Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարաւային Լիբանանի Ազատագրումին 24-Ամեակին Առիթով. Պըրրի Կը Հաստատէ Թիւ 1701 Բանաձեւի Գործադրութեան Լիբանանի Յանձնառութիւնը

May 25, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարաւային Լիբանանի ազատագրումին 24-ամեակին եւ Դիմադրութեան տօնին առիթով, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ լիբանանցիներուն ուղղեց ուղերձ մը, որուն մէջ հաստատեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան` հաստատելով, որ ազատագրումը ամէն իմաստով ազգային տօն է, որովհետեւ անիկա հայրենիքին ու   գերիշխանութեան` հողին ու մարդուն ազատագրումն է թշնամիին լուծէն:

Խորհրդարանի նախագահը հաստատեց ինքզինք պաշտպանելու Լիբանանի իրաւունքը` շեշտելով, որ Լիբանան իր կարելի բոլոր միջոցներով պիտի դիմադրէ թշնամի Իսրայէլին ու անոր գործած բռնարարքներուն:

Ան աւելցուց նաեւ, որ Լիբանան իր իրաւունքներուն ու գերիշխանութեան տէր կը կանգնի եւ բնաւ պատրաստ չէ զիջումներ կատարելու, ինչպէս նաեւ բաց է իսրայէլեան բռնարարքներուն վերջ մը դնել ցանկացող միջազգային բոլոր ջանքերուն նկատմամբ:

Պըրրի շեշտեց նաեւ, որ Լիբանան ամէն իմաստով պիտի պայքարի սուրիացի տեղահանուածները կամ պաղեստինցի գաղթականները իր հողերուն վրայ բնակեցնելու բոլոր փորձերուն դէմ:

Այս շրջագիծին մէջ ան կոչ ուղղեց Լիբանանի կառավարութեան անյապաղ կապ հաստատելու Սուրիոյ կառավարութեան հետ եւ տեղահանուածներու մարդկային թղթածրարին բարւոք լուծում մը ապահովելու:

Անդրադառնալով նախագահական ընտրութեան` Պըրրի ընդգծեց, որ այդ գործընթացին կայացման օժանդակել փորձող Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակին ջանքերը պիտի չարդիւնաւորուին, եթէ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը համախոհութիւն գոյացնելու նպատակով կատարուելիք երկխօսութեան կամ խորհրդակցութեան տրամաբանութեան չընդառաջեն:

Միւս կողմէ, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի գործակատար հազարապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարի շեշտեց, որ 25 մայիս 2000-ին Լիբանան իր գերիշխանութիւնը վերականգնած է` հարաւային Լիբանանը ազատագրելով: Ան աւելցուց, որ պէտք է շարունակել տարբեր դժուարութիւններուն յաղթահարումը` վերականգնելու համար երկրին պետական հաստատութիւնները:

Իր կարգին, Պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Թոնի Սալիպա շեշտեց, որ 2000-ին թշնամիին դէմ ցուցաբերուած լիբանանցիներուն միասնականութեան արդիւնքը եղաւ հարաւային Լիբանանի ազատագրումը` աւելցնելով, որ լիբանանցիներուն միասնականութիւնը այլ յաղթանակներ պիտի ապահովէ նաեւ ներկայ ճակատամարտին:

Նախորդը

Թրիփոլիի Մէջ. Միքաթի Կոչ Կ՛ուղղէ Վերջ Տալու Նախագահական Ընտրութեան Հոլովոյթը Խոչընդոտող Քայլերուն

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ներկայ Գտնուեցաւ Արեւելքի Քրիստոնէութեան Նուիրուած Համագումարին

RelatedPosts

Խմբագրական.  Նախապայմաններ Եւ Բախումներ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

October 31, 2026
Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.