Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլի Նախարարաց Սեղմ Խորհուրդը Հըզպալլային Հակադարձելու Որոշում Տալու Համար Լիազօրեց Նեթանիահուն Եւ Կալանթը

July 30, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի նախարարաց սեղմ խորհուրդը իր երեք ժամ տեւած նիստի ընթացքին վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն եւ պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթը լիազօրեց Լիբանանի մէջ իսրայէլեան հակադարձութեան որոշումը տալու:

«Ռաշա Թուտէյ» հաղորդեց, որ Իսրայէլի ելեւմուտքի նախարար Պեցալել Սմոթրիչ եւ Ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար Պեն Ղաֆիր քուէարկութեան ընթացքին ձեռնպահ մնացած են:

Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ նախարարաց սեղմ խորհուրդը ճշդած է այն թիրախը, որ Լիբանանի մէջ յարձակումի պիտի ենթարկուի, «եւ նախատեսութիւններուն համաձայն, այդ յարձակումը պիտի ըլլայ սահմանափակ, սակայն ուժեղ ազդեցութեամբ»:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանը նախքան այդ հաւանական նկատած էր հակադարձութեան երեք բեմագրութիւններ:

Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը նշեց. «Մաժտալ Շամսի յարձակումին Իսրայէլի պատասխանին ուշացումը կրնայ մեծցնել Հըզպալլայի բարձրագոյն ղեկավարներու ահաբեկումներու շարքի մը իրականացման հաւանականութիւնը»: Լաւատեղեակ աղբիւր մը «Նաշրա»-ին յայտնեց. «Կոլանի դէպքէն ետք, Լիբանանը հարուածելու առումով Իսրայէլի ձգձգումը կը հաստատէ, որ ան չ՛ուզեր ընդլայնել պատերազմը եւ կ՛որոնէ զինուորական թիրախ մը, որ պատերազմի ընդլայնման կամ զայն գոյութիւն ունեցող կանոններէն դուրս բերելու չի յանգեցներ»:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ յայտնած է. «Հըզպալլան գին մը պիտի վճարէ, եւ պիտի չխօսինք, այլ պիտի ձգենք, որ գործերը խօսին»:

Ամերիկացի եւ իսրայէլացի պաշտօնատարներ «Աքսիոս» կայքին յայտնած են, թէ Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ համապարփակ պատերազմ մը կրնայ շրջանային պատերազմի յանգեցնել:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն զգուշացուցած է Իսրայէլը, թէ կացութիւնը կրնայ վերահսկողութենէ դուրս գալ, եթէ Պէյրութի մէջ Հըզպալլայի թիրախներ հարուածէ:

Իսրայէլացի պաշտօնատար մը «Աքսիոս»-ին յայտնած է, որ Պայտընի աւագ խորհրդականը Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարին յայտնած է, որ Իսրայէլ իրաւունք ունի ինքզինք պաշտպանելու, սակայն առանց ամբողջական մագլցումի: Իսրայէլացի պաշտօնատարը հաւանական նկատած է, որ Հըզպալլայի հետ մագլցումը Կազայի շուրջ բանակցութիւններու սառեցման յանգեցնէ:

Ամերիկացի պաշտօնատար մը նոյնպէս «Աքսիոս»-ին յայտնած է. «Մենք կը կարծենք, որ իսրայէլեան բանակին կողմէ Պէյրութը հարուածելը Հըզպալլայի համար հաւանական կարմիր գիծ է, եւ ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայնը իր մտահոգութիւնը յայտնած է Հըզպալլայի կողմէ Իսրայէլի վրայ հեռահաս հրթիռներու արձակման առնչութեամբ, եթէ Պէյրութը հարուածուի:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Իսրայէլի նախագահին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին «Կոլանի մէջ հրթիռային յարձակումէն ետք տագնապին մագլցումը արգիլելու կարեւորութիւնը հաստատած է»:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը հաղորդեց, որ Մաժտալ Շամսի զոհերու կարգ մը ընտանիքներու ներկայացուցիչները մերժած են հանդիպում ունենալ Նեթանիահուի հետ, որ փորձած է այդպիսի հանդիպում մը կազմակերպել:

«Արապի Փոսթ» հաղորդեց, որ Իսրայէլի վարչապետը երէկ այցելած է Մաժտալ Շամսի մէջ հրթիռին ինկած վայրը, սակայն գիւղացիները փորձած են վտարել զինք բացագանչելով. «Հեռացի՛ր, քու ներկայութիւնդ ողջունելի չէ»:

Սպիտակ տունը յայտարարեց, որ «ոչ ոք համապարփակ պատերազմ կ՛ուզէ, եւ Միացեալ Նահանգներ վստահ են այդպիսի զարգացում մը կանխարգիլելու իրենց կարողութենէն»` աւելցնելով. «Վստահ ենք, որ պիտի խուսափինք Հըզպալլայի եւ Իսրայէլի միջեւ լայնածաւալ պատերազմէն»:

Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբեր Ճոն Քըրպի իր կարգին յայտնեց. «Կը կարծենք, որ Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ մագլցումին դիւանագիտական լուծում գտնելու տակաւին ժամանակ ու տարածք կայ, եւ Հըզպալլայի եւ Իսրայէլի միջեւ բաց պատերազմին մասին խօսակցութիւնները չափազանցուած են»:

Ան ըսաւ, որ Իսրայէլ ամէն իրաւունք ունի «Հըզպալլայի յարձակումին հակադարձելու», սակայն նշեց. «Մենք չենք կարծեր, որ Հըզպալլայի յարձակումը պէտք է մագլցումի յանգեցնէ»:

Նախորդը

Պու Հապիպ. «Առնչակից Երկիրներէ Հաւաստիացումներ Ստացանք, Թէ Իսրայէլեան Հակադարձութիւնը Պիտի Ըլլայ Սահմանափակ, Այդպէս Պիտի Ըլլայ Նաեւ Հըզպալլայի Հակադարձութիւնը»

Յաջորդը

Յունաստան Պատմական Կը Նկատէ Հայաստանի Վերաբերեալ Եւրոպական Միութեան Որոշումը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.