Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տասնեակ Հազարաւոր Հայորդիներու Մասնակցութեամբ Հանրահաւաքի Ընթացքին. Բագրատ Արք. Գալստանեանի Թեկնածութիւնը Առաջադրուեցաւ Վարչապետի Պաշտօնին

Մայիս 28, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 26 մայիսին Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին մէջ սկսաւ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման առաջնորդ Բագրատ արք. Գալստանեանի հրաւիրած համազգային հանրահաւաքը:

Մինչեւ հանրահաւաքին սկսիլը, երիտասարդները Մատենադարանին մերձակայքէն երթով միացան հրապարակին մէջ հաւաքուած բազմահազար քաղաքացիներուն:

Կառավարութեան շէնքին դիմաց վահաններով զինուած բազմաթիւ ոստիկաններ բերուած էին: Անոնք քանի մը շարքով փակած էին կառավարութեան շէնքին մուտքը:

Հանրահաւաքն սկսաւ զօրակցութեան խօսքերով` ուղղուած կիրակի օր Տաւուշի եւ Լոռիի մէջ բնական աղէտի հետեւանքով տուժածներուն:

Բագրատ սրբազանը, աղօթք բարձրացնելէ առաջ, կոչ ուղղեց մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգելու աղէտի հետեւանքով զոհուած քաղաքացիներուն յիշատակը:

«Այս իշխանութիւնը ոչ միայն յանցաւոր կերպով կը յանձնէ մեր պետութիւնը` իր ֆիզիքական գոյութեամբ, այլեւ աւելի սարսափելին կ՛ընէ` կը ձգտի փոխել մեր հայրենիքի բովանդակութիւնը, ինքնութիւնն ու արժէքները` գողնալով եւ ուրանալով մեր խորհրդանիշները, մեր երազներն ու իղձերը, մեր գոյութեան իրաւունքն ու կենսագրութիւնը` մոռնալով, որ ոգին յաղթած է «դուխին», Եռագոյնը` սեւ ու սպիտակին», հանրահաւաքի ժամանակ ըսաւ Բագրատ սրբազանը` աւելցնելով, որ հակառակ այս բոլորին, պայքարը պիտի հասնի իր նպատակին:

Ան ընդգծեց` այս շարժումը հայկական օրակարգ, յստակ նպատակ ունենալու մասին է, կարգապահ ու պատասխանատու քաղաքացիներ ունենալու, դիմակայուն ու անվտանգ, կայուն ու հաստատուն պետութիւն ու խաղաղութիւն ունենալու մասին է:

«Այս շարժումը Աւետեաց երկիր ունենալու մասին է», յայտարարեց Բագրատ սրբազանը` այդ նպատակին հասնելու համար վերահաստատելով Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջը:

«Այս ճանապարհի խոչընդոտը այսօրուան իշխանութիւնը, յատկապէս անոր ղեկավարն է, հետեւաբար ան պէտք է հեռանայ», ըսաւ սրբազանը: «Հեռացի՛ր» վանկարկեցին Հանրահաւաքին մասնակիցները:

Երեւանի պետական համալսարանի արեւելագիտութեան բաժանմունքի դասախօս փրոֆեսէօր Գուրգէն Մելիքեան իր ելոյթին մէջ ըսաւ. «Շատ դժուար փուլ մը մեզի կը սպասէ: Ժողովո՛ւրդ, մենք պէտք է այդ դժուարութեան յաղթենք, հասկնանք, թէ ով որ ալ ստանձնէ պատասխանատուութիւնը, սա անոր համար պիտի ըլլայ իր կեանքի ամէնէն բարդ ծառայութիւնը: Հայաստանը երբեք այսքան ծանր վիճակի մէջ իշխանութիւն չէ փոխած: Մեզի պէտք է մէկը, որ կրնայ վերցնել այդ պատասխանատուութիւնը, համախմբել բոլորը, եւ կապուած չըլլայ ոեւէ մէկէն, բացի սեփական խիղճէն, ժողովուրդէն ու պետութեան շահէն:

«Ճնշող մեծամասնութիւնը եղած է միակարծիք, որ այդ մարդը, ի հարկէ, Բագրատ սրբազանն է: Եւ կայ արդէն յստակ ձեւաւորուած համախոհութիւն քաղաքական ուժերուն եւ ժողովուրդին մօտ, որ շարժումի առաջնորդ Բագրատ սրբազանը պէտք է ըլլայ նաեւ վարչապետ», ըսաւ ան:

«Սրբազա՛ն վարչապետ», վանկարկեց ժողովուրդը:

Բագրատ սրբազանը յայտարարեց, որ անցումային կառավարութիւնը` հաշտութեան կառավարութիւնը, պէտք է ըլլայ մասնագիտական կարողութիւններով, հմտութիւններով օժտուած, պէտք է ըլլայ նաեւ հայրենատէր եւ աստուածասէր:

«Կառավարութիւնը յստակօրէն պէտք է ունենայ օրակարգային երեք ուղղութիւններ:

Առաջինը` ներքին հաշտութեան օրակարգ` հիմնուած արդարութեան եւ արդարադատութեան վրայ:

Երկրորդը` արտաքին յարաբերութիւններուն մէջ պէտք է վարէ առանց «հակա»-ներու քաղաքականութիւն, ներկայ վիճակը սառեցնէ, ինչ որ չափազանց դժուար է, որովհետեւ տեղեկատուութեան անսահմանափակ պակաս կայ այս պահուն: Ամէն գնով պէտք է սառեցնել այն իրավիճակը, որուն մէջ մենք կը գտնուինք: Պէտք է ձգտի իրական` կայուն խաղաղութեան` ուժի սպառնալիքի կիրարկման վերացումով, մեր գերիներու եւ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան վերադարձի իրականացումով, խաղաղութեան պայմանագիրի շուրջ իրական, խորքային բանակցութիւններ վարելով, ներառեալ` արցախցիներու անվտանգ վերադարձը` անվտանգութեան եւ բոլոր իրաւունքներու պաշտպանութեան խնդիրներու լուծումով: Սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացը պէտք է սկսի խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութենէն ետք` յստակ քարտէսներով:

Երրորդը` պէտք է պատրաստէ արտահերթ կամ հերթական ընտրութիւններ` ազատ եւ թափանցիկ ընտրութիւններու երաշխաւորը ըլլալով` առանց յաւակնելու մասնակցիլ այդ ընտրութիւններուն», անցումային կառավարութեան օրակարգը ներկայացուց Բագրատ սրբազանը:

Բագրատ սրբազանը նաեւ յայտարարեց, որ վեհափառ հայրապետէն խնդրած է իր 30-ամեայ հոգեւոր ծառայութիւնը սառեցնել:

Ան նշեց, որ նկատի ունենալով լայն շրջանակներու` վարչապետի թեկնածու ըլլալու առնչութեամբ իր թեկնածութիւնը առաջադրելը, վեհափառ հայրապետի եւ հոգեւոր եղբայրներու հետ քննարկումներուն հիման վրայ նշուած է, որ իր հոգեւոր հանգամանքին հետ չի կրնար համատեղել վարչապետի թեկնածութիւնը:

«Սրբազան վարչապետ», վանկարկեց ժողովուրդը:

Ապա Բագրատ սրբազանը կոչ ուղղեց Փաշինեանին. «Նիկո՛լ Փաշինեան, մենք չենք ուզեր, որ քու քաղաքական խումբդ բաժնուի եւ պառակտուի, մարդը տրամադրենք մարդուն, հայը` հայուն դէմ` անոր հետեւանքով քու խումբդ եւ անոր իւրաքանչիւր ներկայացուցիչը տանելով քաղաքական, արժէքային եւ բարոյական անդառնալի կործանման` ներկայ եւ ապագայ սերունդներու նզովքին ենթակայ: Հրաժարական տուր: Սա վերջին կարելիութիւնն է` քաղաքակիրթ ճամբով հեռանալու, եւ քու վերջին կարելիութիւնդ, որուն համար շատ ժամանակ չունիս»:

Բագրատ սրբազանը անդրադարձաւ նաեւ իր` վարչապետի թեկնածու դառնալու իրաւական գործընթացին: Ան ըսաւ, որ ինք չէ թաքցուցած եւ ըսած է, որ երկքաղաքացիութիւն ունի, իսկ օրէնքը կը սահմանափակէ երկքաղաքացիներուն վարչապետ դառնալը:

«Հետեւաբար, մենք պիտի գործենք օրէնքի եւ Սահմանադրութեան պահանջներով եւ իրաւական դաշտին մէջ բոլոր կարելի միջոցներով», ըսաւ ան:

Սրբազանը առաջարկեց երթով կառավարական ամարանոց երթալ, եւ եթէ Փաշինեանը չկատարէ հրաժարականի պահանջը, երկուշաբթիէն սկսեալ ժողովուրդին կողմէ գործողութիւններ պիտի սկսին:

«Այս վայրկեանէն կ՛ուզեմ ըսել, որ եթէ մեր պահանջները չիրականանան, վաղը` առաւօտեան ժամը 8:00-էն, անհնազանդութեան, բողոքի գործողութիւններով, իւրաքանչիւրիս պատասխանատուութեամբ պիտի ստիպենք հաշուի նստիլ ժողովուրդի իշխանութեան պահանջին հետ: Անհնազանդութեան, բողոքի խաղաղ գործողութիւններով պիտի ստիպենք ընդունիլ ժողովուրդին պահանջը: Աշխատանքէ ազատ պիտի կացուցենք այն մարդիկը` իրենց ղեկավարով հանդերձ, որոնք մինչեւ այսօր կեղեքած են մեր մտաւոր ու ֆիզիքական կեանքը», յայտարարեց Բագրատ սրբազանը:

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն. Այսօր Մեր Տօնն Է

Յաջորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան 106-Ամեակի Եւ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Անուանակոչութեան Նշում Անթիլիասի Մէջ

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Թրամփ. «Եթէ Իրանի Դէմ Զինուորական  Միջամտութեան Մը Կարիքը Զգացուի Պիտի Միջամտենք,  Եւ Իսրայէլ Անոր Պիտի Մասնակցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Խրիմին Վերատիրացում Եւ Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութիւն Տեղի Պիտի Չունենայ»

Օգոստոս 19, 2025
Ռուսիա Դարձեալ Հարուածած Է Օտեսայի Մէջ  Ազրպէյճանական ՍՈՔԱՐ-ի Կառոյցները
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիա Դարձեալ Հարուածած Է Օտեսայի Մէջ Ազրպէյճանական ՍՈՔԱՐ-ի Կառոյցները

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?