, ան իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած էր, որ Նեթանիահուի հետ խօսած է Իսրայէլի` Կազայի մէջ բուռն գործողութիւններէն աւելի ճշգրիտ ու որոշակի գործողութիւններ փոխանցման մասին` աւելցնելով, որ քննարկումները շինիչ էին: Անոր կարծիքով` Այսրյորդանանի եւ Կազայի կառավարումը կարիքը ունի կապուելու Պաղեստինեան իշխանութեան մը, որ «բարեկարգման եւ հզօրացման» ենթարկուած է:
Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբեր Ճոն Քըրպի իր կարգին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ կը յուսան, որ Իսրայէլի եւ Կազայի միջեւ պատերազմը «կարելի եղածին չափ շուտ» կ՛աւարտի: Ան այդպիսով կը պատասխանէր Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարի այն յայտարարութեան, թէ պատերազմը «քանի մը ամիսէն աւելի» պիտի շարունակուի:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն` պատասխանելով այն հարցումին, թէ Իսրայէլէն կ՛ուզէ՞, որ Կազայի վրայ իր յարձակումը այս տարուան աւարտին կրճատէ, յայտնեց, որ Իսրայէլէն կ՛ուզէ, որ քաղաքային կեանքերու փրկութեան վրայ կեդրոնանայ: «Կ՛ուզեմ, որ քաղաքային կեանքերը ինչպէ՛ս փրկելու վրայ կեդրոնանան, եւ ոչ թէ Համասը հետապնդելէ դադրին, սակայն շատ աւելի զգուշ ըլլան», ըսաւ Պայտըն:
Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» կայքը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը կ՛ուզէ, որ Իսրայէլ փոխէ Կազայի դէմ պատերազմի իր ռազմավարութիւնը, որպէսզի «3 շաբաթներու կամ քիչ մը աւելի տեւողութեամբ աւելի կեդրոնացած ըլլայ»: Կայքը կը նշէ. «Պայտընի այս կեցուածքը պատերազմի ուժգնութիւնը զսպելու համար Իսրայէլի վրայ բանեցուող ամերիկեան ճնշումին մաս կը կազմէ»:
«Նիւ Եորք Թայմզ», մէջբերելով ամերիկացի 4 պաշտօնատարներ, յայտնեց. «Պատերազմի նոր փուլը, որուն ամերիկացիները կը յուսան անցում կատարել, պիտի ներառէ մասնայատուկ ուժերու աւելի փոքր խումբեր, որոնք մուտք պիտի գործեն Կազայի մէջ բնակուած կեդրոններ որոշակի առաքելութեամբ` ինչպէս` Համասի ղեկավարներու գտնուած վայրերուն յայտնաբերումը, այդ ղեկավարները ոչնչացնելը, պատանդները փրկելը եւ փապուղիները քանդելը»:
Իսրայէլի ժառանգութեան նախարար Ամիհայ Իլիահու իսրայէլեան պետական ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարեց. «Պէտք է Կազան ամբողջութեամբ գրաւել»: Յիշեցնենք, որ Իլիահու նախապէս կոչ ուղղած էր` Կազայի դէմ հիւլէական ռումբ օգտագործելու:
Մինչ այդ, ՄԱԿ-ի բանբեր Սթեֆան Տիւժարիք, մեկնաբանելով իսրայէլեան ուժերու Ժենինի մէջ մզկիթ մը ներխուժումն եւ այդտեղ հրէական արարողութիւններ կատարելը, յայտնեց. «Պէտք չէ կրօնական վայրերու սրբապղծումը արտօնել, եւ նուազագոյն բանը, որ կարելի է ըսել, այն է, որ ասիկա հասարակական վարքի դէմ է»` աւելցնելով. «Պէտք է յարգել կրօնական վայրերը եւ զանոնք որեւէ ձեւով չաղաւաղել»:
Ի տարբերութիւն Տիւժարիքի, Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար պեն Ղաֆիր, որ այդ արարքը ներկայացնող տեսանիւթը հրապարակած էր, ողջունեց իսրայէլեան ուժերուն քայլը:
Իսրայէլեան բանակը իր կարգին յայտնեց, որ առնչակից զինուորները անմիջապէս կախակայած է` նշելով, որ անոնց վարմունքը «վտանգաւոր է եւ կը հակասէ իսրայէլեան բանակի արժեչափերուն»:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էօնճիւ Քեչալի բուռն կերպով դատապարտեց արարքը եւ նշեց. «Կը յուսանք, որ Արեւելեան Երուսաղէմի եւ Այսրյորդանանի մէջ իսլամական սրբազան վայրերու վրայ յարձակումները կարելի եղածին չափ շուտ կը դադրին եւ սադրիչ արարքներու հեղինակները կ՛ենթարկուին խստագոյն պատիժներու»:
Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի երէկ առաւօտեան յայտարարեց, որ իսրայէլեան ուժերը յաջողած են «ազատագրել» եւ վերադարձնել 7 հոկտեմբերին առեւանգուած իսրայէլացի զինուորի մը դիակը: Իսրայէլեան բանակը աւելի ուշ յայտարարեց, որ կրցած է գտնել երկու այլ զինուորներու դիակներ:
Միւս կողմէ, ըստ «Թայմզ աֆ Իզրայէլ»-ի, Կազայի մէջ Համասի փապուղիները Միջերկրական ծովու ջուրերով ողողելու գործողութիւնը իրողապէս սկսած է եւ «յաջողութիւն արձանագրուած»:
Իսրայէլի վարչապետի գրասենեակը «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնեց. «Կը կարծենք, որ Կազայի մէջ արգելափակուածներուն թիւը 132 է, որոնցմէ 112-ը ողջ են»: