Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի քարոզչական մարմինին, Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 106-ամեակին առիթով, երէկ` չորեքշաբթի, 29 մայիս 2024-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային տօնակատարութիւն` «Ահա՛ զանգը Տաւուշէն» խորագիրով:
Կեդրոնական կոմիտէի քարոզչական մարմինին անունով ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Արամ Սոմունճեան, ապա ցուցադրուեցաւ կարճ տեսանիւթ մը Հայաստանի ներկայ իրագործութիւններուն վերաբերեալ: Օրուան բանախօսն էր Տիգրան Ճինպաշեան: Յաջորդեց Բագրատ արք. Գալստեանի տեսաուղերձը: Մկրտիչ եւ Լիանա Միքայէլեաններ կատարեցին այս ձեռնարկին առիթով յատուկ մշակուած «Կիլիկիա» մաղթերգը, իսկ Վիգէն Տիշչեքենեան կատարեց ազգային հայրենասիրական երգեր: Ձեռնարկին առիթով Արամ Ա. կաթողիկոսին պատգամը ընթերցեց կաթողիկոսարանի մատենադարանապետ Շահան արք. Սարգիսեան:
Ձեռնարկին մանրամասնութիւններուն կ՛անդրադառնանք հետագային:_


