Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսայի Ծերակոյտը Ընդունած Է Ազրպէյճանի Դէմ Պատժամիջոցներ Պահանջող Բանաձեւը

January 18, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի Ծերակոյտը 336 կողմ եւ մէկ դէմ ձայնով ընդունած է Ազրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ պահանջող բանաձեւը:

«Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին կը յայտնէ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը:

Ֆրանսայի Ծերակոյտը երէկ կը քննարկէր 1 դեկտեմբեր 2023-ին առաջարկուած միջկուսակցական բանաձեւը` ուղղուած «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ազրպէյճանի ռազմական նախայարձակումը դատապարտելուն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ յարձակումի հետագայ փորձերը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը խախտելը կանխելուն»:

Բանաձեւը նաեւ կոչ կ՛ուղղէ պատժամիջոցներ կիրարկելու Ազրպէյճանի դէմ եւ կը պահանջէ Արցախի հայ բնակչութեան վերադարձի իրաւունքի երաշխիք:

Բանաձեւը կոչ կ՛ուղղէ ազրպէյճանական զօրքերու եւ անոնց դաշնակիցներու անյապաղ եւ անվերապահ դուրսբերման Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն, կը նշէ, որ Հայաստանը իրաւունք ունի պաշտպանելու իր տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ունենալու միջոցներ` ապահովելու իր անվտանգութիւնը, այդ շարքին` ռազմական ճանապարհով:

Բանաձեւը նաեւ կը դատապարտէ Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքական առաջնորդներու կամայական ձերբակալութիւնները, կոչ կ՛ուղղէ հեռացնելու Ազրպէյճանը Զինուած ընդհարման պարագային մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան միջկառավարական կոմիտէէն, կարեւոր կը նկատէ  ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ փորձագէտներու միջազգային խումբի ստեղծումը եւ գործուղումը Լեռնային Ղարաբաղ` մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան վիճակի վերաբերեալ տեղեկատուական զեկուցում պատրաստելու համար:

 

Նախորդը

Վրաստան. «Պատրաստ Ենք Աջակցելու Շրջանային Կայունութեան Ուղղուած Նախաձեռնութիւններուն»

Յաջորդը

Շնորհակալիք

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ֆրանսայի Ցոյցերը Եւ Ամերիկեան Զգուշացումները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ֆրանսայի Ցոյցերը Եւ Ամերիկեան Զգուշացումները

October 20, 2026
Թրամփ Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները  Չեղեալ Յայտարարելու Իր Որոշումը  Կը Պաշտպանէ Եւ Զելենսքին Կը Մեղադրէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները Չեղեալ Յայտարարելու Իր Որոշումը Կը Պաշտպանէ Եւ Զելենսքին Կը Մեղադրէ

October 20, 2026
Այցելելով Թեհրան`  Լաւրով. «Ռուսիան Յանձնառու Է Իրանի Հետ  Ռազմավարական Գործակցութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Թեհրան` Լաւրով. «Ռուսիան Յանձնառու Է Իրանի Հետ Ռազմավարական Գործակցութեան»

October 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.