Իրանի զինեալ ուժերուն կողմէ Փաքիստանի տարածքին մէջ կատարուած հարուածը երկրի օդային տարածքի խախտում է, որ կրնայ յանգեցնել լուրջ հետեւանքներու: Այս մասին կը նշուի Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ, որ զետեղուած է նախարարութեան կայքին վրայ:
«Փաքիստանը խստօրէն կը դատապարտէ Իրանի կողմէ իր օդային տարածքի չպատճառաբանուած խախտումը եւ հարուածը Փաքիստանի տարածքին, որուն պատճառով զոհուած է երկու անմեղ երեխայ եւ վիրաւորուած երեք աղջիկ: Փաքիստանի գերիշխանութեան այս խախտումը ամբողջովին անընդունելի է եւ կրնայ լուրջ հետեւանքներ ունենալ: Առաւել տագնապալի է այն փաստը, որ ատիկա տեղի ունեցած է, հակառակ Փաքիստանի եւ Իրանի միջեւ կապի բազմաթիւ ուղիներու գոյութեան», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:
Նախարարութիւնը յայտնած է, որ փաքիստանեան կողմը արդէն «վճռական բողոք» յայտնած է «Թեհրանի մէջ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարին»: Բացի ատկէ, միջադէպին առնչութեամբ Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուած է Իրանի գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատարը: Այս մասին կը հաղորդէ «Իտէյլի» կայքը:
«Ահաբեկչութիւնը հասարակաց սպառնալիք է շրջանի բոլոր երկիրներուն համար եւ կը պահանջէ համակարգուած գործողութիւններ: Նման միակողմանի գործողութիւնները չեն համապատասխաներ բարի դրացիական յարաբերութիւններուն եւ կրնան լրջօրէն խաթարել փոխադարձ վստահութիւնը», աւելցուցած է Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Նախարարութիւնը նաեւ երէկ նշեց. «Իրանի` փաքիստանեան հողերու ռմբակոծումը ապօրինի եւ անընդունելի արարք է, եւ մենք մեզի կը վերապահենք հակադարձելու իրաւունքը»:
Իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը նախապէս յայտնած էր, որ Իրանի զինեալ ուժերը հարուածներ հասցուցած են Փաքիստանի մէջ տեղակայուած «Ժէյշ Զոլմ» ահաբեկչական խմբաւորման երկու կեդրոններուն: Գործակալութեան տուեալներով` գործողութեան ընթացքին օգտագործուած են անօդաչու թռչող սարքեր եւ հրթիռներ:
10 յունուարի գիշերը «Ժէյշ Զոլմ»-ի ահաբեկիչները յարձակած են Իրանի հարաւ-արեւելքը գտնուող Սիսթան եւ Պելուջիսթան նահանգի Ռասք եւ Ճանկալ քաղաքներուն միջեւ անցակէտի վրայ, այդ պատճառով ալ ոստիկան մը սպաննուած է:
Խմբաւորումը նախապէս ստանձնած էր Իրան-Փաքիստան սահմանին վրայ տեղի ունեցած ահաբեկչութիւններու, ինչպէս նաեւ Իրանի սահմանապահ ծառայութեան անձնակազմին վրայ յարձակումներու պատասխանատուութիւնը:
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Փաքիստանին եւ Իրանին «ինքնազսպում»-ի կոչ ուղղեց:
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մաօ Նինկ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Երկու կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք ինքնազսպումի դիմելու եւ խուսափելու վարմունքներէ, որոնք կրնան լարուածութեան աճի յանգեցնել, եւ միասնաբար աշխատանք տանելու խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանման համար»:
Իրանի պաշտպանութեան նախարար զօր. Մոհամետ Ռիտա Աշթիանի յայտնեց. «Մենք մեր ազգային շահերուն եւ մեր ժողովուրդին պաշտպանութիւնը որեւէ սահմանափակումի չենք ենթարկեր, ատիկա հաստատօրէն մեր իշխանութեամբ պիտի կատարենք»:
«Մենք կը դատապարտենք աշխարհի բոլոր կողմերուն մէջ ահաբեկչութիւնը, ուստի եթէ մեր ժողովուրդին դէմ ահաբեկչական արարքներու ճամբով մարդոց իրաւունքներու ոտնահարման որեւէ քայլ առնուի, ապա հաստատօրէն անոր պիտի հակադարձենք, եւ տեսաք, թէ ատիկա ուժեղ կերպով կը կատարենք, եւ ես որեւէ նշաձող չեմ հաստատեր, սակայն կը յարգենք պետութիւններուն գերիշխանութիւնը, շահերը, իրաւունքները, օրէնքները եւ բոլոր պետութիւններուն անվտանգութիւնը, մասնաւորաբար դրացի պետութիւններունը, սակայն մեր սահմաններուն վրայ դաւերու եւ սադրանքներու գոյութիւնը պիտի չընդունինք, եւ հաստատօրէն անոնց դէմ քայլեր պիտի կատարենք», ըսաւ Իրանի պաշտպանութեան նախարարը: