Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վահրամ Բալայեան. «Պատմութիւնը Ոչ Միայն Դաս Է, Այլեւ Դաժան Պատիժ Անկէ Դաս Չքաղողներուն Համար

February 21, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Երբ կը նայինք մեր ժողովուրդի պատմութեան, կարելի է ըսել, որ անիկա յաղթանակներու ու պարտութիւններու շղթայ մըն է. ցաւօք սրտի, արցախեան ազգային ազատագրական պայքարը եւս այդպիսի ընթացք ունեցաւ»: Այս մասին երէկ` 20 փետրուարին Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Արցախի ներկայացուցչութեան մօտ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր Վահրամ Բալայեան:

«Բազմաթիւ գործօններու ազդեցութեան տակ մենք չկրցանք մեր ունեցածը պահել, պաշտպանել: Ընդհանուր առմամբ, պատմութիւնը ոչ միայն դաս է, այլեւ պատիժ բոլոր անոնց համար, որոնք պատմութեան դասերը հաշուի չեն առներ: Ցաւօք սրտի, մենք մեր անցած դասերը հաշուի չառինք, չկրցանք պահպանել մեր պետականութիւնը:

Արցախի, մեր պատմութեան էջը դեռ փակուած չէ, ամէն սերունդ իր ներդրումը պէտք է ունենայ երկրի, պետականութեան պահպանման համար: Ճիշդ է` այսօր մենք յուսախաբուած, կոտրուած վիճակի մէջ ենք, բայց պէտք է եղած կարելիութիւնները օգտագործել եւ հզօրացնել Հայաստանը, այդ բոլորի պարունակին մէջ ալ փորձել հետագայ մեր պայքարը շարունակել, մեր պատմական հայրենիքի մէկ հատուածը ազատագրել», ըսաւ ան:

Ըստ Վահրամ Բալայեանի, Արցախի հարցը որեւէ կապ չունի Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան հետ. «Մենք ինքնորոշուեցանք մեր տարածքին վրայ: Այստեղ կարեւոր է նկատենք, որ մենք որեւէ երկրի, ժողովուրդներու տարածքներուն նկատմամբ յաւակնութիւններ չենք ունեցած: Մենք խորհրդային ժամանակաշրջանին ունեցած ենք Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզ, եւ անիկա որոշակի կարգավիճակ ունեցած է Խորհրդային Միութեան կազմին մէջ, ինչպէս Խորհրդային Ազրպէյճանը ունեցած է: Աւելին ըսեմ, որ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզը ունեցած է նաեւ Սահմանադրութիւն, ուր գրուած է, որ պաշտօնական, պետական լեզուն հայերէնն է: Իրաւական տեսանկիւնէն որեւէ խնդիր չկայ, այսօր խօսիլ, որ պէտք է Ազրպէյճանի տարածքին մէջ ըլլայ ինքնորոշում, այդպիսի բան չկայ, ատիկա անընդունելի է», նշեց Բալայեան:

Այս կամ այն որոշումով կարելի չէ փակել ազգային հարցերը. ըսաւ Վահրամ Բալայեան` անդրադառնալով այն դիտարկումին, որ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը փոխելով փորձ կը կատարուի ամբողջութեամբ օրակարգէն հանել Արցախի հարցը:

«Թուղթի վրայ գրուածը տակաւին հիմք չէ, այսինքն` ատիկա չի նշանակեր, որ մեր պայքարը պէտք չէ շարունակուի, մեր ժողովուրդը պէտք չէ պահանջատէր ըլլայ: Արցախը միայն արցախահայերունը չէ, անիկա համայն հայութեան կը պատկանի:

Ես կը կարծեմ` ժողովուրդը ատիկա պիտի չընդունի: Ատիկա ժողովրդական հանրաքուէի միջոցով պէտք է ըլլայ, եւ ժողովուրդը արդէն մէկ անգամ որոշում տուած է եւ հետամուտ պիտի ըլլայ իր իրաւունքները պաշտպանելու հարցին մէջ», ըսաւ ան:

«Մենք պէտք է այդ յուզական դաշտէն դուրս գանք եւ ճիշդ գնահատական տանք», ասաց Վահրամ Բալայեան` անդրադառնալով այն դիտարկման, որ Ռուսիան նոր փաստեր, ապացոյցներ կ՛ուզէ, որ 2023-ի սեպտեմբերին Արցախէն բռնի տեղահանում տեղի ունեցած է, արդեօք ատիկա ազրպէյճանամէտ դիրքորոշում չէ՞ մեր դաշնակից Ռուսիոյ կողմէ:

«Բնականաբար, այդպէս պէտք է ըսուի: Այսօր ռուս խաղաղապահները կը շարունակեն մնալ Արցախի մէջ, անոնք որոշակի առաքելութիւն պէտք է իրականացնէին, եւ պէտք է ըսել, որ ատիկա ձախողած է: Այդպէս պէտք է ներկայացուի:

Ճշդող հարցին` Ռուսիոյ այս դիրքորոշումը ինչպէ՞ս կը գնահատէ, Վահրամ Բալայեանը ըսաւ. «Ես չեմ գիտեր` իրենց ցանկութիւնը ո՛րն է, բայց մենք պէտք է այդ փաստերը ներկայացնենք ամբողջ աշխարհին: Այդ փաստերը պէտք է հաւաքուին, իրաւասու մարմիններուն պէտք է ներկայացուին, հարցով շահագրգիռ երկիրներուն` ցոյց տալով, որ այս ժողովուրդին նկատմամբ կատարուած է ցեղասպանական գործողութիւն եւ ամբողջ ժողովուրդ մը հայրենազրկուած է»:

Նշենք, որ Արցախի Ազգային ժողովը երէկ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Արցախի ներկայացուցչութեան մէջ նիստ գումարեց:

Նախորդը

Միշել. «Հարաւային Կովկասի Մէջ Խաղաղութեան Եւ Կայունութեան Հաստատումը Եւրոպական Միութեան Օրակարգին Վրայ Կարեւոր Տեղ Կը Գրաւէ»

Յաջորդը

Արցախեան Շարժման 36-Ամեակին Առիթով Արցախի Նախագահն Ու Շարք Մը Բարձրաստիճան Պաշտօնեաներ Եռաբլուր Այցելեցին

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.