Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիզպոնի Գործողութեան 41-Ամեակի Նշում Երեւանի Մէջ

Յուլիս 29, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յուլիս 27-ին Արամ Մանուկեանի յուշարձանին դիմաց ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութիւնը կազմակերպեց ոգեկոչման ձեռնարկ` նուիրուած Լիզպոնի գործողութեան 5 հերոսներուն` Վաչէ Տաղլեանին, Սեդրակ Աճէմեանին, Սիմոն Եահնիեանին, Արա Քրճըլեանին եւ Սարգիս Աբրահամեանին անձնազոհութեան 41-րդ տարելիցին:

ՀՅԴ ՀԵՄ Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Սեւակ Նազարեան անդրադարձաւ Լիզպոնի գործողութեան կարեւորութեան, անոր պարունակած խորհուրդին եւ ներկայ սերունդին փոխանցած պատգամին: Ան շեշտեց, որ 41 տարի առաջ Լիզպոնի մէջ կատարուած գործողութիւն տուեալ ժամանակաշրջանին մէջ իր տեսակով եղաւ բացառիկ եւ կրցաւ շրջադարձային կշիռ ունենալ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ: Անկէ ետք եւ մինչեւ օրս սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ կ՛ոգեկոչուի նուիրեալ հինգ տղոց յիշատակը, նոյնիսկ մտաւորականներ Հայաստանի մէջ անդրադարձած են անոնց ներկայացուցած արժէքին:

Ս. Նազարեանի դիտել տուաւ, որ զինեալ պայքարի պատմութեան մէջ Լիզպոնի գործողութիւնը ունի իր ինքնուրոյնութիւնը, որովհետեւ մարմնաւորումը եղաւ զոհաբերութեան գագաթնակէտին, երբ Հայաստանը չտեսած, սակայն իրենց ստացած դաստիարակութեամբ Հայաստանով ապրած 5 հայ երիտասարդներ իրենց ամէնէն թանկագին կեանքը նուիրեցին հայութեան եւ Հայ դատին: Ան շեշտեց, որ նոյն այդ զոհաբերութեան ոգին է, որ երիտասարդներ առաջնորդեց Արցախ` ազատագրելու զայն, պայքարելու սուրբ հողին համար:

ՀԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչը անդրադարձաւ մերօրեայ կեանքին ու պայմաններուն` դիտել տալով, որ այսօր եւս մեծ թիւով երիտասարդներ` Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքի, կը ներշնչուին ու ազգային դաստիարակութիւն կը ստանան Լիզպոնի հերոսներու գաղափարներէն ու գործած արարքէն: Ան շեշտեց, որ իւրաքանչիւր ժամանակաշրջան ունի իր պայքարի ձեւերը, այսօր եւս երիտասարդութիւնը կոչուած է ամէնէն լաւ ու ճիշդ ձեւը գտնելու, որպէսզի արժանի ժառանգորդները ըլլայ նուիրեալ բազմաթիւ հայորդիներու, յատկապէս Լիզպոնի տղոց, որոնց գաղափարներով պէտք է զօրանալ եւ շարունակել անոնց ուղին` մնալով պահանջատէր, հաւատարիմ հայութեան եւ Հայ դատին:

Ձեռնարկին ընթացքին հնչեց Լիզպոնի գործողութեան նահատակ տղոց յիշատակի` «Ահա այսպէս արշաւեցիք, Լիզպոն զոհուած լաւ ընկերներ» երգը, ապա ցուցադրուեցաւ Լիզպոնի գործողութիւնը ներկայացնող տեսերիզ:

Նշենք, որ նոյն օրը առաւօտեան Սուրբ Աննա եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` ի յիշատակ Լիզպոնի հերոսներուն:

 

 

Նախորդը

Երեւան Տակաւին Չէ Կողմնորոշուած «3+3» Ձեւաչափով Հանդիպումին Մասնակցելու Գծով

Յաջորդը

Հայերուն Միայն 13 Տոկոսը Կ՛աջակցի Փաշինեանին. Ան Կորսնցուցած Է Իր Մանդատը. Անհրաժեշտ Են Նոր Ընտրութիւններ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?