Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Զարգացնելու Համար Մայիս 28-ի Ժողովրդավարական Աւանդութիւնները (Հայաստանի Հանրապետութեան 106-Ամեակին Առիթով)

Մայիս 28, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան հռչակագիրին բանաձեւած առաջադրանքներուն շարքին  նշուած է`  «Զարգացնել 1918 թուականի մայիսի 28-ին ստեղծուած անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդավարական աւանդոյթները»:

Այս պարզ ու ամփոփ բանաձեւը գաղափարաքաղաքական ընկալումով խորիմաստ նշանակութիւն ունի: Վերանկախացող Հայաստանը այս առաջադրանքով կ՛ընդունի մայիս 28-ով ստեղծուած Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդավարական էութիւնն ու դիմագիծը եւ կ՛առաջադրէ զարգացնել անոր հիմնած ու կիրարկած ժողովրդավարական կարգերն ու ժողովրդավարական մշակոյթը:

Առաջին մտածումը` պատմական  այս ճշմարտացիութեան, կ՛առաջնորդէ մտաբերելու քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային կամ, աւելի ճիշդ, այն օրհասական պայմանները, որոնց մէջ հիմնուեցաւ մեր հանրապետութիւնը: Անձեւ քաոս: Անձեւ քաոսը վերածել պետութեան, հանրապետութեան եւ վերածման` այդ բոլոր գործողութիւններուն մէջ կիրարկել ժողովրդավարութիւն: Կազմակերպել ընտրութիւններ, ձեւաւորել խորհրդարան, յարգել բազմակարծութիւնը, զարկ տալ ազատ մամուլին, խօսքի ազատութեան, ունենալ ընդդիմութիւն, կազմել համախոհական կառավարութիւն, տարբեր փուլերու ձեռնարկել խորհրդարանական ընտրութիւններու:

Ժողովրդավարութիւնը միայն ազատ եւ արդար ընտրութիւններուն չի վերաբերիր: Մշակոյթ է, քաղաքակրթական մակարդակ նոյնիսկ, յարգելու մարդու իրաւունքները եւ մանաւանդ հաշուի նստելու ժողովուրդի կողմէ հանրահռչակուած սկզբունքներուն, այս պարագային` Անկախութեան հռչակագիրին իւրաքանչիւր տարրին ու ոգիին հետ:

Յարգել մայիս 28-եան աւանդութիւնները` կը նշանակէ այդ աւանդութիւններու հարազատ մնալու հռչակագրային-սահմանադրական յանձնառութիւն ամրագրած  գաղափարական եւ իրաւական փաստաթուղթերը:

Անկախութեան հռչակագիրը ունի իրաւական ուժ, որովհետեւ սահմանադրութիւնը իր նախաբանով յղում կը կատարէ անոր: Հետեւաբար այնտեղ բանաձեւուած սկզբունքներուն շուրջ պայքար յայտարարելը աներկբայօրէն կը մեկնաբանուի հակասահմանադրականութեամբ եւ հետեւաբար` հակապետականութեամբ:

Եթէ Անկախութեան հռչակագիրը կը խօսի Արցախի վերամիաւորման մասին, ուրեմն Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ ընդունիլը հակասահմանադրական մօտեցում է:

Եթէ Անկախութեան հռչակագիրը կէտ ունի համայն հայութեան իղձերու  իրականացման եւ պատմական արդարութեան վերականգնման մասին, ուրեմն պատմական Հայաստանի յղացքէն հրաժարիլը հիմնովին հակասահմանադրական քայլ կը համարուի:

Սահմանադրական դատարանը բողոք ստանալու պէտք չունի բարձրագոյն ատեաններէ հնչած այս հակապետական յայտարարութիւններուն արձագանգելու եւ իրաւական համապատասխան քայլերու դիմելու համար: Որովհետեւ նոյն Հռչակագիրի 9-րդ կէտին համաձայն, Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր տարածքին մէջ կ՛ապահովէ օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական իշխանութիւններու տարանջատում: Այս հաստատութիւններուն համատեղումը միակուսակցականութեան մէջ` կոպտօրէն խախտում է Հռչակագիրին, առ այդ սահմանադրութեան:

Տակաւին, սահմանադրութեան յօդուած 13-ը կ՛ամրագրէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշը եռագոյն է` կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն հորիզոնական հաւասար շերտերով:

Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանն է կեդրոնին` վահանի վրայ, պատկերուած  Արարատ լեռը` Նոյեան տապանով,- պատմական Հայաստանի չորս թագաւորութիւններու զինանշանները:

Ինչպէ՞ս ուրեմն պէտք է բնութագրել Արագածի հակադրումը Արարատին կամ պատմական Հայաստանի հակադրումը` իրական Հայաստանին: Դժուար է հակասահմանադրական չորակելը սահմանադրութեան 13-րդ յօդուածը ոտնահարող յայտարարութիւնները:

Այժմէական խնդիրը միակողմանի զիջումներով ընթացող սահմանազատումն է: Աւելի համընդհանուր առումով, Անկախութեան հռչակագիրին, հետեւաբար նաեւ մայիսքսանութեան աւանդութիւնները չյարգելու, անտեսելու եւ զանոնք իրաւականութենէ զրկելու հակապետական մոօտեցումներու մասին է խօսքը:

Անկախութեան հռչակագիրը կը պարտադրէ, որ հայութիւնը վերակերտէ 1918-ի հանրապետութեան իրաւաժառանգորդ ղեկավարութիւն, որ տէր կանգնի Անկախութեան հռչակագիրի իւրաքանչիւր առաջադրանքին եւ ատով իսկ իրականացնէ մայիս 28-ի ժողովրդավարական աւանդոյթները:

Նախորդը

Մայիսեան Փառատօնով ՀՄԸՄ-ի 100-Ամեայ Ընտանիքը Վերահաստատեց Անխախտ Հաւատքով, Վճռական Կեցուածքով, Հայութեան Սրբազան Դատերուն Ամբողջական Կառչածութեամբ Շարունակելու Իր Նուիրական Երթը

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 19, 2025
Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Թրամփ. «Եթէ Իրանի Դէմ Զինուորական  Միջամտութեան Մը Կարիքը Զգացուի Պիտի Միջամտենք,  Եւ Իսրայէլ Անոր Պիտի Մասնակցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Խրիմին Վերատիրացում Եւ Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութիւն Տեղի Պիտի Չունենայ»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?