Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահական Ընտրութեան Առումով Դրական Նշոյլնե՞ր

January 31, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակը նոր թափով պիտի վերսկսի Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը յաջողցնելու աշխատանքին եւ պիտի փորձէ «վնասազերծել» այդ գործընթացին ճամբուն վրայ ցանուած «ականներ»-ը:

Այս շրջագիծին մէջ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Սէուտական Արաբիոյ, Եգիպտոսի եւ Քաթարի դեսպաններ Լայզա Ճոնսընը, Էրվէ Մակրոն, Ուալիտ Պուխարին, Ալա Մուսան եւ շէյխ Սէուտ պըն Ապտել Ռահման պըն Ֆայսալ Ալ Թանին:

Ներկայ գտնուեցան նաեւ Պըրրիի խորհրդականներ Մահմուտ Պըրրի եւ Ալի Համտան:

Մէկ ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նախագահական ընտրութեան վերաբերող հարցերը:

Հանդիպումէն ետք Պըրրի ըսաւ, որ կեցուածքը միասնական էր, իսկ հանդիպումը` օգտակար ու խոստմնալից:

Կը նախատեսուի, որ այս հանդիպումը ըլլայ հնգեակին սկսելիք պաշտօնական շարժումին նախաքայլը, որ յառաջիկայ օրերուն պիտի շարունակուի Ֆրանսայի հանրապետութեան նախագահ Էմանուել Մաքրոնի եւ հնգեակի յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիանի Պէյրութ ժամանումով:

Լը Տըրիանի Լիբանան ժամանումին ընթացքին տուեալ երկիրներուն դեսպանները պիտի ներկայացնեն այն ընդարձակ խորագիրները, որոնց շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է Պուխարիի բնակարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին:

Այդ համաձայնութեան մէջ ընդգծուած են լիբանանեան քաղաքական ուժերուն կողմէ շրջանին վտանգաւոր զարգացումները` նկատի ունենալով նախագահական ընտրութեան կարիքը առաջնահերթ եւ կարեւոր նկատելու իրողութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանի քաղաքական կեանքը կանոնաւորել, որպէսզի կարելի ըլլայ ներկայ շրջանային մարտահրաւէրները դիմակայել:

Հնգեակի ներկայացուցիչ դեսպանները շեշտեցին նաեւ, որ դիմակայուելիք շրջանային մարտահրաւէրներէն կը նկատուի նաեւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութիւնը:

Անոնք անհրաժեշտ նկատեցին, որ նախագահական ընտրութիւն կատարելու առումով լիբանանեան ներքին համախոհութիւն գոյանայ այդ իմաստով, հետեւաբար հնգեակի ներկայացուցիչ Լը Տըրիան այդ իմաստով քայլերու պիտի դիմէ:

Պէտք է աւելցնել նաեւ, որ Լիբանան ժամանող արտաքին պատուիրակները ոչ մէկ ձեւով հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը կապած են Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան:

 

Նախորդը

Հըզպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Բախումները Կը Շարունակուին

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Տուպայի Լիբանանեան Հիւպատոսարան

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.