Մինչ քաղաքական առումով շօշափելի դարձած են, թէ Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակը կը ջանայ միաւորել իր կեցուածքները եւ ճշդել հանրապետութեան նախագահին յատկանիշները` նախագահական ընտրութեան թղթածրարը անջատելով Կազայի պատերազմէն, հարաւային Լիբանանի մէջ բախումները կը դառնան աւելի բուռն եւ հետզհետէ շատ աւելի վտանգաւոր ու մտահոգիչ:
Իսրայէլեան զինուորական աղբիւրներ մնայուն կերպով կը պահանջեն փոփոխութեան ենթարկել հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ որդեգրուած բախման կանոնները` ընդարձակելով ռմբակոծումի ծիրը:
Այդ պահանջին համաձայն, իսրայէլեան օդուժը երէկ երեկոյեան ժամը 7:40-ին ցած մակարդակի թռիչքներ գործեց Մեթնի եւ Քեսրուանի վերեւ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի օդային սահմանները օգտագործելով ռմբակոծեց Սուրիան: Իսրայէլեան օդուժը շաբաթավերջին շարունակեց հարաւային Լիբանանը ռմբակոծելու իր ընթացքը` օգտագործելով ֆոսֆորային ռումբեր, ինչպէս նաեւ ռմբակոծումի թիրախ դարձնելով յստակ անձնաւորութիւններ:
Այս շրջագիծին մէջ իսրայէլեան բանակը երէկ կէսօրին Քաֆրա գիւղաքաղաքին մէջ անօդաչու թռչող սարքով ռմբակոծեց ինքնաշարժ մը` լիբանանեան բանակի անցարգելին կից, իսկ օր մը առաջ` շաբաթ առաւօտեան, Պազուրիէի մէջ ռմբակոծեց ինքնաշարժ մը` սպաննելով երկու անձնաւորութիւններ, որոնք ներկայ պիտի գտնուէին «Կազա` քանդումէն յաղթանակ» խորհրդաժողովին:
Պազուրիէի մէջ արձանագրուած ռմբակոծումին նահատակներէն մէկն էր «Թեքոմսա» ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն, լիբանանցի ակնառու գործարար Մոհամետ Պաքեր Տիապը:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան համաձայն, Քաֆրայի մէջ իսրայէլեան ուժերուն ռմբակոծած ինքնաշարժին պատճառով զոհուած են Հըզպալլայի երկու մարտիկներ, ինչպէս նաեւ վիրաւորուած ուրիշներ:
Երէկ երեկոյեան ժամը 5:40-ին Հըզպալլայի մարտիկները համապատասխան հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Աւիւիմ բնակեցման վայրը եւ պատճառեցին մարդկային ու նիւթական վնասներ:
Հարաւային Լիբանանի մէջ Դիմադրութեան եւ իսրայէլեան բանակին միջեւ բախումները շարունակուեցան:
Իսրայէլեան բանակը ռմբակոծեց Հուլա, Մերժահիուն, Հասպայա, Մազարեհ Շեպաա, Պըրժ Մուլուք, Խիամ, Այթարուն, Պընթ Ժպէյլ, Մէյսէլ Ժապալ, Քֆարքիլա, Պլիտա, Ժըպպայն, Շիհին, Մարուն Ռաս, Եարուն, Մարքապա, Թալուսա եւ Պանի Հայյան շրջանները:
Իսրայէլեան օդուժը թռիչքներ գործեց նաեւ Սայտայի վերեւ:
Իրենց կարգին, Հըզպալլայի մարտիկները «Պուրքան» տիպի հրթիռով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Հատպ Պուսթան դիրքը` հարուածելով ուղղակի թիրախներ:
Դիմադրութիւնը թիրախ դարձուց նաեւ իսրայէլեան Տհայրա դիրքը` ուղղակի հարուած հասցնելով այդ դիրքերուն վրայ գտնուող իսրայէլացի զինուորներու խմբաւորումներուն` պատճառելով զոհեր եւ վիրաւորներ:
Դիմադրութիւնը համապատասխան հրթիռներով ռմբակոծեց նաեւ իսրայէլեան Զըրհիթ զօրանոցը:
Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութիւնը հաղորդեց, որ Դիմադրութեան մարտիկները ռմբակոծած են իսրայէլեան Պրանեթ եւ Ռուէյսեթ Քառն դիրքերը` արձանագրելով ուղղակի հարուածներ:
Հըզպալլայի մարտիկներէն Ալի Մոհամետ Հուտրուժ եւ Ֆատըլ Ալի Սալման Շաար միացան «Երուսաղէմի ճամբուն վրայ» նահատակներու փաղանգին:


