Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մայիսեան Փառատօնով ՀՄԸՄ-ի 100-Ամեայ Ընտանիքը Վերահաստատեց Անխախտ Հաւատքով, Վճռական Կեցուածքով, Հայութեան Սրբազան Դատերուն Ամբողջական Կառչածութեամբ Շարունակելու Իր Նուիրական Երթը

Մայիս 28, 2024
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

26 մայիս 2024-ին Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ տարիներու գեղեցիկ եւ խորհրդաւոր աւանդութեան վերածուած Մայիսեան փառատօնին ներկայ իւրաքանչիւր հայորդի, որ նախորդ տարի հերոսական Արցախի անընդունելի կորուստով, Հայաստանի կողմէ որդեգրուած յանձնուողական անվերջանալի քաղաքականութեամբ, հայութեան կրած մարդկային եւ նիւթական հսկայական  վնասներուն պատճառով յուսահատ ու տխուր խայծ կը կրէր սրտին մէջ, դաշտէն դուրս եկաւ նոր սերունդներուն կողմէ փոխանցուած յոյսի շողերով, վերահաստատուած վճռականութեամբ եւ հաւատքով, հայութեան դատերուն ի խնդիր անվերջ պայքարելու հաստատ որոշումով:

Արդարեւ, հայութիւնը, Արեւմտահայաստանը, Հայաստանը, Արցախն ու ազգին գերագոյն նպատակներն ու սեւեռակէտերը ներկայ էին շուրջ 2,5 ժամ տեւած փառատօնին ընթացքին, տիրական էին հոգեպարար ու յուսադրիչ խօսքերուն ճամբով, տպաւորիչ էին ՀՄԸՄ-ականներուն ճիգերով ու ժրաջան աշխատանքով դաշտին վրայ բազմած ձեռային աշխատանքներուն ընդմէջէն` Արարատով, Արցախի խորհրդանիշ Մամիկ-պապիկով, իր մէկ դարու թեւակոխումը նշող ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի մեծ ընտանիքին անմար ջահով, գեղարուեստական բաժինին մէջ ներառուած մշակոյթով: Հայութիւնն ու ապրելու անոր անխորտակելի կամքը հո՛ն էին`  վճռական քայլերով, բարձր ճակատներով տողանցող տարազաւորներով, յաղթանակներ կերտած մարզիկներով, հայոց լեզուն ու հայկական արժէքները ամէն բանէ վեր նկատող աշակերտներով եւ հայն ու մարդը կազմաւորելու լծուած միութենականներով:

Տակաւին բոլորին սրտին մէկ բաժինը հանդիսացող Արցախը տիրական ներկայութիւն էր ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հրաւէրով Լիբանան գտնուող ՀՄԸՄ-ի Արցախի մեկուսի շրջանի սկաուտներուն եւ Արցախի համար իրենց կեանքը նուիրաբերած ՀՄԸՄ-ական նահատակներուն նկատմամբ ցուցաբերուած յարգանքով:

Բացման խօսքը արտասանեց Դալար Պէպէճեան, որ լուսարձակի տակ առաւ փառատօնին առիթը` Հայաստանի անկախութեան 106-րդ տարեդարձը եւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի հիմնադրութեան 100-ամեակը, եւ ըսաւ, որ այս զոյգ առիթներով մենք կը տօնենք ոչ միայն հայ ժողովուրդի ազատութիւնն ու տոկունութիւնը, այլ նաեւ միասնութեան, նուիրուածութեան եւ ծառայութեան անսասան ոգին, որուն մարմնաւորումը կը հանդիսանայ ՀՄԸՄ-ը:

«Հարիւրամեակ մը ամբողջ ՀՄԸՄ-ը հանդիսացած է յոյսի ճրագ` դաստիարակելով եւ վառ պահելով հայ ազգի եւ հայ էութեան վսեմ արժէքները լիբանանահայ երիտասարդութեան մէջ: ՀՄԸՄ-ը Լիբանանի մէջ կարեւոր դեր խաղցած է եւ պիտի շարունակէ խաղալ մեր մշակութային ժառանգութեան պահպանման, ֆիզիքական ու բարոյական պատրաստութեան խթանման եւ մեր հայ ինքնութեան դրսեւորման մէջ», հաստատեց ան:

Դալար Պէպէճեան յարգանքի եւ մեծարանքի խօսք ուղղեց Հայաստանի անկախութեան համար ինկած նահատակներուն, որոնց սրբազան զոհաբերութեամբ անոնք կերտեցին մեր ազգի ներկան ու ապագան, ՀՄԸՄ-ի հիմնադիրներուն, առաջնորդներուն եւ անդամներուն, որոնց տեսլականով եւ անխոնջ ջանքերով միութիւնը Լիբանանի դժուարին եւ ճակատագրական պայմաններուն մէջ կը մնայ գաղութի խարիսխներէն մէկը: Աւարտին ան հաստատեց, որ անկախութեան ոգին եւ ՀՄԸՄ-ի արժէքները պիտի շարունակեն ոգեշնչել բոլորը` ձգտելու եւ կառուցելու աւելի պայծառ, ուժեղ ու միասնական հայրենիք:

ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին հնչեցուցած Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներուն եւ «Ով հայ արի»-ի կշռոյթով բարձրացան Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՄԸՄ-ի դրօշակները, ապա խորհրդաւոր կերպով կատարուեցաւ ջահավառութիւնը` ձեռամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի երիցագոյն խմբապետ Աբօ Մոսիկեանի եւ բոլոր մասնաճիւղերու մոկլիներուն` սկաուտական ձեռային աշխատանքով պատրաստուած հսկայ ջահի կատարին:

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան խօսքը ուղղեց վարչութեան ատենապետ Վահան Համամճեան, որ նախ եւ առաջ անդրադարձաւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի հիմնադրութեան եւ ըսաւ, թէ վերապրողները այս միութիւնը ստեղծեցին այն համոզումով, որ հայեցի դիմագիծով օժտուած, ազգային նկարագիրի տէր եւ մէկուկէս միլիոն նահատակներուն աւանդը բոցավառ պահող սերունդներ ունենալու համար հրամայական է նաեւ մարդկային եւ ազգային առողջ դաստիարակութիւն ջամբող այս միութեան ակումբի դռները լայնօրէն բանալ նորահասներուն դիմաց, զանոնք առնել իր ապահով եւ հարազատ երդիքին տակ: Ան հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ միութեան հիմնադիրները չէին սխալած, որովհետեւ ՀՄԸՄ-ի շուրջ հաւաքուած որակով եւ քանակով հարուստ  խումբ մը նուիրեալ երիտասարդներ` հաւատարիմ իրենց ուխտին, այս միութիւնը  վերածեցին հայութեան էութիւնը կազմաւորող, հայ հոգին անեղծ պահող, ֆիզիքականին կողքին մտային ներշնչում ու զարգացում ջամբող, ազգային աւանդութիւններուն եւ արժէքներուն պահապանը հանդիսացող հնոցի: «Եւ ամբողջ 100-ամեակ մը`  հաւատարիմ ՀՄԸՄ-ի քայլերգին, նշանաբանին ու նշանակին, Լիբանանի ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը մնաց ազգի գոյութեան պատուանդանն ու յարատեւման ազդակներէն մէկը, հանդիսացաւ լիբանանահայ գաղութի յաջողութիւններուն եւ ապագայի երազներուն խորհրդանիշը, անոր  շեփորախումբի նուագի կշռոյթը լսելի դարձաւ գաղութի ուրախ թէ տխուր առիթներուն, մոկլիներէն մինչեւ երէցներուն տողանցքը ազդանշանը տուաւ հայութեան ծոցէն ծնած ու անոր շարունակութիւնը երաշխաւորելու կոչուած սերունդներու առկայութեան, եւ կը հաւատանք, որ այդպէս պիտի շարունակէ այսօր ու ապագային եւս», դիտել տուաւ Համամճեան:

Հաստատելով, որ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շրջանը գաղութի կեանքին մէջ ունի իր դերն ու կշիռը, արդարեւ, իր մէկ դարու նուիրումով եւ գործունէութեամբ մաս կը կազմէ տարուած անխոնջ առաքելութեան` ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետը հրամայական նկատեց, որ  ՀՄԸՄ-ը մնայ ուժեղ եւ կազմակերպ ոչ միայն իր նուիրումը շարունակելու եւ սերունդներուն ծառայելու համար,  այլ նաեւ` համայն սփիւռքին համար,  Հայաստանին համար, Արցախին համար, համայն հայութեան գերագոյն շահերուն եւ իտէալներուն ի խնդիր:

Վահան Համամճեան լուսարձակի տակ առաւ նաեւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կերտումը` շեշտելով, որ  28 մայիսին կերտուած անկախութիւնը հայ ժողովուրդի միասնականութեան, ազգային գոյատեւման, հաւաքական կամքի միահամուռ արտայայտութիւնն է: Ան աւելցուց, որ այսօր տարբեր են պայմաններն ու մարտահրաւէրները, սակայն մենք պարտաւոր ենք հաւատարիմ մնալ մայիս 28 կերտած սերունդներու սկզբունքներուն, կառչիլ անոնց կամքին ու համոզումներուն, ունենալ նոյն քաջութիւնն ու վճռականութիւնը` նորանոր յաղթանակներ կերտելու եւ կտակելու յաջորդող սերունդներուն:  Իր խօսքի եզրափակիչ մասով ան կոչ ուղղեց սկաուտներուն` միասնաբար, կողք-կողքի, ուս-ուսի շարունակելու մեր ուխտեալ քոյրերուն եւ եղբայրներուն երթը , որպէսզի նուաճենք նոր ամեակներ եւ տօնենք նոր 100-ամեակներ` միշտ յարգելով ու արժեւորելով դար մը ամբողջ նուիրումով գործածներուն աւանդը, միութեան նեցուկ կանգնողներուն ներդրումը:

Ապա կատարուեցաւ ԼԵՎԱՄ-ի 2023-24  տարեշրջանի  վահանի տուչութիւն` Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանին, նաեւ յայտարարուեցաւ, որ Ալեքքօ Պէզիքեանի նուիրուած լաւագոյն մարզիկի մրցանակը կը շահի Վեհ Քրիստ Հարպոյեան` Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանէն, իսկ Անի Պեզիքեանի յիշատակին նուիրուած լաւագոյն մարզիկուհիի մրցանակը կը շահի Լորէն Ճերմակեան` Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանէն:

Անկէ ետք սկաուտները հանդէս եկան յաղթանակի պարով, ռազմական եարխուշտայով, տախտակներու պարով, նաեւ ցուցադրեցին կենդանի պատկերներ` 28 մայիսի անկախութիւնը, ՀՄԸՄ-ի ծնունդը եւ Արցախը մարմնաւորող:

Այնուհետեւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին հնչեցուցած երաժշտութեան կշռոյթներով խրոխտ, հպարտ եւ հաստատ քայլերով, պահանջատէր ու ինքնավստահ հայու դոփիւնով տողանցեցին ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղերը, շրջանային խմբապետութիւնը, վեթերան խմբապետները, ՀՄԸՄ-ի մարզական ներկայացուցչական խումբերը, մարզական դպրոցի աշակերտները, մասնաճիւղերու մարզիկները, ԼԵՎԱՄ-ի մրցումներուն մասնակցած հայկական տարբեր վարժարաններու աշակերտները: Լիբանանահայութիւնը բուռն ծափահարութեամբ ողջունեց ՀՄԸՄ-ի Արցախի մեկուսի շրջանի սկաուտները, որոնք Արցախի դրօշի հովանիին տակ տողանցեցին:

Ապա խօսք առաւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեան, որ փառատօնի առիթը լուսարձակի տակ առաւ` տօնախմբել հայոց պատմութեան ամէնէն պայծառ սխրագործութեան` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 106-ամեակը, մեր ողնաշարը շտկել եւ բարձրաճակատ յիշել այն բոլոր «խենթ»-երը, որոնք հայոց պատմութեան մայիսեան էջերը ոսկի տառերով արձանագրեցին, յարգել յիշատակը ողջմիտ ու պայծառատես մարդոց, որոնք հիմը դրին հայոց պետականութեան, ոչինչէն ամէն ինչ ստեղծեցին, նշել ՀՄԸՄ-ի ամէնէն բեղուն գործունէութիւնը ծաւալած, սերունդներ դաստիարակած եւ միութեան փարոս նկատուող Լիբանանի շրջանի հիմնադրութեան 100-ամեակը:

