Ցերեկային եւ գիշերային եռօրեայ նիստերէ ետք, խորհրդարանը ուրբաթ ուշ գիշերին, վաւերացուց 2024-ի պետական ամավարկը` անկէ զերծ կացուցելով լիբանանցիներուն պարտադրուելիք բարձր տուրքերը, ինչպէս նաեւ ամավարկը ենթարկելով բարեփոխումի:
Խորհրդարանը իր նախագահին` Նեպիհ Պըրրիի գլխաւորութեամբ վաւերացուց նաեւ պետական ամավարկի թիւ 88-95 կէտերը, որոնք 17 առ հարիւրի արտակարգ տուրքեր կը պարտադրեն «Սայրաֆա»-ի հարթակէն օգտուող ոչ անհատներուն:
Այս առիթով Պըրրի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիին ըսաւ. «Ասիկա վերջին անգամն է, որ կը ստանանք նման ամավարկ մը, որուն իւրաքանչիւր յօդուածը կարիքը ունի զոյգ օրէնքի»:
Խորհրդարանին վաւերացուցած ամավարկը բովանդակեց նաեւ 10 առ հարիւրի արտակարգ տուրք մը, որ պիտի պարտադրուի Կեդրոնական դրամատունէն օժանդակութիւն ստացած առեւտրականներուն:
Խորհրդարանը վաւերացուց նաեւ քաղաքապետարաններուն կողմէ բնակարանային եւ ոչ բնակարանային կալուածներու տուրքը տասնապատիկով, ինչպէս նաեւ 15 եւ 20 անգամով բարձրացնելու իրաւունքը` ըստ ամավարկի թիւ 96 յօդուածին:
Վաւերացուած ամավարկին մէջ նկատի առնուեցաւ ոգելից ըմպելիներուն սակը խորհրդանշական կերպով բարձրացնելու կարելիութիւնը:
Այս շրջագիծին մէջ Միքաթի յայտնեց, որ եթէ 2024-ի պետական ամավարկը 89.000 լ. ոսկիի փոխարժէքով վաւերացուի, ապա դրամատուները վաղն իսկ կը յայտարարեն, թէ սնանկացած են, «հետեւաբար այդ սակը պէտք է ճշդուի Կեդրոնական դրամատան եւ դրամատուներուն միջեւ համաձայնաբար», յայտնեց ան:
Նշենք, որ նախքան խորհրդարանին կողմէ պետական ամավարկի վաւերացումը եւ լսելէ ետք ամավարկին մասին երեսփոխաններուն նկատողութիւնները, Միքաթի խորհրդարանին մէջ կատարեց ամավարկին պաշտպանողականը:
Այս ծիրին մէջ ան նշեց, որ 2024-ի պետական ամավարկը համահունչ է լիբանանեան պայմաններուն` աւելցնելով, որ անիկա հսկայական տուրքեր չէր բովանդակեր: «Սակայն տուրքերու մասին երեսփոխաններուն յայտարարութիւնները կատարուեցան մեկնելով զուտ ժողովրդահաճոյ նպատակներէ, ինչպէս նաեւ կառավարութեան դէմ ցեխարձակումներէ մղուած», ըսաւ ան ներկաներուն:
Միքաթի նշեց, որ պետական ամավարկը սահմանադրական իր ժամկէտին մէջ վաւերացնելու նպատակը կառավարութեան կողմէ կը հետապնդուի պահպանելու եւ ուժեղացնելու համար երկրին կայունութիւնը:
Ան կոչ ուղղեց եւ անհրաժեշտ նկատեց ամերիկեան տոլարի փոխարժէքը միացնելու` ընդգծելով, որ այդ մէկը կատարելու իմաստով Կեդրոնական դրամատունը բոլոր միջոցները կը սերտէ, ինչպէս նաեւ ճիգ չի խնայեր կանխարգիլելու անոր ունենալիք հետեւանքները:
Ան դիտել տուաւ նաեւ, որ ամերիկեան տոլարի փոխարժէքը անփոփոխ դարձնելու միտում չկայ` շեշտելով, որ նախապէս այդ իրականութեան գինը սուղ վճարած է լիբանանցին:
Միքաթի հաստատեց, որ կառավարութիւնը կարողացած է զսպել տնտեսական մարզի կազմաքանդումը եւ իսկական ու լուրջ ապաքինման սկսած է արդէն: «Կեդրոնական դրամատան թիւ 36 հաշիւին մէջ ունինք աւելի քան 100 հազար միլիառ լ. ոսկի, ինչպէս նաեւ աւելի քան մէկ միլիառ տոլար», յայտնեց ան:
Վարչապետի պաշտօնակատարը նշեց, որ պատրաստուած պետական ամավարկը այն օրինակելի ամավարկը չէ` ներկայ բնական պայմաններուն համար, սակայն անիկա պատշաճ եւ Լիբանանին դիմագրաւած ծանր պայմաններուն համահունչ է:
Միքաթի ընդգծեց նաեւ, որ ներքին լիբանանեան առումով հնչած են ամբաստանութիւններ, թէ կառավարութիւնը երկրին որոշումը քաղաքական որոշ ուժերու կը յանձնէ, «սակայն այս ամբաստանութիւնը բացարձակապէս սխալ է», ըսաւ ան:
Միքաթի յայտնեց, որ ինք պիտի շարունակէ իր պաշտօնավարութիւնը այն իրաւասութիւններով, զորս սահմանադրութիւնը շնորհած է իրեն, ինչպէս նաեւ ազգային շահերը պիտի պաշտպանէ իր խղճին ձայնով:
Միքաթի իր խօսքը եզրափակեց հետեւեալ ձեւով. «Ընտրեցէ՛ք հանրապետութեան նախագահը եւ հեռացէ՛ք մեզմէ»: