Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու Համահայկական Խորհրդաժողով

Մայիս 30, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի հայաթափումով եւ Հայաստանի Հանրապետութեան շուրջ օրըստօրէ լարուող ապահովական միջավայրի ու գոյութենական սպառնալիքներու պայմաններուն մէջ ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերու աշխատանքներու հիմնական ուղղութիւններու քննարկման եւ համադրման, ինչպէս նաեւ ըստ անհրաժեշտութեան մարտավարական որոշակի վերանայումներ ընելու համար` ՀՅԴ Բիւրոն կազմակերպեց Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողով:

Խորհրդաժողովին մասնակցեցան աւելի քան քսան երկիրներէ ժամանած` ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերու ու գրասենեակներու պատասխանատուներ, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ կուսակցական մարմիններու ներկայացուցիչներ:

25 մայիսին կատարուեցաւ խորհրդաժողովի պաշտօնական բացումը, որուն ընթացքին խօսքեր արտասանեցին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, Հայաստանի արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեան, Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ սրբազան, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Հայ դատի ու քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան:

Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածնի արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Նաթան արք. Յովհաննիսեան փոխանցեց Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին պատգամը:

«Երկու օր առաջ կը հետեւէի Ազրպէյճանի այսպէս կոչուած Ազգային ժողովի նիստին, յետոյ մեր Ազգային Ժողովի նիստին: Եւ գիտէք, երբ խօսոյթները կը լսէի, ինծի կը թուէր, թէ շփոթած եմ: Երկուքն ալ Ազրպէյճանի Ազգային ժողովն են` նոյն խօսոյթով, նոյն տրամաբանութեամբ եւ մէկը միւսին` իբրեւ դատապաշտպան: Շատ ցաւալի է, որ այսօր Հայաստանի մէջ կը կատարուի այն, ինչ որ երէկ առջի օրը Ազրպէյճանի Ազգային ժողովին մէջ պահանջ դրուեցաւ Հայաստանի կառավարութեան առջեւ` չէզոքացնել եկեղեցւոյ եւ սփիւռքի ազդեցութիւնը վրէժխնդրական եւ անջատողական գործունէութեան համար», նշեց Նաթան արքեպիսկոպոս:

Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի համաձայն, Դաշնակցութիւնը որոշած է պահպանել Արցախի իր կառոյցները: Ան յայտարարեց. «Մեզի համար Արցախի հարցը ոչ միայն փակուած չէ, այլեւ վերջին «պատերազմը»

պարզապէս ճակատամարտի կորուստ է,- մենք ամէն գնով պիտի պաշտպանենք Արցախի իրաւունքները»:

Խորհրդաժողովին մասնակցող Բագրատ սրբազան անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան խնդիրին` ընդգծելով, որ այդ հարցը պէտք է առկայ ըլլայ մեր կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ: «Մեզի համար, իբրեւ ազգ, շատ կարեւոր է, որպէսզի յատկապէս Ցեղասպանութեան հարցը, որովհետեւ մեր բոլոր խնդիրները այս պահուն անխուսափելիօրէն կ՛ածանցուին անկէ, զգացմունքային ու միայն պահանջատիրութեան դաշտէն տեղափոխուի համակարգային բանականութեան դաշտ, տարածուի մեր կեանքի բոլոր շերտերուն, ոլորտներուն մէջ` իբրեւ գաղափարաբանութիւն», ըսաւ ան:

Սրբազանը ընդգծեց նաեւ` մեր հայեացքները պէտք է ուղղենք դէպի ազգի ներուժը, ոչ թէ աշխարհի այս կամ այն բեւեռը:

Արա Պուլուզեանի համաձայն, արցախցիներուն համար առաջնայինը իրենց Արցախ վերադարձի իրաւունքի հարցն է: «Արցախը հայկական պետականութեան գաղափարախօսական հիմքն էր տասնամեակներ շարունակ: Այժմ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները նոր գաղափարական հիմքի փնտռտուքի մէջ են», նշեց ան:

«Մեզի կը ստիպեն հրաժարիլ մեր անցեալէն, որպէսզի կառավարեն մեր ապագան», ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան` շարունակելով. «Դուք կ՛ապացուցէք, որ սեփական շահերը ճիշդ ձեւակերպողը ոչ միայն մինակ չի մնար միջազգային ասպարէզին մէջ, այլ կը կարողանայ նոյնիսկ ամէնէն անսպասելի տեղերուն մէջ գտնել դաշնակիցներ: Հայրենիքին մէջ ապրող հայը Հայ դատի գրասենեակներու գործունէութիւնը կը նոյնականացնէ հայկական շահերու պաշտպանութեան հետ»:

Վարդան Օսկանեան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Իմ պաշտօնավարմանս աւարտին մենք հայ ժողովուրդին բաւական լաւ ժառանգութիւն ձգած էինք յատկապէս Արցախի հարցին մէջ, որ այժմէական էր նոյնիսկ 2018 թուականին»: Ան ՀՅԴ Հայ դատի գրասենեակներու ներկայացուցիչները նկատեց դեսպաններ. «Ինծի յիշեցուց իմ  նախարարութեան ժամանակս, երբ տարին մէկ անգամ բոլոր դեսպանները կը հաւաքուէին Երեւանի մէջ` գնահատելու մեր ըրած աշխատանքը, վելուծելու իրավիճակը եւ ծրագրելու հետագայ ընելիքները: Բայց այդ յիշողութիւններն ու այսօրուան իրավիճակը կը տարբերին ժամանակի բովանդակութեան առումով: Այդ ժամանակ գոյութիւն ունէր Արցախ` պետական կառոյցներով, ժողովուրդին կողմէ ընտրուած ղեկավարներով, Հայաստանը բանակցային սեղանի շուրջ կը կարողանար թելադրել իր կամքը: Մենք ունէինք իսկապէս դաշնակիցներ եւ բարեկամներ, որոնք կ՛օգնէին մեզի, կը նպաստէին մեր վարած քաղաքականութեան եւ նոյնիսկ մեր հակառակորդները կը յարգէին Հայաստանի սահմաններն ու ինքնիշխանութիւնը: Այսօր չկայ Արցախ, արցախահայութիւնը զրկուած է իր հայրենիքէն, տունէն, Հայաստանի դիւանագիտութիւնը անորոշութեան մէջ է, դաշնակցային յարաբերութիւնները փլուզուած են, բարեկամները անտարբեր են: Հայաստանի դիւանագիտութիւնը յայտնուած է ոլորանի մը մէջ, անողոք շրջափուլի մը մէջ, որմէ դուրս գալը այս իշխանութիւններուն պարագային անկարելի է»:

Կիրօ Մանոյեան շեշտեց. «Ոչ միայն Թուրքիոյ ու Ազրպէյճանի վարքն ու խոչընդոտները պէտք է յաղթահարենք, այլեւ` հայրենի պետութեան, իշխանութեան հակազգային քաղաքականութիւնը»:

Ըստ անոր, Հայաստանի իշխանութիւններուն վարած այս հակապետական քաղաքականութիւնը յատկապէս խնդրայարոյց է, երբ օտարները զայն մատնացոյց կ՛ընեն. «Խնդրայարոյց է այն, երբ օտար շրջանակները, մատնացոյց ընելով Հայաստանի Հանրապետութեան գործող  իշխանութիւններուն այդ կեցուածքները, կը հիմնաւորեն իրենց կրաւորական կամ նոյնիսկ  բացասական կեցուածքը: Սա կարելիութիւն կու տայ ըսելու` եթէ ձերինները այսպէս կ՛ընեն, մենք իրենցմէ աւելի հայ պիտի չըլլանք»:

Նախորդը

Ալիեւ. «Հայաստանը Պէտք Է Ճանչնայ Խոջալուի Ցեղասպանութիւնը Եւ Ներողութիւն Խնդրէ»

Յաջորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան 106-Ամեակին Առիթով Յարգանք` Արամ Մանուկեանին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?