Սահմանազատուած Կիրանցի մէջ բնակիչները կ՛այրեն իրենց գոյքն ու հողամասը այն հատուածին մէջ, որ պիտի անցնի Ազրպէյճանին:
Գիւղացիներէն մէկը փորձեց այրել իրեն պատկանող հողատարածքին մէկ կտորը այն հատուածին մէջ, որ սահմանազատման պատճառով կ՛անցնի ազրպէյճանական կողմին:
Այլ քաղաքացի մը, որ, գիւղացիներուն համաձայն, իրաւապահ համակարգի ներկայացուցիչ է, փորձեց արգիլել: Սկսաւ հրմշտուք, ոստիկանները միջամտեցին ու հանդարտեցուցին:
Այլ գիւղացիի մը, որ ունեցուածքը կը քանդէր, փորձեց խանգարել ոստիկանութեան գնդապետ Արթուր Մկրտչեան:
Իրավիճակը գիւղին մէջ լարուեցաւ, երբ տեղեկութիւն տարածուեցաւ այն մասին, որ գոյք կորսնցնող գիւղացիներուն, մասնաւորաբար վակոն-խանութի սեփականատիրոջ յորդորած են ազատել տարածքը, իրերը դուրս հանել: Սեփականատէր Ռուդիկ Աւալեան ըսաւ, որ իրեն աւելի երկար ժամկէտ տուած էին:
Աւելի ուշ պարզ դարձաւ, որ մէկ ամիս կայ` այդ գոյքերը պարպելու, դուրս գալու, ինչպէս նաեւ մէկ ամիս պիտի օգտագործուի Կիրանց տանող ճամբան: Իսկ մինչ այդ գիւղացիները պէտք է դուրս գան իրենց ինչքերէն:
«Ազատութիւն»-ը կրցաւ նաեւ ծանօթանալ «Գոյքի դիմաց փոխհատուցում» դիմումին, զոր գոյք կորսնցնող կիրանցիները պէտք է ներկայացնեն կառավարութեան:
Այս դիմումով բնակիչները կը խնդրեն գոյքի դիմաց փոխհատուցում տրամադրել եւ կը հաստատեն, որ փոխհատուցում ստանալէ ետք կը հրաժարին գոյքի նկատմամբ իրենց իրաւունքներէն ու կը լիազօրեն Տաւուշի մարզպետի աշխատակազմը` դիմել կալուածներու արձանագրութեան կոմիտէին` գոյքի նկատմամբ իրենց իրաւունքները դադրեցնելու համար:
Ցարդ կառավարութենէն ոչինչ կ՛ըսեն փոխհատուցման մասին: Առայժմ նաեւ յայտնի չէ, թէ քանի՛ հողակտոր պիտի անցնի սահմանին միւս կողմը: Գիւղացիները աւելի կանուխ «Ազատութեան» ըսած էին, որ ընդհանուր առմամբ 54 հողակտոր սահմանազատման պատճառով պիտի անցնի Ազրպէյճանին, եւ անոնք կը պատկանին 30 բնակիչներու:
Զուգահեռ, 5-րդ օրն ըլլալով փակ է Կիրանց տանող ճամբան: Կը շարունակուին այլընտրանքային շրջանցիկ ճամբու շինարարութեան աշխատանքները:
Այստեղ տեսանելի հատուածին մէջ 23 մայիսին աւելցաւ սահմանապահներուն թիւը, անոնք հերթապահութիւն կը կատարեն: Յայտնենք, որ Կիրանցի գիւղապետը ըսած էր, որ սահմանազատման հետեւանքով Ազրպէյճանին կ՛անցնին 2 տուներ, 3 վակոն-տնակ, մէկ կազալցակայան, 5-6 տուն ալ կամուրջի յանձնման պատճառով պիտի ունենան ապահովական հարցեր:


