Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Սահմանափակումին Եւ Համապարփակումին Արանքին Անգարայի Ինքնախոստովանութիւնը

Յուլիս 30, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կոլանի ուղղութեամբ իրականացած հրթիռակոծումը ստեղծեց անվտանգային լարուած եւ սուր իրավիճակ: Իսրայէլը շտապեց մեղադրելու Հըզպալլան` հիմնաւորելով իր մեղադրանքը հրթիռներու իրանեան արտադրատեսակ ըլլալով: Հըզպալլայի հերքումը նոյն արագութեամբ էր: Ուշագրաւը այն էր, որ հարուածուած բնակչութիւնը` Կոլանի տիւրզիները չընդունեցին իսրայէլեան մօտեցումները եւ նոյնիսկ իրենց բողոքը արտայայտեցին` մերժելով իսրայէլացի պաշտօնատարներուն մասնակցութիւնը զոհերու յուղարկաւորութեան:

Այս բոլորը տեղի կ՛ունենային Իսրայէլի վարչապետին Ուաշինկթըն գտնուած ըլլալու միջոցին, Միացեալ Նահանգներու քաղաքական հանդիպումներէն անմիջապէս ետք: Ուաշինկթըն միաժամանակ թէ՛ կը զօրակցէր Իսրայէլի ինքնապաշտպանուելու իրաւունքին, թէ՛ կը յորդորէր ռազմական բախումները չտարածել: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը  ուղղակի կը յայտնէր, որ իր երկիրը Կոլանի վրայ յարձակումէն ետք մագլցում չ՛ուզեր:

Ամերիկացի պաշտօնատարներու յայտարարութիւններուն մէջ կան որոշ տարբերութիւններ: Եթէ Պլինքըն մագլցումի դէմ կը խօսի, ապա Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբերը կը բաւարարուի յարձակումը դատապարտելով` առանց ուղղակի հասցէագրում կատարելու: Մինչ, ամերիկացի այլ պաշտօնատարներ կը յայտնէին, որ ամերիկեան վարչակազմը շատ մտահոգ է, որ Կոլանի յարձակումէն ետք իրադրութիւնները կրնան վերածուիլ Իսրայէլ-Հըզպալլա համապարփակ պատերազմի:

Նոյն պարունակին մէջ կ՛ընդգծուէր այն, որ այս յարձակումը կրնայ ըլլալ այն կայծը, որմէ 10 ամիսներէ ի վեր կը խուսափէին:

Համապարփակ պատերազմի նշումը կամ խուսափուած կայծի բռնկումի հաւանականութեան մասին ակնարկ կատարելը ամերիկացի թիւ մէկ դիւանագէտի յորդորին համապատասխան չեն: Յամենայն դէպս ներկայ պահու դրութեամբ այդ հաւանականութիւններուն մասին ակնարկ ընելը զգուշացումի դեր կրնայ ունեցած ըլլալ:

Իրանի արձագանգը նման խառն ուղերձներ չի պարփակեր: Իրան պարզապէս կը զգուշացնէ Լիբանանի դէմ իսրայէլեան արկածախնդրութենէ: Խիստ ամբաստանութիւններով յագեցած պաշտօնական յայտարարութիւններուն միտք բանին այն է, որ Իսրայէլը նման բեմագրութիւններով փորձ կը կատարէ միջազգային ընտանիքի ուշադրութիւնը շեղել ցեղասպանական իր արարքներէն: Պատերազմի ընդլայնման որեւէ սխալի պարագային պաշտօնական Թեհրանը կը խոստանայ չսպասուած հակազդեցութիւններ:

Իսրայէլի բանաձեւը հիմա սահմանափակ, բայց ուժգին հակահարուածն է: Իրադրութիւնները կը թուի, որ այնպէս կ՛ընթանան, որ ռազմախաղի կանոնները խախտած Իսրայէլ-Իրան անօդաչու սարքերով ուղիղ փոխհարուածները թէեւ փոխեցին պատերազմի աշխարհագրութիւնը, այնուամենայնիւ մնացին սահմանափակ: Հիմա եւս աշխարհագրութիւն կը փոխուի. միաժամանակ գլխաւոր կողմերը մագլցում չեն ցանկար` անուղղակիօրէն փոխանցելով, որ կայ տակաւին հասկացողութիւն գործողութիւններու սահմանափակումին:

Եւս մէկ ուշագրաւ արձագանգի նկատմամբ պէտք է դիտարկում արձանագրէ հայկական ոսպնեակը: Խօսքը կը վերաբերի Թուրքիոյ նախագահի յայտարարութեան, թէ ինչպէս որ իր երկիրը մտաւ Ղարաբաղ եւ Լիպիա, այնպէս ալ կը մտնէ Իսրայէլ:

Պահ մը շրջանցենք հռետորաբանական պատերազմը Անգարայի եւ Թել Աւիւի միջեւ, իրար ցեղասպանական պետութիւն համարելը կամ Հիթլեր-Սատտամ փոխպիտակաւորումները եւ կեդրոնանանք «Ղարաբաղ մտնելու» ինքնախոստովանութեան վրայ:

Պարզ եւ մեկին Թուրքիոյ նախագահը այս ձեւով կը յայտարարէ, որ Արցախի պատերազմին մասնակցած է Թուրքիան, եւ իր բանակները մտած են Հարաւային Կովկաս, այս պարագային` Արցախ: Խօսքը Աղտամի խաղաղապահ առաքելութեան մէկ հատուածին մասին չէ: Ռուս-թրքական խաղաղապահ միացեալ առաքելութիւնը աւարտած է: Աւելի հեռուն գացող ակնարկը Թուրքիոյ կողմէ ղեկավարուած թուրքեւազրպէյճանական միացեալ ուժերու մասին է: Համեմատութիւնը Լիպիոյ հետ եւս համոզել կու տայ, որ պատկերացումը զինեալ ուժերու մասին է, տեղւոյն բնակչութիւնը, այս պարագային պաղեստինցիները պաշտպանելու համար:

Էրտողանի այս ինքնախոստովանութիւնը կը բաժնէ Պաքուի հետ պատասխանատուութիւնը պատերազմի բոլոր հետեւանքներուն` Արցախի ամբողջական հայաթափումէն, ցեղային զտումէն մինչեւ բռնի տեղահանութիւն եւ ցեղասպանական արարքներ: Խնամքով անուշադրութեան մատնելով, որ Թուրքիան, Ազրպէյճանն ու Իսրայէլը նոյն խրամատին մէջ էին արցախեան պատերազմի ամբողջ ընթացքին: Պաշտօնական Երեւանէն կ՛ակնկալուէր արագ արձագանգում եւ միջազգային ատեաններուն մօտ այս հարցի բարձրացում:

 «Ա.»

Նախորդը

Այսօր Հայաստանի Հանրապետութիւն-Թուրքիա Սահմանին Վրայ Տեղի Պիտի Ունենայ Ռուբինեան-Քըլըչ Հանդիպումը

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (30 Յուլիս 2024)

RelatedPosts

Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 21, 2025
Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին Կողմէ Մալոյեանի Սրբադասման Եւ Պապի Լիբանան Այցելութեան Առիթներով Նամակ` Պապական Նուիրակին

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?