Ապա ան մէկիկ մէկիկ յիշեց անունները այն 60 ՀՄԸՄ-ականներուն, որոնք երկարամեայ ծառայութիւն մատուցած եւ մեզմէ առյաւէտ բաժնուած են, սակայն մէկ դարու կազմակերպական, դաստիարակչական, սկաուտական եւ մարզական անհամար յաջողութիւններով հարուստ Լիբանանի այս շրջանի իրագործումներուն մէջ իրենց մեծ ներդրումը ունեցած: Ան շեշտեց, որ այդ նուիրեալներն ու անոնց ներկայի սերնդակիցները ՀՄԸՄ-ի ակումբն ու դաշտը նկատեցին իրենց երկրորդ տունը, ՀՄԸՄ-ականները` իրենց հարազատները, եւ ՀՄԸՄ-ի մէջ տարած իրենց աշխատանքով կեանք մաշեցուցին իբրեւ ազգի ծառաներ:

Յակոբ Խաչերեան ըսաւ, թէ իր հիմնադրութենէն ցայսօր` հարիւր եւ վեց տարիներ, շրջանցելով ամէն խոչընդոտ` ՀՄԸՄ շարունակեց պատուով կատարել ազգանուէր ու հայրենանուէր իր առաքելութիւնը հոն, ուր հայ շունչ կար ու կայ:

«Հիմնեց միաւորներ, մասնաճիւղեր, մեկուսի շրջաններ, շրջաններ եւ եղաւ համագաղութային միութիւն: Կազմեց նահատակ ցեղի անմահներէ կամաւոր բանակներ, որոնք անսասան ու անդեդեւ, եռագոյնը բարձր պահած` անցան յառաջ դէպի յաղթանակ: Տողանցեցին կարգապահ շարքերով ու հաստատ քայլերով իւրաքանչիւր հայու կամքը լարելով: Տողանցեցին սփիւռքի բոլոր հայկական գաղութներու ցուրտ ու օտար փողոցներէն շուրջ 70 տարիներ` քաջ գիտնալով ու վստահեցնելով «դուրս»-ի  եւ «ներս»-ի հայոց, որ կայ վերադարձ: Կայ վերադարձ մայիսեան յաղթանակներու ժամանակաշրջան: Եւ … հաւատարիմ իրենց խոստումին, մեր կամաւորներու բանակները վերադարձան ու տողանցեցին Երեւան-Հանրապետութեան հրապարակ 1994-ին եւ աւելի ուշ 2019-ին Ստեփանակերտ-Վերածնունդի հրապարակ», ըսաւ ան` հաստատելով, որ միութիւնը արժանացաւ բոլորի յարգանքին եւ սիրոյն:

Իր խօսքի աւարտին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը խօսեցաւ մերօրեայ կացութեան մասին` լուսարձակի տակ առնելով 2020-էն ի վեր հայութեան կրած մեծ կորուստները, հողատարածքներու յանձնումը, ազգային արժեհամակարգերու ոտնահարումը: Նշելով, որ այսօր մեր ճաշակած հացը լեղի է, մեր խնդուքը վերածուած է դեղին ժպիտի, իսկ մեր արժանապատւութիւնը արատաւորուած է` Խաչերեան ըսաւ. «Բայց մեր կամքը անխորտակելի… Պիտի վերականգնինք, զօրաշարժի պիտի ենթարկենք մեր կամաւորներու բանակները ու քալենք յառաջ, անսասան ու անդեդեւ, ու իրականացնենք մեր ուխտը Արարատին. «Հաւատա՛, կրանիտեայ ո՛վ աստուած’ Սրբազան լեռ, հաւատա, որ կը հասնի՛նք, մենք կը հասնի՛նք կատարիդ …..»:

Ապա հնչեց արցախեան նահատակ, ՀՄԸՄ-ական Գէորգ Հաճեանի մեկնաբանած «Ղարաբաղի ողբը» երգը, որուն զուգահեռ սկաուտները տողանցեցին` Արցախի համար իրենց կեանքը նուիրաբերած ՀՄԸՄ-ական նահատակներուն նկարներով:

Աւարտին իր պատգամը ուղղեց Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան:

Առաջնորդ սրբազան հայրը նշեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 106-րդ տարեդարձի առիթով հաւաքուած ենք Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան մարզադաշտին մէջ, որպէսզի նոր յոյսերով ողջունենք տեսակաւոր տագնապներու բովէն անցնող մեր հայրենիքը:

«Այս օրը մեզի համար տեսակ մը ուխտագնացութիւն է, որպէսզի անցեալի պատմութեան վերաքաղը կատարելով զգանք, թէ արդարեւ Հայաստանի անկախութիւնը ամէնէն գեղեցիկ եւ ամէնէն հզօր իրագործումն է հայութեան կամքին: Մայիս 28-ի անկախութիւնը ծնունդ առած է մեր ժողովուրդի վիշտերէն ու վէրքերէն, նաեւ վասն լինելութեան իր մղած դարաւոր պայքարներէն, որոնք տակաւին չեն վերջացած», յայտնեց սրբազան հայրը:

Առաջնորդ սրբազանը ըսաւ, որ յատկապէս ներկայ, բացառիկ պայմաններուն մէջ եւ Հայաստանի դիմագրաւած տեսակաւոր դժուարութիւններուն դիմաց, պարտաւոր ենք նոր գիտակցութեամբ նայելու մեր պատմութեան, որպէսզի անով խրատուինք եւ անդրադառնանք, թէ մենք իրաւունք չունինք ձեռնածալ անցնելու Հայաստանի անկախութիւնը վտանգող դժուարութիւններուն առջեւէն: «Պէտք է դարձեալ արթննայ մեր ժողովուրդին գիտակցութիւնը, որպէսզի Արցախի կողքին նոր դաւադրութիւններու զոհը չդառնայ մեր ազգի յոյսերէն ու տենչերէն ծնունդ առած անկախ Հայաստանը», շեշտեց Շահէ արք. Փանոսեան:

«Մայիս 28-ի առիթով կ՛ողջունենք նաեւ Հայաստանի ազատութեան եւ անկախութեան մարտերուն մէջ զոհուած մեր հերոս բիւրաւոր նահատակները: Անոնք անցեալի յուշ եւ յիշատակ չեն մեզի համար, այլ նոր կոչ ու պատգամ, որպէսզի Հայաստանի մէջ եւ սփիւռքի տարածքին, հաւատքի զօրութեամբ մեր անկումներէն վեր բարձրանալու եւ յաղթական մնալու ճիգ կատարենք», ըսաւ առաջնորդ սրբազանը` աւելցնելով, որ Սարդարապատի անմահ հերոսներու ոգին պէտք է յաւերժօրէն սաւառնի ազատութեան պայմաններուն մէջ ու հայրենի հողին վրայ ապրիլ ուզող մեր ժողովուրդի զաւակներու հոգիներուն մէջ:

Առաջնորդ սրբազան հայրը ընդգծեց, որ այսօր Հայաստանը իր զաւակները դարձեալ կը հրաւիրէ արժանապատիւ կեանքի: Հետեւաբար մեր կեանքը վերակազմակերպելը աղաղակող կարիք է ամէն տեղ, որովհետեւ Հայաստանին սպառնացող դժուարութիւնները չեն կրնար յաղթահարուիլ առանց մեր ժողովուրդի զօրեղ հաւատքին, քաջութեան եւ միասնական հայրենանուէր կեցուածքին: Ինչ ալ ըլլան մեր կեանքին պայմանները, պէտք չէ մեր տենչերէն ու երազներէն հեռանալով արկածախնդրութեան մատնենք մեր հայրենիքին վիճակը: Պէտք է հաւատալ մեր ժողովուրդի ապագային ու հաւատալ մեր դարաւոր իղձերուն եւ տենչերուն, եւ անոնց իրագործման համար ընծայաբերել ամէն բան:

Եզրափակելով` առաջնորդ սրբազան հայրը մայիս 28-ի առիթով ողջունեց նաեւ ՀՄԸՄ-ը եւ օրհնութեան խօսք ըսաւ լիբանանահայ գաղութին մէջ միութեան ունեցած 100-ամեայ ազգակերտ բեղուն վաստակին մասին:

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Սարդարապատ»-ով եւ «Յառաջ նահատակ»-ով:

Ապա մթնոլորտը խանդավառեց Ներսիկ Իսպիրեան:

 

 

 

Նախորդը

Այսօր 28 Մայիս 1918 Է, Սարդարապատ Է

Յաջորդը

Խմբագրական. Զարգացնելու Համար Մայիս 28-ի Ժողովրդավարական Աւանդութիւնները (Հայաստանի Հանրապետութեան 106-Ամեակին Առիթով)

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 19, 2025
Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Թրամփ. «Եթէ Իրանի Դէմ Զինուորական  Միջամտութեան Մը Կարիքը Զգացուի Պիտի Միջամտենք,  Եւ Իսրայէլ Անոր Պիտի Մասնակցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Խրիմին Վերատիրացում Եւ Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութիւն Տեղի Պիտի Չունենայ»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?