Վարչապետ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով փողոց դուրս եկած Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ արք. Գալստանեանը երէկ խոստացաւ կիրակի օր սպասուող հանրահաւաքին փակագիծեր բանալ:
«Պիտի իմանան, թէ ո՛վ է վարչապետի թեկնածուն, պիտի իմանան, թէ ի՛նչ ծրագիր կայ, պիտի իմանան, թէ ինչպէ՛ս յառաջ պիտի երթանք, ինչպէ՛ս իշխանութիւնը պիտի փոխանցուի», «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հարցումին ի պատասխան ըսաւ ան:
Բագրատ արք. Գալստանեանը, որ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով շարժումին սկսած էր 9 մայիսէն, ըսաւ, որ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումը պայքարի երրորդ փուլը կը թեւակոխէ: Իսկ ի՞նչ կ՛ենթադրէ այդ փուլը` մասնագիտական խումբերու հետ հանդիպումներու շարունակութի՞ւն, թէ՞ որոշակի քայլեր կառավարութեան հրաժարականին հասնելու համար: «Գործողութիւնները, նոր թեկնածուները, հին թեկնածուները, բոլորը երրորդ փուլին մաս կը կազմեն: Ինչ ճամբով որ ընթացքը երթայ, ամսուն 26-ին մանրամասն պիտի խօսուի ատոր մասին, ինչո՞ւ կ՛ուզէք, որ 3-4 օր առաջ ըսեմ, որ մարդիկ ալ պատրաստուին», նշեց ան:
Տաւուշի թեմի առաջնորդը վստահեցուց, որ հաւանական բոլոր տարբերակները կը քննարկուին` պատգամաւորներու լիազօրագիրներէն հրաժարիլը, վարչապետին անվստահութիւն յայտնելը. «Մենք ունինք քայլերու յաջորդականութիւն եւ ռազմավարութիւն, որոնք զուգահեռ կ՛ընթանան», ընդգծեց Բագրատ սրբազան, որ երէկ հանդիպում ունեցաւ մեծ թիւով հայրենադարձներու հետ: